Արխիւ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2016

Թեհ­րա­նի մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ Ի­րան-Հա­յաս­տան միջ­կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի 14-րդ նիս­տը։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թացքին հայ­կա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը գլխա­ւո­րեց Հա­յաս­տա­նի Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար Ա­շոտ Մա­նու­կեան։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2016

Իս­րա­յէ­լի Էյ­լաթ քա­ղա­քին մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Եւ­րո­պա­յի մին­չեւ քսան տա­րե­կան­նե­րու ծան­րա­բար­ձու­թեան ա­ռաջ­նու­թիւ­նը։ Հա­յաս­տա­նի նե­րկա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն Դա­ւիթ Յով­հան­նի­սեան այս մրցա­շար­քին ըն­թաց­քին դար­ձաւ ոս­կէ մե­տա­յլա­կիր։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2016

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորեց ՀԲԸՄ-ի հիմնադրութեան 110-ամեակը:
«Գործունէութիւնը անփոխարինելի է, որովհետեւ խումբ մը մարդիկ ճիշդ ժամանակին կարողացան գտնել ճիշդ ճանապարհը»:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2016

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Անգ­լիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Պո­րիս Ճան­սը­նի հետ։ Տե­սակ­ցու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Պրիւք­սէ­լի մէջ, ուր ա­նոնք կը գտնուէին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար ՆԱ­ԹՕ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ժո­ղո­վին։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2016

ՄԱԿ-ի մօտ ԱՄՆ-ի մշտական ներկայացուցիչին ուշագրաւ յայտարարութիւնները:
Սմենթա Փաուըր. «Էլի Վիզել ականատես եղաւ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման»:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2016

Թուրքիա եւ Ռուսաստան ունին թէ՛ ներուժ եւ թէ կամք՝ իրենց համագործակցութիւնը բոլոր ուղղութիւններով առաւել եւս զարգացնելու համար:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ Մոսկուայի մէջ տեսակցեցաւ Վլատիմիր Փութինի եւ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ՝ քննարկելով բազմակողմանի հարցեր:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2016

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇ­ԿԷ­ՐԵԱՆ

Քա­նի մը բա­րե­կամ­նե­րով, սրճա­րա­նը (coffee shop) նստած կը զրու­ցէինք սփիւռ-­­քա­հա­յու­թեան սպառ­նա­ցող վտանգնե­րու մա­սին։ Ա­մե­րի­կա­յի մէջ, օ­րի­նակ՝

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2016

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒ­ԿԱ­ՍԵԱՆ

2000 թուա­կա­նի Օգոս­տո­սին Թո­րոն­թո­յի Եորք հա­մալ­սա­րանն էի յա­տուկ ծրագ­րով մը, որ մէկ­տե­ղած էր Լա­տի­նա­կան Ա­մե­րի­կա­յի եր­կիր­նե­րէն ընտ­րուած 25 գի­տաշ­խա­տող­ներ եւ ա­կա­դե­մա­կան­ներ՝ միաս­նա­բար քննար­կե­լու հա­մար տա­րա­ծաշր­ջա­նի հիմ­նախն­դիր­նե­րը եր­րորդ հա­զա­րա­մեա­կին: Խում­բին մաս կը կազ­մէր Քու­պա­յէն գոր­ծըն­կեր մը՝ Սան­թիա­կօ ա­նու­նով, որ ու­շագ­րաւ էր իր ու­րախ տրա­մադ­րու­թեամբ եւ կա­տա­կա­բա­նու­թեամբ:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2016

Ա­տամ­նա­բոյժ Մկրտիչ Կիւ­լէ­զեան վեր­ջերս այ­ցե­լեց Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րան։ Ան հեր­թա­կան ան­գամ քննու­թեան են­թար­կեց ա­շա­կերտ­նե­րու ա­տամ­նե­րը։ Զգա­ցա­կան խոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նէր այս այ­ցը, ո­րով­հե­տեւ մաս­նա­գէտն ալ ան­ցեա­լի մէջ ե­ղած էր Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի սա­նե­րէն մին։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ Վրաց Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ Ա­խալ­քա­լա­քի եւ Քու­մուր­տո­յի Մետ­րա­պո­լիտ Նի­քո­լո­զի հետ։ Այս վերջ­նոյն ըն­կե­րա­ցաւ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Սամց­խէ-Ջա­ւախ­քի եւ Ծալ­կա­յի Ա­ռաջ­նոր­դա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Բաբ­գէն Վրդ. Սալ­բիեան։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ­կա­յին հո­գիին մէջ կան կարգ մը ժա­ռան­գա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­ներ, ներ­քին ան­հա­ւա­սա­րակ­շիռ խառ­նուածք, նկա­րա­գրի թե­րի­ներ, խան­գա­րում­ներ եւ ախ­տա­ւոր-հի­ւան­դա­գին բարդ ե­րե­ւոյթ­ներ, ո­րոնց հան­գոյ­ցը քա­կել եւ լու­ծել՝ կա­րող բժիշկ­նե­րու եւ հո­գե­բոյ­ժե­րու անկ է միշտ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2016

Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին խոր­հուր­դի հա­յաս­տա­նեան մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան Կլոր սե­ղան հիմ­նադ­րա­մի ծրա­գիր­նե­րէն ան­մասն չեն մնա­ցած նաեւ սու­րիա­հա­յե­րը: Ինչ­պէս «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ը­սած է հիմ­նադ­րա­մի ծրա­գիր­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու Կա­րի­նէ Պաղ­տա­սա­րեան, ի­րա­կա­նա­ցուած է «Հա­յաս­տա­նի մէջ փախս­տա­կան սու­րիա­հա­յե­րու կեն­սա­պայ­ման­նե­րու բա­րե­լա­ւում» ծրա­գի­րը, ո­րուն նպա­տակն է նպաս­տել Սու­րիա­յէն փախս­տա­կան ա­մե­նա­կա­րի­քա­ւոր ըն­տա­նիք­նե­րու տնտե­սա­կան ու ըն­կե­րա­յին պայ­ման­նե­րու բա­րե­լա­ւու­մին եւ հա­մար­կու­մին Հա­յաս­տա­նի մէջ:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Դա­նիոյ մէջ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին եւ Zulo service-ը, օժան­դա­կու­թեամբ Դա­նիոյ մօտ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նու­թեան, կը կազ­մա­կեր­պեն Նոր տա­րուան եւ Ս. Ծննդեան տօ­նե­րուն ըն­դա­ռաջ ձեռ­նարկ մը:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Թուր­քիա ե­րէկ ու­նե­ցաւ կա­րե­ւոր ձեռք­բե­րում մը՝ փոր­ձա­գի­տու­թեան բնա­գա­ւա­ռին մէջ։ Այս­պէս, անջր­պետ ու­ղար­կուե­ցաւ «Göktürk-1» ար­բա­նեա­կը։ Այս ձեռք­բե­րու­մը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ռազ­մա­վա­րա­կան մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Վիեն­նա­յի մէջ, ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Մի­ջու­կա­յին անվ­տան­գու­թեան հար­ցե­րով մի­ջազ­գա­յին նա­խա­րա­րա­կան հա­մա­ժո­ղո­վը։ Ա­թո­մա­յին ու­ժա­նիւ­թի մի­ջազ­գա­յին գոր­ծա­կա­լու­թեան կեդ­րո­նա­կա­յա­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հա­մա­ժո­ղո­վը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան 140 եր­կիր­նե­րէ բարձ­րաս­տի­ճան պա­տուի­րա­կու­թիւն­ներ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ այ­սօր շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Մոս­կուա­յի մէջ, ուր կը հիւ­րըն­կա­լուի ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան ան կ՚ըն­դու­նուի Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի եւ Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի կող­մէ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Հու­լու­սի Ա­քար Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­խա­րիս­խէն ներս հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Ճո­զըֆ Տան­ֆոր­տի հետ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, ե­րէկ Հու­լու­սի Ա­քար Ա­տա­նա­յի մէջ ու­նե­ցաւ շարք մը շփում­ներ, տեղ­ւոյն վրայ քննե­լով բա­նա­կի ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րուն կա­ցու­թիւ­նը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Հալէպի Ս. Գէորգ եւ Ս. Վարդանանց հայկական եկեղեցիները կը մնան կանգուն:
Հակառակ ծանր վիճակին ու ռմբակոծումներուն անոնք կը դիմադրեն բոլոր փորձութիւններուն:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Ա­նուշ Թրուանց կը տե­ղե­կաց­նէ Ե­րե­ւա­նէն.- 
ՀԲԸՄ-ի Երեւանի «Վահէ Կարապետեան» համալիրէն ներս բացման հանդիսաւոր արարողութիւն:
«Քլաուտիա Նազարեան» բժշկական կեդրոնը կ՚ընդգրկէ մասնագիտական բազմաթիւ բաժանմունքներ:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ի վերջոյ Սթրազպուրկ կը տեղափոխէ Թուրքիոյ դէմ անցեալ տարի բացած իր դատը:
Անթիլիասի ներկայացուցիչները վաղը Պրիւքսելի Մամլոյ ակումբի երդիքին տակ հանդէս պիտի գան մասնաւոր ասուլիսով մը՝ միջազգային մետիային եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն համար: Այս նախաձեռնութիւնը կը ներկայացուի որպէս պատմական քայլ՝ Սահմանադրական ատեանի մերժումէն ետք:

Էջեր