Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Իմաստութիւն» բառը ունի հոմանիշ բառեր՝ «խելահասութիւն», «փորձառութիւն», «խելք», «հանճար», ինչպէս նաեւ՝ փոխաբերական իմաստով՝ «ողջամտութիւն», «ողջախոհութիւն», «վսեմախոհութիւն», «երեւոյթներու խոր իմացութիւն՝ ըմբռնում»։ Բոլոր այս նշանակութիւններուն հետ իմաստութիւնը կը յիշուի նաեւ անունով մը՝ որպէս «հոմանիշ» եւ նոյնիմաստ կամ նոյնանիշ բառ, որն է՝ Սողոմոն եւ կը գործածուի «Սողոմոն իմաստուն» ձեւով։
ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ
Եթէ աշակերտ ըլլայի այսօր, 21-րդ դարուն, ճարտարարուեստի ահաւոր առատութեան մէջ ինկած, ստիպուած լողալու կամ երբեմն ալ առատախեղդ ըլլալու, ժամանակ պիտի ուզէի՞ տրամադրել հայերէն սորվելու. ասկէ առաջ սակայն՝ դասարանին մէջ պիտի ուզէի՞ մտիկ ընել ժամանակավրէպ ուսուցչուհիներու ժամանակավրէպ դասաւանդումները, ուզէի իսկ, պիտի կարենայի՞ դիմադրել ձանձրոյթիս եւ անոր հետեւող անխուսափելի «քունս կու գա՜յ…»ին:
Հռոմի Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի առաջին գիրքը, որ կը պարունակէ իտալացի լրագրող Անտրէա Թորնիելլիի հետ զրոյցները, լոյս պիտի տեսնէ Յունուարին:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Շարժանկարային արուեստի մեծ պաստառներուն վրայ է հայկական նոր շարժանկար մը՝ «Վարդապետի լռութիւնը»: Հայրենի բեմադրիչ Վիգէն Չալտրանեանի նոր աշխատանքն է՝ Կոմիտասի մասին: Շարժանկարը Կոմիտաս Վարդապետի մասին նոր բացայայտումներու ճանապարհ կը բանայ. արդեօք խելագարուա՞ծ է Կոմիտաս, թէ պարզապէս լռած է…
Անգլիական «The Times» յայտնի թերթը հրատարակեց յօդուած մը՝ Տիարպաքըրի կեդրոնին գտնուող Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ներկայ վիճակին շուրջ։ Այս շրջագծով թերթը գրեց, թէ քաղաքի մէջ տեղի ունեցող պայթումները կը վնասեն այս պատմական կոթողը։
2016-ի տարեմուտին եւ Սուրբ Ծննդեան տաղաւարին առթիւ աւանդական ընդունելութիւն Պատրիարքարանի դահլիճի երդիքին տակ:Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց իսթանպուլահայ տիկնանց յանձնախումբերու եւ ծնողաց միութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք միասնաբար երգեցին «Խորհուրդ մեծ» շարականը եւ որպէս նուէր ստացան նուռեր:
Պատրիարքական Աթոռին տնօրինութեամբ, Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առթիւ տօնակատարութիւններ ու զօրակցութեան շարժում:
Կեսարիոյ Սուրբ գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տօնական աւետիսով աղօթք կը վերառաքուի առ Աստուած՝ համայն աշխարհի խաղաղութեան համար:
Մերձաւոր Արեւելքէն խոյս տալով Թուրքիոյ զանազան քաղաքներուն մօտ ապաստան գտած հայ գաղթականները խոր երկիւղածութեամբ կը կատարեն իրենց ուխտը:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թրքահայութեան ուշադրութիւնը այսօր կեդրոնացած է Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ վրայ։ Պատմական այս սրբավայրը կը մագնիսացնէ մեր ամբողջ հաւատացեալներուն հետաքրքրութիւնը, որովհետեւ ան այսօր կը հիւրընկալէ Մերձաւոր Արեւելքի ողբերգութիւններէն խոյս տալով Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած հայ գաղթականները։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ դեսպան Ճէյմս Ուորլիք մեկնած է Լոնտոն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին շուրջ խորհրդակցութիւններու մասնակցելու նպատակով։ Ան Անգլիոյ Արտաքին եւ համագործակցութեան նախարարութեան մօտ խորհրդակցութիւններ կ՚ունենայ հիմնախնդրի կարգաւորման հեռանը-կարներուն առընչութեամբ։
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ Ատրպէյճան սկսած է վերստին սրել իրավիճակը:
«Զինուած դիմակայութեան աստիճանի բարձրացման եւ հետագայ գործողութիւններու պատասխանատուութիւնը կը վիճակի Պաքուին»:
Պալըքլըի յունաց հիւանդանոցի պարագային բացուած դատին արդիւնքը կրնայ առընչուիլ Թուրքիոյ ամբողջ փոքրամասնութիւններու հաստատութիւներուն:
Համայնքային վաքըֆներու համար գործակատար-կառավարիչներու նշանակման հեռանկա՞ր:
Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան Սուրբ Ղազար վանքին մէջ Յունուար 6-ին տեղի ունեցաւ բացումը Շաւարշ եւ Արփիկ Միսաքեանի նուիրուած ցուցահանդէսին, ներկայութեան Վենետիկի զանազան շրջաններէն շուրջ հարիւր յիսուն իտալահայերու, միաբաններու, Իտալիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան՝ Սարգիս Ղազարեանի, նախագահութեամբ Միաբանութեան վանահայր՝ Հ. Եղիա Վրդ. Քիլաղպեանի։
ԾՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Երբ զաւակ կը դաստիարակենք, մարդկային արժանիքները կը ձեւաւորենք:
ՍԻԼՎԻ ՍՐԲՈՒՀԻ ՄԱՐԱԶԵԱՆ
Տարի մը եւս բոլորեցինք՝ քաղցր ու դառն յուշերու հետքերով: Խանդաղատանքով ու տագնապներով ծանրաբեռնուած օրերը հեւ ի հեւ սահած, սլացած են մեր կեանքէն: Հեռացող տարին ա՛լ գաղտնիք մը չունի մեզի համար, իսկ նոր տարին, անակնկալներով լիառատ, ծածուկ յուզումներով ու անսպասելի արարքներով բեղուն՝ կը ծաւալի մեր առջեւ:
Պաքըրգիւղի «Լէյլա Կենճէր» օփերայի եւ արուեստի կեդրոնի երդիքին տակ յատկանշական ձեռնարկ մը:
Մեներգչուհի Նաթալի Պօղոսեանի եզակի ստեղծագործութիւնը՝ «Տորէթայի ոսկէ երազը»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեր առօրեայ կեանքին մէջ տեսակ տեսակ բնաւորութեան եւ նկարագրի տէր մարդոց հետ կը դիմաւորուինք։ Մարդ զգայուն եւ յուզական խառնուածք ունեցող էակ մըն է եւ այդ պատճառով, ուզէ կամ չուզէ կ՚ազդուի եւ կը տպաւորուի իր շուրջը գտնուած մարդոցմէ եւ պատահած դէպքերէ։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ փայլուն հանդէս մը տեղի ունեցաւ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առթիւ։ Անցեալ տարուան վերջընթեր օրը կազմակերպուած այս ձեռնարկը ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն։ Ամբողջ դպրոցին մէջ լիուլի ապրուեցաւ տօնական հրճուանքը։
Գարակէօզեանի ընտանիքին անդամները վերամիաւորուեցան՝ ոգեկոչելով հաստատութեան հիմնադիրը:
Աւանդական Լուբիայի օրը առիթ հանդիսացաւ վարժարանի եւ անոր սաներու վերաբերեալ յիշողութեան թարմացման: Խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին զանազան սերունդներէ ընթացաւարտները:
Յառաջիկայ Մայիսի վերջը եւ Յունիսի սկիզբը, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այդ երկու մրցումներն ալ պիտի կրեն բարեգործական բնոյթ: