Արխիւ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2016

Ըստ ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարարին, առաջնորդները պատրաստ չեն հիմնախնդրի կարգաւորման:
Ճոն Քերիի համոզմամբ, տակաւին պայմաններ չեն ստեղծուած Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման համար:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2016

Հռո­մէա­կան Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղեց­ւոյ Քա­հա­նա­յա­պետ Տ.Տ. Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պը այս շա­բա­թա­վեր­ջին կը գտնուի Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի մէջ։ Ծա­նօթ է, որ ան ամ­րան սկիզ­բին այ­ցե­լած էր Հա­յաս­տան եւ տա­կա­ւին այդ շրջա­նին յայ­տա­րա­րուած էր նաեւ իր ներ­կայ ու­ղե­ւո­րու­թեան մա­սին՝ դէ­պի Վրաս­տան եւ Ատր­պէյ­ճան։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2016

Հալէպի երէկուան դէպքերուն ընթացքին հայաբնակ թաղամասեր ենթարկուեցան սաստիկ յարձակումներու:
5 հայեր զոհուեցան, 11 վիրաւոր:
Երեւանի ղեկավարութիւնը յայտնեց խոր մտահոգութիւն: Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրահանգով:
Մօտ օրէն Հայաստանէն երկու օդանաւով մարդասիրական օժանդակութիւն պիտի փոխադրուի Սուրիա:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2016

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Մեր տան մօտ նպա­րա­տուն մը կար, որ մօտ եր­կու տա­րիէ ի վեր փա­կուած է՝ ի՜նչ, ի՜նչ պատ­ճառ­նե­րո­վ չենք գի­տե­ր։ Հո­ղի­ն տէ­րը բնա­կա­նա­բար կ՚ու­զէ շէն­քը վար­ձու տալ ու­րի­շի մը, սա­կայն կաշ­կան­դուած է պե­տա­կան ա­նուղ­ղա­կի ճնշում­նե­րո­վ։ Հի­մա թոյլ տուէք բա­ցատ­րե­մ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2016

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Սեպ­տեմ­բեր 28-ին լրա­ցաւ մա­հո­ւան 69-րդ տա­րե­լի­ցը հայ մշա­կոյ­թի ճա­նաչ­ման, պահ­պան­ման ու զար­գաց­ման բա­նա­սի­րա­կան մեծ գոր­ծին եւ ազ­գա­յին նո­ւիրա­կան ծա­ռա­յու­թեան մար­զին մէջ հսկա­յա­կան եւ մե­ծար­ժէք ա­ւան­դի տէր ­Գա­րե­գին ­Լե­ւո­նեա­նի (1872-1947)։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հա­լէ­պի պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թեան ու ա­նոր դե­րին մա­սին շատ գրուած է: Մենք՝ հա­յերս կը հա­ւա­տա­յինք, ու դեռ ալ կը հա­ւա­տանք, որ Հա­լէ­պը մե­զի հա­մար միայն կա­րե­ւոր տեղ մը ու­նի:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2016

Այ­սօր Աշ­տա­րա­կի մէջ տեղի պիտի ունե­նայ «Պո­պո­կի մրցոյթ-փա­ռա­տօն»ը։ Պո­պո­կի (ըն­կոյզ) փա­ռա­տօ­նը-մրցոյթը կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի չոր­րորդ տա­րին ըլ­լա­լով՝ հայ­րե­նա­դարձ գոր­ծա­րար­ներ Պաղ­տա­տեան եղ­բայր­նե­րուն նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, Աշ­տա­րա­կի «Պաս­կալ եւ Դիո­դա­տո» սրճա­րա­նին մէջ, Կարմ­րա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ հա­րե­ւա­նու­թեամբ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2016

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ա­նուն»ը կ՚ար­տա­յայ­տէ ան­ձին ինք­նու­թիւ­նը եւ էու­թիւ­նը, եւ ա­նոր կեան­քին ի­մաս­տը։
Աս­տուած ալ, այս ի­մաս­տով ու­նի ա­նո՛ւն մը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2016

Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը բա­ցուե­ցաւ Մխի­թար Աբ­բա­հօր ի յի­շա­տակ պատ­րաս­տուած ցու­ցա­տախ­տակ մը, որ զե­տե­ղուե­ցաւ դպրո­ցի շէն­քի մուտ­քը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2016

Սկիւ­տա­րի գե­րեզ­մա­նա­տան Ս. Խաչ թա­ղա­մա­սէն ներս վա­ղը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ար­քու­նի ճար­տա­րա­պե­տաց Պա­լեան գեր­դաս­տա­նի ան­դամ­նե­րուն նո­րա­կերտ յու­շար­ձան-դամ­բա­րա­նին պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը։ Այս շի­րի­մը կա­ռու­ցուած է Հրաչ եւ Յա­կոբ Քըր­մը­զեան եղ­բայր­նե­րու բա­րե­րա­րու­թեամբ, ի յի­շա­տակ ի­րենց հո­գե­լոյս ծնո­ղաց՝ Շնոր­հիկ եւ Վահ­րամ Քըր­մը­զեան­նե­րու, ո­րոնք ան­ցեա­լի մէջ ե­ղած են Սկիւ­տա­րի բնա­կիչ­ներ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2016

