Արխիւ
Նոյեմբերի 16-19 թուականներուն «Արցախեան օրեր 2016»ի ծիրէն ներս Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած են զանազան ձեռնարկներ:
Չորս օրերուն ընթացքին տեղի պիտի ունենան քաղաքական եւ մշակութային շարք մը ձեռնարկներ:
Հայաստանի ճօճուող յուշասիւնը, որ յայտնի է նաեւ Գաւազան անուամբ, միջնադարեան ճարտարապետական եզակի կառոյց մըն է: Ան կառուցուած է 904 թուականին Տաթեւի վանական համալիրի բակին մէջ:
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնը երէկ նոր բռնութեան մը պատճառ դարձաւ՝ յարձակում մը գործելով Մարտինի Տերիք գաւառակի գաւառապետութեան շէնքին վրայ։ Ահաբեկչական այս հանդիպումը կատարուեցաւ հրթիռներով։ Յարձակման հետեւանքով գաւառապետ Մուհամմէտ Ֆաթիհ Սաֆիթիւրք եւ այլ երեք հոգի վիրաւորուեցան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Խորհա՞ծ էք երբեք, սիրելի ընթերցող բարեկամներ, եթէ մարդիկ չունենային ակնկալութիւններ, նպատակներ, կեանքը իմաստ մը կ՚ունենա՞ր, եւ թէ դիւրատար կ՚ըլլար. նեղութիւններ, դժուարութիւններ կարելի կ՚ըլլա՞ր յաղթահարել…։
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացէն ներս միշտ վերիվայրումներ ու պղտորութիւն:
Ըստ Եդուարդ Նալպանտեանի, յառաջիկայ ամսուան սկիզբին Համպուրկի մէջ նախատեսուած քննարկումներուն ձեւաչափը տակաւին յայտնի չէ:
Հենրիխ Մխիթարեան յանձնառու ոգիով հանդէս կու գայ ԻՒՆԻՍԷՖ-ի ծրագրերուն շրջագծով:
Ողիմպիական ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականին կողմէ:
ԱՄՆ-ի ընտրութիւններուն արդիւնքը կը բնորոշէ համայն աշխարհի օրակարգը:
Անգարա Տանըլտ Թրամփը շնորհաւորելու ժամանակ կրկնեց Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի արտայանձնման սպասումը:
Թուրքիոյ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի մահուան 78-րդ տարելիցն է այսօր։ Բովանդակ Թուրքիան Մեծն Աթաթիւրքը կ՚ոգեկոչէ՝ երախտագիտութեամբ եւ իր թողած աւանդին տէր կանգնելու գիտակցութեամբ։
TÜYAP-ի Պէյլիքտիւզիւի համալիրէն ներս այս շաբաթավերջին պիտի բացուի Իսթանպուլի 35-րդ գիրքի տօնավաճառը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Նոյեմբերի 20-ը։ Տօնավաճառին այս տարի եւս կը մասնակցի «Արաս» հրատարակչութիւնը, որու տաղաւարը պիտի գտնուի համալիրի երրորդ սրահէն ներս՝ 603 D։
Սիրոյ սեղանները ընթացքի մէջ՝ մեր վարժարաններու յարատեւութեան տեսլականով:
Համայնքային շրջանակները այս շաբաթավերջին պիտի համախմբուին Ս. Խաչ դպրեվանքի համար:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Բառերու սէրը... բառեր կան, որոնք սիրելի են եղած. բայց պէտք է ըսել, որ գրեթէ ամէն բառ սիրելի է, նայած ե՞րբ, ո՞ւր, ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ, որո՞ւն եւ ո՞ւր կը գործածենք զայն:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Աւել, աւե՜լ, մեծ ու փոքր աւելնե՜ր…
Կրկներգի պէս, յատուկ երաժշտութեամբ մը կը կրկնէ նոր վարձած տանս պատշգամին տակէն ամէն օր անցնող այս շրջուն վաճառականը:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան կաճառի տնօրէնը Պոլիսէն Երեւան վերադարձին իր տպաւորութիւնները բաժնեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին հետ:
Ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան. «Ինծի համար հետաքրքրական երեւոյթ էր՝ Հրանդ Տինքի անուամբ կոչուած հայաստանցի երախաներուն դպրոցը»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ էակը, որպէս խորհող արարած, դարերու ընթացքին, միշտ գիտնալ ուզած է իր գոյութեան իմաստը եւ արժէքը։ Արդարեւ, կեանքի որեւէ շրջանին մէջ, մարդ կը հարցնէ ինքն իրեն սա հարցումը. «Ի՞նչ է մարդը»։
Կիպրական հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւնները կը շարունակուին Զուիցերիոյ մէջ։ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան Նախագահ Մուսթաֆա Աքընճը եւ Յունական Կիպրոսի ղեկավար Անաստասիատիս աշխատանք կը տանին հիմնախնդրին լուծում մը գտնելու առաջադրութեամբ։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Ապու Տապիի մէջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ՝ դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ ձեռնարկած պաշտօնական այցելութեան շրջագծով։ Ան տեսակցեցաւ Ապու Տապիի Էմիրութեան թագաժառանգ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու զինեալ ուժերու գլխաւոր հրամանատարի տեղակալ Շէյխ Մուհամմէտ Պին Զայիտ Էլ Նահեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը հրապարակած է արդիւնքները այն ուսումնասիրութեան, որուն համաձայն, մոլորակի տասը բնակիչներէն ինն կ՚ապրի խիստ ապականած օդով շրջաններու մէջ: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կը նախազգուշացնէ այդ մարզին մէջ տիրող «արտակարգ դրութենէն», կը հաղորդէ «Արմէնփրէս» լրատու գործակալութիւնը:
«WTM 2016» զբօսաշրջային ցուցահանդէսին շրջագծով Հայաստանի տաղաւար:
Լոնտոնի մէջ լայնօրէն ծանօթացուեցան երկրի հնարաւորութիւններն ու մեծ ներուժը:
Երէկ, Երեւանի մէջ հիմնանորոգութեան երկարատեւ աշխատանքներէ վերջ վերաբացուեցաւ Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանը։ Ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ մեծանուն նկարիչի հերթական անգամ խոր երախտագիտութեամբ վերյիշման։
Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցաւ «Փրոֆ. Ռ. Եոլեան» արիւնաբանական կեդրոնը, որ կը գործէ Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայութեամբ։ Բացման արարողութեան պատուոյ հիւրերն էին Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան։