Արխիւ

Հինգշաբթի, Յունուար 7, 2016

Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հայրապետական պատգամը Ս. Ծննդեան տաղաւարին առթիւ։

Հինգշաբթի, Յունուար 7, 2016

Տէր Յիսուսի Հրաշափառ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մեծ շուքով նշեց տարուան առաջին տաղաւարը: Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ տուաւ իր աշխարհացրիւ հօտին ուղղեալ պատգամը: Ներկայ էր նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Հինգշաբթի, Յունուար 7, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Հո­գե­հան­գիստ», տա­րա­ցիօ­րէն կը նշա­նա­կէ՝ «ննջե­ցեա­լի հո­գի­նե­րու յա­ւի­տե­նա­կան հան­գիս­տին հա­մար ա­ղօթք, պա­տա­րագ»։ Ար­դա­րեւ «հո­գի» բա­ռը՝ բնիկ հըն-դեւ­րո­պա­կան «pouiio», «peu», «pau», փչել, հով հա­նել, ու­ռեց­նել, սու­լել եւ «հո­գի»ն ա­ւան­դել, ար­մա­տէն կու գայ։

Երեքշաբթի, Յունուար 5, 2016

Տ. ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Ա­հա կոյ­սը պի­տի յղա­նայ եւ որ­դի մը ծնի, եւ զայն պի­տի կո­չեն Էմ­մա­նուէլ, որ կը նշա­նա­կէ՝ Աս­տուած մե­զի հետ» (ՄԱՏԹ. Ա 23)։ Եւ Յի­սուս ծնաւ՝ մո՜ւթ էր, խա­ւա՜ր էր աշ­խարհ, եւ աշ­խար­հի խա­ւա­րը լու­սա­ւորուե­ցա՛ւ, քա­նի որ Աս­տուած մար­դա­ցաւ եւ Աս­տուած մե­զի հետ ե­ղաւ։

Երեքշաբթի, Յունուար 5, 2016

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ճրա­գա­լոյ­ցի ու­րա­խա­րար օրն է: Վա­ղը հա­մայն հա­յու­թիւ­նը կը տօ­նէ Սուրբ Ծննդեան եւ Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան տօ­նը, իսկ մինչ այդ, այ­սօր, նա­խա­տօ­նա­կի այս հրա­շա­լի ա­ռի­թով, կը հա­մախմ­բուի ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ՝ ներ­կայ ըլ­լա­լու Ճրա­գա­լոյ­ցի պա­տա­րա­գին:

Երեքշաբթի, Յունուար 5, 2016

ՅՈՎ­ՆԱՆ ԱՐ­ՔԵ­ՊԻՍ­ԿՈ­ՊՈՍ

Ո՜վ մա­նուկ Յի­սուս, շուա­րած հո­վիւ­նե­րուն նման` ան­թարթ աչ­քերս հա­մեստ մսու­րի մէջ ծուա­րած աս­տուա­ծա­յին ան­հու­նիդ սե­ւե­ռած եմ։

Երեքշաբթի, Յունուար 5, 2016

Ա­ՐԱՄ ԱՐ­ՔԵ­ՊԻՍ­ԿՈ­ՊՈՍ Ա­ԹԷ­ՇԵԱՆ

Հա­պա ան­ձը ու­նայ­նա­ցուց ծա­ռա­յի կեր­պա­րանք առ­նե­լով՝ մար­դոց նման ըլ­լա­լով եւ մար­դու կեր­պա­րան­քո­վը Ինք­զինք խո­նար­հե­ցուց։

(Փի­լի­պպե­ցիս. 2.7-8)

Երկուշաբթի, Յունուար 4, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ան­ցեալ տա­րուան վեր­ջին օ­րը Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ղա­լա­թիոյ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Յա­րու­թիւն Է­պէօղ­լուն եւ իր ըն­կեր­նե­րը։ Խում­բին միա­ցած էր նաեւ Տ. Զա­տիկ Վրդ. Պա­պի­կեան։

Երկուշաբթի, Յունուար 4, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ, Գում­գա­բուի Պէզ­ճեան սրա­հին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ Նոր տա­րուան ա­ւան­դա­կան խրախ­ճան­քը։ Պոլ­սա­հայ վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը այս առ­թիւ միաս­նա­բար ող­ջու­նե­ցին Կա­ղանդ պա­պու­կը, որ ի­րենց յանձ­նեց յու­շա­նուէր­ներ։

Երկուշաբթի, Յունուար 4, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մար­դուս կեան­քին մէջ ա­մե­նէն դժուար բա­նը՝ իր տկա­րու­թեան եւ թե­րու­թեան անդ­րա­դառ­նալն եւ գի­տակ­ցի՛լն է։

Երկուշաբթի, Յունուար 4, 2016

Ֆրան­սա­հայ կարգ մը յայտ­նի ա­նուն­ներ վեր­ջին օ­րե­րուն պար­գե­ւատ­րուե­ցան «Լե­ժիոն տ՚Օ­նէօր»ի շքան­շա­նով։ Ֆրան­սա­յի մէջ սո­վո­րու­թիւն է ա­մէն տա­րես­կիզ­բին զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցած ար­ժա­նա­ւոր­նե­րու պար­գե­ւատ­րու­մը։ «Նոր Յա­ռաջ»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս տա­րի շքան­շա­նա­կիր­նե­րու ցան­կին մաս կազ­մե­ցին պատ­մա­բան­ներ՝ Ա­նա­հիտ Տէր-Մի­նա­սեան եւ Ռայ­մոն Գէոր­գեան, ո­րոնք ստա­ցան աս­պե­տի աս­տի­ճան։

Երկուշաբթի, Յունուար 4, 2016

«Վիրահայոց թեմը պիտի հասնի բոլոր եկեղեցիներու վերադարձը ապահովելու նպատակին»:
Առաջնորդ Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան բացատրութիւններ տուաւ 2016-ի ակնկալութիւններուն առընչութեամբ:

Երկուշաբթի, Յունուար 4, 2016

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը կը շա­րու­նա­կեն ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նել Սու­րի մէջ, Տիար­պա­քըր։ Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հու­թեան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն զի­նուոր մը նա­հա­տա­կուած է այս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով։

Երկուշաբթի, Յունուար 4, 2016

Ֆրանսահայ յայտնի մտաւորականը 2016 թուականը դիմաւորեց Իսթանպուլի մէջ: Քլոտ Մութաֆեան կեցութեան օրերուն այցելեց նաեւ ժԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը:

Երկուշաբթի, Յունուար 4, 2016

Հայաստանի Պաշտպանութեան  նախարար Սէյրան Օհանեան. «Ոչ ոք խաղաղութիւն պիտի նուիրէ մեզի»:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կրիկորի Քարասին անհանգստութիւն յայտնեց Արցախի ճակատին վրայ առկայ իրավիճակին շուրջ:

Երկուշաբթի, Յունուար 4, 2016

Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին 2016 թուա­կա­նին ըստ Նոր տո­մա­րի պի­տի նշէ ե­կե­ղե­ցա­կան տօ­նե­րը եւ սրբոց յի­շա­տա­կու­թեան օ­րե­րը։ Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի կող­մէ հրա­պա­րա­կուած հա­մա­պա­տաս­խան ամ­փոփ ցան­կը.-

Երկուշաբթի, Յունուար 4, 2016

Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ, Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ երդիքին տակ երաժշտական աւանդական երեկոյթ:
Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբը հերթական անգամ տօնական մթնոլորտի մէջ համախմբեց մեր համայնքի գեղարուեստասէրները, որոնք ապրեցան մեծ ոգեւորութիւն: Ձեռնարկին նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան:

Շաբաթ, Յունուար 2, 2016

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Կեան­քի ներ­կայ ըն­թաց­քը այն­պէս մըն է, որ բնա­կա­նա­բար կա­րե­լի չէ ար­հես­տա­գի­տա­կան, ճար­տա­րա­գի­տա­կան նո­րու­թիւն­ներն ու նո­րա­րա­րու­թիւն­նե­րը հե­ռու պա­հել դպրոց­նե­րէն եւ ընդ­հան­րա­պէս կրթա­կան-ու­սում­նա­կան հա­մա­կար­գէն: Պա­տաս­խա­նա­տու­ներ, մաս­նա­գէտ­ներ, ու­սում­նա­սի­րող­ներ միշտ այս հար­ցե­րը կը քննար­կեն ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­ւէ­տին ձգտե­լու մղու­մով: Եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րը եր­բեմն կը հեր­քեն ըն­դու­նուած նախ­կին տե­սա­կէտ­նե­րը, տա­րա­ծուած մօ­տե­ցում­նե­րը՝ փոր­ձե­լով հաս­տա­տել նո­րը, ա­պա ա­ւե­լի նո­րը, եւ այս­պէս՝ շա­րու­նակ

Շաբաթ, Յունուար 2, 2016

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

ԴԱ­ՒԻԹ ԿԻՒՐ­ՃԻ­ՆԵԱՆ (լե­զուա­բան, հա­յե­րէ­նա­գէտ, խմբա­գիր).-
2015-ը ան­հան­գիստ տա­րի մըն էր հա­յե­րուս հա­մար: Սու­րիա­հա­յու­թեան կեան­քը տակ­նուվրայ ե­ղաւ, ջլա­տուե­ցաւ հա­յու­թեան ա­մե­նաա­ւան­դա­պահ եւ հզօր հա­մայնք­նե­րէն մէ­կը:

Շաբաթ, Յունուար 2, 2016

Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ անցեալ տարուան վերջին օրերուն ստո­րագ­րուե­ցաւ հա­մա­ձայ­նա­գիր մը, ո­րով կը նա­խա­տե­սուի փո­փո­խու­թեան են­թար­կել կա­զի, նաւ­թամ­թերք­նե­րու ու անմ­շակ բնա­կան ա­դա­ման­դի ա­ռա­քում­նե­րը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, փաս­տա­թուղ­թը ստո­րագ­րե­ցին Ռու­սաս­տա­նի Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար Ա­լեք­սան Նո­վաք եւ Մոս­կուա­յի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Օ­լէկ Ե­սա­յեան։ 

Էջեր