Արխիւ
Մեծ Բրիտանիոյ խորհրդարանի լորտերու պալատի անդամ, պարոնուհի Քերըլայն Քոքս խումբ մը ուխտագնացներու հետ կ՚այցելէ Արցախ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջատար աստղերէն Հենրիխ Մխիթարեան գերազանց յաջողութիւնով սկսած է ներկայ եղանակին եւ Պորուսիա Տորտմունտի մարզաշապիկով Գերմանիոյ լիկին մէջ կ՚արժանանայ անմիջական ուշադրութեան։
Հայաստանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ «Միութիւն-2015. Յաղթանակի ժառանգներ-Հայաստան» միջազգային երիտասարդական մրցոյթ-հաւաքը։ Ռազմամարզական այս հաւաքը ձօնուած է Բ. Աշխարհամարտի աւարտին տարուած յաղթանակի 70-ամեայ յոբելեանին։
Ծաղկաձորի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ «Բազէ-2015» երիտասարդական տարեկան հաւաքը։ Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած այս աւանդական հաւաքին կը մասնակցին հոծ թիւով երիտասարդներ, որոնք երեք խումբերու բաժնուած՝ կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն, կը գործադրեն իրենց ծրագիրը։
ԱՄՆ-ի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարները քննարկեցին համագործակցութեան ընթացքը:
Ուաշինկթըն կը պատրաստուի յաւելեալ ձեւով 20 միլիոն ամերիկեան տոլար յատկացնել Թիֆլիզին:
ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ
Մութ ամպեր պատեր են երկինքը
Կապարի ծանրութիւն՝ օդին մէջ
Քաղաքին մէջ ցաւեր կը տողանցեն
Խոր Վիրապի մէջ Օգոստոս 23-ին պիտի իրականացուի «Լաւաշի փառատօն», որու ընթացքին՝ հացթուխները պիտի ցուցադրեն լաւաշի պատրաստման ընթացքը, պիտի սորվեցնեն թխման ճիշդ ձեւը, պիտի կազմակերպուի լաւաշի եւ աւանդական հաց ու պանիրի, ինչպէս նաեւ ժենգեալով հացի հիւրասիրութիւն:
Ռումանիոյ Պոթոշան քաղաքին մէջ Ռումանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեանի ձեռամբ օծուած է քաղաքի հայկական հնամեայ գերեզմանատան Ս. Աւետման մատուռը, որ նորոգուած էր հայ բարերարուհի Էմանուելա Քոքոթա Ֆերհատեան Կոյլաւի օժանդակութեամբ:
Պոսթընի մէջ գրեթէ բոլորը գիտեն՝ եթէ տան մէջ խրախճանք կազմակերպեն եւ ուզեն հիւրերը զարմացնել տնական համեղ ուտեստներով, ապա պէտք է դիմեն ամերիկահայ Նաթան Կիբարեանին: Զինք անուանած են «խոհանոցի արքայ» եւ կը զարմանան, թէ ինչպէս ան կրնայ ամենապարզ մթերքէն իւրայատուկ ճաշատեսակներ պատրաստել:
Ֆրեզնոյի հայկական գաղութին մէջ, աւանդութիւն դարձած է Աստուածամօր Վերափոխման տօնն ու խաղողօրհնէքի արարողութիւնը երկու անգամով կատարել՝ հերթական կարգով, «Հայկական Տուն» ծերանոցի ընդարձակ պարտէզին մէջ, Ս. Երրորդութիւն եւ Ս. Պօղոս եկեղեցիներուն կողմէ: Առաջինը տեղի կ՚ունենայ Օգոստոս 15-ի տօնը կանխող Կիրակին, իսկ երկրորդը՝ Օգոստոս 15-ին:
Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Թինաթին Խիտաշելի այս օրերուն շփումներ կ՚ունենայ Ուաշինկթընի մէջ։ Թիֆլիզի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս շրջագծով կը քննարկուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Վրաստանի ռազմաքաղաքական յարաբերութիւնները։
Հայաստանի Փոխադրութեան ու կապի նախարար Գագիկ Բեգլարեան յայտարարեց, որ Չինաստանի նախագահը միջոցներ յատկացուցած է Հայաստան-Իրան երկաթուղիի կառուցման ծրագրին համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ նախարարը յայտնեց, թէ այդ երկաթուղին կարեւոր նշանակութիւն ունի չինական կողմին համար։

Վերջերս Հայաստանի մէջ մկրտուելու դիմում ներկայացուցած, սակայն մերժուած Էրտալ Մերճան Թուրքիա վերադառնալէ վերջ փոխած է իր անձնագիրը ու դարձած՝ քրիստոնեայ։ «news.am» կայքէջի հաղորդումներով, Տիարպագըրէն Հայաստան մեկնած իսլամ դաւանանքէ Էրտալ Մերճան Թուրքիա վերադարձին փոխած է իր անձնագիրը։
Ահմէտ Տավուտօղլու նոր նախարարաց խորհուրդը ձեւաւորելու պաշտօնը վերադարձուց երէկ երեկոյեան:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան յայտնեց, թէ երկիրը ընտրութեան պիտի երթայ երկու ամսուան ժամանակաւոր կառավարութեամբ: Հաւանական թուականը կը համարուի Նոյեմբերի 1-ը:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ հերթական քննարկում՝ իսթանպուլահայ կրթական համակարգի հրատապ խնդիրներուն շուրջ:
VADİP-ի կրթական յանձնախումբը եւ համայնքային վարժարաններու տնօրէնները միասնաբար քննարկեցին արձանագրութիւններու նոր ընթացակարգը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ կը տօնենք Աստուածամօր Վերափոխման տօնը՝ կը վերյիշենք կիներու եւ մանաւա՛նդ մայրերու անհրաժեշտ մասնակցութիւնը ամբողջ տիեզերական պատմութեան մէջ՝ թէ ի՜նչ կարեւոր դեր խաղացած են մարդկային մեծ ընտանիքին՝ ընկերութեան կազմութեան, կազմաւորման եւ մանաւա՛նդ, անոր աճման ու զարգացման մէջ։
ԹՈՐԳՈՄ
Ծնողքս յաճախ կը խօսէր ու կը պատմէր բազմաթիւ դերասան-դերասանուհիներու մասին, սակայն Օմար Շերիֆ անունը տարբեր տպաւորութիւն եւ հմայք ձգած էր մեր պատանեկան հոգիներուն մէջ, նոյնիսկ անոր նկարը չտեսած:
Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեան շաբաթավերջին կորսնցուց իր մայրը՝ Էմմա Օհանեանը։ 88 տարեկան հասակին մահկանացուն կնքեց Էմմա Օհանեան Երեւանի մէջ։
Ռուսաստան եւ Իրան թափ կու տան իրենց համագործակցութեան՝ միջազգային նոր իրադրութիւնով: Մոսկուայի եւ Թեհրանի ղեկավարութիւնները հետեւողական պիտի ըլլան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ:
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան յառաջիկայ ամիս պիտի այցելէ Փեքին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Աբրահամեան իր չին պաշտօնակցին հետ պիտի քննարկէ Հայաստան-Իրան երկաթուղիի կառուցման ծրագիրը։