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի հետ։ Անոնք անդ­րա­դար­ձան Սու­րիոյ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն, եւ մա­նա­ւանդ Հա­լէ­պի կա­ցու­թիւ­նը ծայր աս­տի­ճան մտա­հո­գիչ դար­ձած է՝ բա­խում­նե­րու սաստ­կաց­ման հե­տե­ւան­քով։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2016

«Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը ներ­կա­յիս գրա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան տրա­մադ­րու­թեան տակ դրած է ե­զա­կի գործ մը, որ կը դա­սուի հայ­կա­կան գրա­կա­նու­թեան ա­մե­նա­յատ­կան­շա­կան եր­կե­րու շար­քին։ Լիզ­պո­նի «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի ա­ջակ­ցու­թեամբ լոյս տե­սած է Շա­հան Շահ­նու­րի «Նա­հան­ջը ա­ռանց եր­գի» վէ­պին թրքե­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2016

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Լաւագոյն ուսուցիչ 2016» մրցանակաբաշխութիւնը:
Վեհափառ Հայրապետը կրթական մշակները համեմատեց աւետարանական բարի սերմնացանի կերպարին հետ ու շեշտեց, որ անոնք իր մշտական աղօթքներուն մէջ են:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2016

«Կոմիտասը եւ միջնադարեան երաժշտական մշակոյթը» խորագրեալ գիտաժողով-փառատօնը ընթացքի մէջ:
Հաղբատի պատմական վանքէն ներս կազմակերպուած համերգը խոր տպաւորութիւն գործեց բոլորին վրայ:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մար­դիկ, ընդ­հան­րա­պէս, ար­տա­քի­նին, տես­նուա­ծին նա­յե­լով կու տան ի­րենց ո­րո­շում­նե­րը՝ ա­նոնց հա­մար կա­րե­ւո­րը ար­դիւնքն է եւ չեն հե­տաքրք­րուիր այդ «ար­դիւնք»ը ար­տադ­րող «պատ­ճառ»ով։ Զոր օ­րի­նակ՝ պտու­ղը կ՚ու­տեն, բայց այդ պտու­ղը հասց­նող ծա­ռին եւ ա­նոր ար­մատ­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւն չեն ը­ներ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2016

Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դը ե­րէկ ժո­ղով մը գու­մա­րեց մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ։ Պեշ­թե­փէի պա­լա­տին մէջ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ գու­մա­րուե­ցաւ ժո­ղո­վը, որ տե­ւեց շուրջ վեց ժամ։ Սա խոր­հուր­դի երկ­րորդ ժո­ղովն էր՝ 15 Յու­լի­սի զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձէն վերջ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2016

Երեւանի մէջ հայկական ազգագրական երգի ու պարի խանդավառ փառատօն. «Գութան 2016»:
«Մրրօ» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնած ծրագիրը բացուեցաւ մայրաքաղաքի կեդրոնի բացօթեայ երեկոյթով:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2016

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեան Երեւան այցելութեան օրերուն շահեկան հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
«Այո՛, ժողովուրդը քիչ մը պարելու եւ զուարճանալու երաժշտութիւն կ՚ուզէ, բայց պէտք է մենք մեր բարձր արուեստը՝ մեր Կոմիտաս Վարդապետը, Սայաթ Նովան, Կարա Մուրզան, Գալանտերեանը պահենք, որպէսզի մեր մշակոյթը բարձր մնայ»:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2016

ՆԱ­ԶԱ­ՐԷԹ ՊԷՐ­ՊԷ­ՐԵԱՆ­

Սեպ­տեմ­բեր 26-ին հայ ժո­ղո­վուր­դը կը նշէ ծնուն­դը իր հան­ճա­րեղ զա­ւակ­նե­րէն ա­մե­նէն սրտա­մօ­տին՝ ­Հա­յու ­Հո­գին եր­գով ու ե­րաժշ­տու­թեամբ վեր­ծա­նած եւ աշ­խար­հով մէկ հնչե­ցու­ցած ան­զու­գա­կան, անկրկ­նե­լի՛ ­Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տին (Սողոմոն Սողոմոնեան, 1869-1935)։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2016

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

​Քսան­հին­գա­մեայ ան­կախ հայ­րե­նի­քը կը թնդայ իր ար­ծա­թեայ տա­րե­դար­ձը տօ­նե­լով: Ա­մէն տեղ կը ծա­ծա­նի ե­ռա­գոյ­նը, ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դը՝ մե­ծերն ու փոք­րե­րը փո­ղոցն են ու կ՚ուղ­ղուին Ե­րե­ւա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րակ: Ար­ծա­թեայ յո­բե­լեա­նը պի­տի տօ­նուի նախ զօ­րա­հան­դէ­սով, ո­րուն նա­խա­պատ­րաս­տա­կան փոր­ձե­րը տե­ղի ու­նե­ցան ամ­բողջ ան­ցեալ շաբ­թուան ըն­թաց­քին

Էջեր