Արխիւ
Նորաձեւութեան եւ ոճի բնագաւառի հեղինակաւոր հանդէսներէն մէկուն՝ Vogue-ի ռուսական տարբերակի խմբագրութիւնը Victoria’s Secret ընկերութեան «հրեշտակ» Սթելլա Մաքսուէլի հետ արշաւ կազմակերպած է Հայաստանի մէջ:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայկական երաժշտական աշխարհի առանցքային սիւներէն ԳՈՀԱՐ համոյթը կը պատրաստուի համերգաշարի մը ձեռնարկել իր նոր խմբավարին՝ Նաթալի Գալստեանի մականին ներքեւ:
Պէյրութի յառաջիկայ ելոյթներուն ընդառաջ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը Կիւմրիի մէջ ականատես եղաւ ստեղծուած մեծ խանդավառութեան:
Վրաստանի Նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Իսրայէլի մէջ։ Պետական այցելութեան շրջագծով Նախագահ Մարկվելաշվիլի եւ Առաջին տիկին Մակի Չիչուա ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցան Երուսաղէմի մէջ։
Հոլանտահայութիւնը շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Հրանոյշ Յակոբեանը:
Հայաստանի սփիւռքի նախարարը մասնակցեցաւ Ս. Հոգի եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 300-ամեակին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցնող 48 ժամերուն լրատուական ծառայութիւններու գլխաւոր հետաքրքրութիւնը Հալէպի շուրջ ընթացող պատերազմական գործողութիւններն են: Սուրիոյ մէջ գրեթէ երկու շաբաթէ ի վեր սկիզբ առած ռուսական միջամտութիւնը սկսած է շատ արագ արդիւնքներու հասնիլ:
Հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը երէկ հիւրընկալեցին Գերմանիոյ շանսէօլիէն:
Անկելա Մերքէլի շփումներուն շրջագծով համաձայնութիւն՝ առանցքային նիւթերու շուրջ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ամիսը անգամ մը նոյն տարիքի եւ ծննդավայրի բարեկամներու եւ ընկերներու հետ մեզմէ մէկուն տան մէջ քանի մը ժամերու համրանքով երեկոյ մը զոյգերով միասին անցընելը, իրարու մօտ գալը թէեւ գեղեցիկ սովորութիւն, նոյնիսկ աւանդութիւն դարձուցած էինք, սակայն տարիէ մը աւելի էր, որ թերացած էինք:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
22 Սեպտեմբերին, 220 տարի առաջ, Հայաստան Աշխարհի վրայ արշաւած Աղա Մոհամմէտ խան անունով ասպատակի մը զինուորներուն ձեռամբ, սրախողխող պոկուեցաւ կեանքի թելը հայ ժողովուրդի հանճարեղ ծնունդներէն Սայաթ-Նովայ
Երեւանի «Նարեկացի» արուեստի միութեան երդիքին տակ այս օրերուն գեղարուեստասէրներու անմիջական ուշադրութեան կ՚արժանանայ «Ափի մէջ» ցուցահանդէսը, որու շրջագծով կը ներկայացուին մանրակերտ նուագարաններ։
Զ. ՍՕՆԱ
Այդ առաւօտ տան սիրուն փիսիկը՝ Ֆընտըքին առջեւի ձախ ոտքը կը կաղար եւ շարունակ զայն պահելու կը ջանար, երբ լիզելէ յոգնած, յուսահատ վիճակով մը կը նայէր խեղճ կատուն տնեցիներուն։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած ձեռնարկներու շարք:
Քեմալ Եալչընի «Հոգիս ձեզմով կը խայտայ»ն բեմադրուեցաւ Կիւմրիի, Վանաձորի եւ Երեւանի մէջ:
«Յուշամատեան» նախագիծը, որ 2010 թուականէն ի վեր կը գործէ Պերլինի մէջ, նպատակ կը հետապնդէ զանազան ծրագրերու միջոցով վերականգնել Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ապրած հայութեան բնաշխարհն ու կենսակերպը։ «Յուշամատեան» նախագիծը վերջին տարիներուն կը համագործակցի նաեւ հայկական վարժարաններուն հետ՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հովանաւորութեամբ։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի շարքերը կը համալրուին նոր մասնակիցներով, որոնք կը կրկնապատկեն ոգեւորութիւնը:
2015-2016 շրջանի պարապմունքները շաբաթավերջին սկսան Իրիս եւ Կարպիս Չափքան ամոլի վերահսկողութեան ներքեւ, երկու խումբերու ձեւաչափով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բախտ», «դիպուած», «պատահար» կ՚ըսեն շատեր այն դէպքերուն՝ որոնց պատճառը յայտնի չ՚ըլլար եւ կը պատահին անակնկալ կերպով։ Բայց սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, որ ո՛չ մէկ իրողութիւն, ո՛չ մէկ իրադարձութիւն կամ դէպք կը պատահի առանց պատճառի։
Երեւան-Թեհրան վերջին պայմանաւորուածութիւնները կրնան նոր փուլի մը սկիզբը դնել։
Հայաստան եւ Իրան թափ կու տան ուժանիւթի եւ փոխադրութեան բնագաւառներու համագործակցութեան։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մէջ տեղի կ՚ունենայ «Հայոց ցեղասպանութիւն-100. ճանաչումէն հատուցում» խորագրեալ միջազգային գիտաժողովը։
Բեմադրիչ Տենիզ Էօզտէն, որ «Մրցումի մը օրագրութիւնը» խորագրեալ կարճ ժապաւէնով ազգային ու միջազգային փառատօններու մէջ նուաճած էր տասնչորս մրցանակներ, այս օրերուն հանրութեան կը ներկայանայ իր փաստավաւերագրական առաջին աշխատանքով։
Դասական երաժշտութեան «Վերադարձի փառատօն»ը, որ պիտի կայանայ ութերորդ անգամ, լեցուն պիտի ըլլայ առաջին անգամ ներկայացող ստեղծագործութիւններով։
Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց Միջազգային կրօնական ազատութիւններու ամենամեայ զեկոյցը։
«Ընկերային ցանցերն ու փոքրամասնութիւններ» նախագիծը կը շարունակէ իր աշխատանքը: Լաքի Վինկաս ու իր գործակիցները Պելժիոյ մէջ ընդունուեցան Եւրոպական միութեան պաշտօնատարնրուն կողմէ: