Արխիւ
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ պիտի ստորագրուի հակաօդային պաշտպանութեան միասնական համակարգի մը ստեղծման ուղղեալ համաձայնագիր մը։ «Ինթէրֆաքս» գործակալութեան հաղորդումներուն վրայ «Արմէնփրէս» տեղեկացուց, թէ Ռուսաստան կ՚աշխատի Հայաստանի, Խրղըզիստանի, Տաճիկիստանի եւ Ղազախիստանի հետ հակաօդային պաշտպանութեան միասնական տարածքաշրջանային համակարգ մը ստեղծելու ուղղութեամբ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Անգլիա:
Եդուարդ Նալպանտեան Chatham House-ի երդիքին տակ ելոյթ մը կ՚ունենայ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն շուրջ:
Տաղլըճայի դէպքին յաջորդած Իգդիրի յարձակման զոհ գացած 13 նահատակ ոստիկաններուն համար համատարած սուգ։
Պետական աւագանին եւ քաղաքական շրջանակները կը զգուշացնեն, որպէսզի չապրուին խափանարարութիւններ: Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ տամուկ աչքերով ելոյթ ունեցաւ Վանի մէջ կազմակերպուած յուղարկաւորութեան ընթացքին։
Թուրք զինեալ ուժերը Հիւսիսային Իրաքի զանազան շրջաններուն մէջ կը շարունակեն աննախընթացօրէն ծանր հարուածներ հասցնել ՓՔՔ-ի ահաբեկիչներուն։
Ցաւով տեղեկացանք, թէ ահաբեկչական դէպքերուն հետեւանքով վերջին օրերուն վնաս կրած է Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցին, ինչ որ արձագանգ կը գտնէ նաեւ թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Տիարպաքըրի կեդրոնի Սուր գաւառակին մէջ վերջին օրերուն կ՚ապրուին լուրջ խռովութիւններ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Փարիզ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան կը մասնակցի Մերձաւոր Արեւելքի ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններուն դէմ բռնութիւններու կանխարգիլման ձօնուած միջազգային համաժողովին, որուն հրաւիրուած են շուրջ վեց տասնեակ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ։
«Եւրօ-2016»ի որակաւորման փուլի հանդիպումներուն շրջագծով երէկ երեկոյեան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը հիւրընկալեց Սերպիան։ Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։
Հայաստան-Ռուսաստան ռազմավարական գործընկերութեան օրակարգի խնդիրները խոշորացոյցի տակ:
Սերժ Սարգսեան եւ Վլատիմիր Փութին տեսակցեցան՝ քննարկելով երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքը:
Տաղլըճայի մէջ ապրուած դէպքէն վերջ Թուրքիա աննախընթաց դիմադրութիւն մը ցոյց կու տայ ահաբեկչութեան դէմ՝ ամուր միասնականութեամբ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ երէկ երեկոյեան Պէշթէփէի մէջ տեղի ունեցաւ անվտանգութեան գագաթաժողով մը:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիա կ՚ապրի ծանր շրջան մը։ Շաբաթներէ ի վեր ամէն օր արիւնահեղութիւն կ՚ապրուի երկրին մէջ։ Զինուորներ, ոստիկաններ թիրախ կը դառնան ահաբեկչական յարձակումներու։ Հանրային կարծիքը խոր մտահոգութեամբ ու ցասումով կը հետեւի այս տմարդի զարգացումներուն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սրբուհի Ժան տ՚Արք կ՚ըսէ. «Եթէ Աստուծոյ շնորհքին մէջ չեմ, թող Աստուած հաճի հոն դնել զիս, իսկ եթէ հոն եմ, թո՛ղ Աստուած հաճի պահել զիս հոն»։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
1576 տարի առաջ, Սեպտեմբեր 7-ին, ծերունազարդ 91 տարեկանին, վախճանեցաւ հայոց վեհափառ հայրապետը՝ Սուրբ Սահակ Պարթեւ (348-439)։
Իսրայէլի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբը վերջերս համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։ Օփերայի երդիքին տակ կազմակերպուած այս ձեռնարկը արժանացաւ հայ երաժշտասէրներու անմիջական ուշադրութեան։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Տ. Զաքարիա Վարդապետ Բաղումեան ԺԱՄԱՆԱԿ-ին ներկայացուցած էր Միւռոնօրհնութեան խորհուրդի, պատմութեան եւ նախապատրաստութեան մասին մանրամասներ: Այս անգամ ան սիրով կը ներկայացնէ բուն Միւռոնօրհնութեան արարողութիւնը, որ այս տարի, ինչպէս ծանօթ է, տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբերի 27-ին:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի երէց սերունդի սիրուած ու յարգուած դէմքերէն Տքթ. Սարգիս Թաթլըէր վերջերս հրատարակած է «Յուշեր մանկութեան եւ երիտասարդութեան» խորագրեալ գրքոյկ մը։ Հեղինակը ազնուութիւնը ունեցած է նաեւ խմբագրութեանս համար մակագրել այդ գրքոյկէն օրինակ մը, որ կ՚ընդգրկէ նաեւ բանաստեղծութեան ձեւաչափով քանի մը էջեր։
Քաղաքական գործիչ Մուսթաֆա Սարըկիւլի կազմակերպութեամբ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասուն անդամները անցեալ շաբթուան մէջ հիւրընկալուեցան «Փելիթ» ծաղարանի սեփականատէր Սելահատտին Այանի կողմէ։
Պոլիսէն եւ Ատըեամանէն 19 երախաներ երէկ մկրտուեցան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կանոններուն ու ծէսին համաձայն:
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հաւաքական մկրտութեան հանդիսապետեց Տ. Թաթուլ Ծայրագոյն Վարդապետ Անուշեան:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Երեւան: Իր անունը կրող կառուցուող թաղամասի տան մէջ կամ ճաշարանը յաճախ միասին եղած էինք Վահագն Յովնանեանի հետ: Արտակարգ անձնաւորութիւն մը, որուն համար հայրենիքը եւ անոր կառուցումը ո՛չ լուսանկար էին, ո՛չ ճառ, այլ՝ կեանքի արարում:
Ներսէսեան Դպրաց Դաս-երգչախումբը կը շարունակէ վառ պահել Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կանթեղը:
Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն հանդիսապետեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Տ. Թաթուլ Ծայրագոյն Վարդապետ Անուշեան:
Մեսեչուսեցի «Լեսլի» համալսարանի «Լենտըր» արուեստի կեդրոնին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ շրջանի աւելի քան յիսուն արուեստագէտներու գործերու հաւաքական ցուցահանդէսը: Անոնց կարգին էր արուեստագէտ Արա Ազատ:
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան նախաձեռնութեամբ յառաջիկայ օրերուն Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենայ՝ Արեւելքի քրիստոնեաներուն առջեւ առկայ հիմնախնդիրներուն վերաբերեալ միջազգային խորհրդաժողով մը։ Ֆրանսական մամուլի հաղորդումներուն հիման վրայ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ Սեպտեմբերի 8-ին նախատեսուած խորհրդաժողովին ընթացքին առաջնահերթօրէն պիտի շօշափուին Իրաքի եւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները եւ հարցերը պիտի քննարկուին այդ համատեսքին մէջ։


