Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Երանի՜ անոր, որ Աստուծոյ Արքայութեան մէջ հաց պիտի ուտէ». (ՂՈՒԿ. ԺԴ 15)։
Կեանքի հրաւէր մըն է Յիսուսի խօսած առածին մէջ նկարագրուած հիւրասիրութեան կոչը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Հասուննալը այն բառերէն մին է, որ յաճախ կը լսենք եւ կ՚օգտագործենք: Բայց երբ կը հասուննանք, մեր խորհուրդներն ու ըսելիքներն ալ կը փոխուին: Երեխաները կ՚ուզեն մեծնալ. անոնց համար մեծնալ կը նշանակէ ըլլալ ազատ ու անկախ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Գանատայի հայոց թեմի հոգեւոր հովիւ Տ. Միւռոն Քհնյ. Սարգիսեան համոզուած է, թէ Գանատա հասնող հայերը մեծամասնութեամբ կ՚ուզեն գանատացի դառնալ, քան թէ հայ մնալ եւ այդ մէկը մեծ ցաւ է։
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք ժամանակակից արաբ գրողներէն՝ Ամին Մաալուֆի կեանքն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր գրութիւններէն ու մտածումներէն հատուածներ պիտի ներկայացնենք:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աշխարհասիրական ներքին զգացումներէ տարուող մարդը ձայն մը միայն կը լսէ իր մարմնական ականջներով. «Ի՛մս է»։ Թէեւ խղճին ձայնը կ՚ընդդիմանայ, բայց ի զուր, քանի որ շահասիրական ներքին զգացումներուն ձայնը, դժբախտաբար, կը խափանէ խղճին ձայնը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ազգեր, որոնք կը յայտնուին եւ իրենք զիրենք կը գտնեն մրցակցող ուժերու եւ հակասական շահերու միջեւ, պարտին իրենց քայլերն ու որոշումները լաւապէս ընտրել, որովհետեւ քաղաքականութիւն ըսուածը տարբերութիւն չունի ճատրակէն, որուն իւրաքանչիւր քայլը կրնայ ապագայ դրական կամ ժխտական ելքը որոշել:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութեան, որով ստեղծուեցաւ հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց «Eski İstanbul Sesleri» խումբի ներկայացուցիչները, որոնք փութացած էին մօտալուտ համերգի մը հրաւէրը ուղղելու։
Ֆրանսայի մէջ նոր կառավարութեան ձեւաւորման ուղղեալ աշխատանքները կը շարունակուին։ Երկրէն ներս տեղի ունեցած խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններէն վերջ վարչապետ նշանակուած Միշէլ Պառնիէի կառավարութիւնը չէր կրցած վստահութեան քուէ առնել Ազգային ժողովէն։
Նիւ Տելհիի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Հայաստան-Հնդկաստան-Իրան եռակողմանի ձեւաչափով խորհրդակցութիւն մը։ Իր տեսակին մէջ երկրորդ այս խորհրդակցութիւններուն ընթացքին Հայաստանի պատուիրակութիւնը գլխաւորեց արտաքին գործոց նախարարութենէն Անահիտ Կարապետեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի կամաւոր հոգաբարձուներ՝ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլն ու հաստատութեան այլ պատասխանատուները։
Թերթս հրատարակութեան յանձնելու պահուն խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է «Արաս» հրատարակչատան հիմնադիրներէն Եդուարդ Թովմասեան, որ տասնամեակներէ ի վեր այդ կառոյցի սիւներէն հանդիսացած էր։
Երեւան ԵԱՏՄ-ի հարթակին վրայ եւս օրակարգի վրայ կը բերէ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնը:
Փաշինեան. «Հայաստանի մշակած այս նախագիծը բարենպաստ պայմաններ կ՚ապահովէ շահագրգիռ բոլոր պետութիւններուն համար»:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Մահուան առաջին տարելից, ծննդեան ութսունամեայ յոբելեան. համընկնած թուականներու խորհուրդէն անդին անժամանցելի ներդրում հայոց պետական մտքին:
Բաբգէն Արարքցեան կ՚ոգեկոչուի բիւր յարգանքով՝ մինչ ժամանակներու մէջ կը վերարժեւորուին իր հեռատեսութիւնն ու կշիռը, որոնք կ՚առանձնանան պատմութեան մէջ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Պեշար Էսատը տապալեցաւ, իր հետ տանելով Սուրիա մը, որ տեւեց աւելի քան յիսուն տարի: Ֆրանսայէն անկախանալէն վերջ, Սուրիան ընդհանրապէս կայացած պետութիւն մը չէր։ Առ ի հակադրութիւն արաբականութեան՝ Ֆրանսան ստեղծեց Սուրիան, որուն հասկացողութեան ալ հիմնադիրն էր։
Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններու մէջ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան երէկ մանրամասնութիւններ հրապարակեց երկու երկիրներու զանազան կառոյցներու ներկայացուցիչներու՝ շուրջ ամիս մը առաջ սահմանին վրայ ունեցած հանդիպման կապակցութեամբ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ռուսաստանի տանտիրութեամբ նախատեսուած է Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու վարչապետներու խորհուրդին հերթական նիստը։
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» խորագրեալ կլոպալ ֆորումը, որ հինգերորդն էր իր տեսակին մէջ։ Մատենադարանի նոր մասնաշէնքի դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթը, որու բացման ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան։
Թուրքիա եւ ԱՄՆ Սուրիոյ պարագային կը խրախուսեն ներառական կառավարութեան մը ստեղծումը:
Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ համատեղ հետաքրքրութիւն:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Էնթընի Պլինքընը հիւրընկալեց՝ Հաքան Ֆիտանի ներկայութեամբ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ներկայիս բազում ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին է «ուղեղի փտածութիւն» հասկացութիւնը, որ Օքսֆորտի համալսարանի կողմէ ընտրուած է որպէս տարուայ բառը։
Ի՞նչ է ուղեղի փտածութիւնը:
Ուղեղի փտածութիւնը կը սահմանուի որպէս մարդու մտաւոր կամ հոգեկան առողջութեան ենթադրեալ վատթարացում մը։