Արխիւ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը հիւրընկալեց ռուս խաղաղապահներու հրամանատարը:
Արմէն Սարգսեան եւ Ռուստամ Մուրատով անդրադարձան Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման խնդիրներուն:
Վարչապետարանի շուրջ միշտ լարուածութիւն՝ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջին զուգահեռ:
«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի քաղաքացիական անհնազանդութեան ցոյցերը անընդհատ կը շարունակուին: Այժմ Հայաստանի առկայ ծանր իրավիճակին մէջ հակազդեցութեան ալիքը տարածում կը գտնէ զանազան ուղղութիւններով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իսրայէլի մամուլին մօտէն հետեւողներ լաւապէս պիտի նկատեն, որ Թել Աւիւի պաշտօնական մարմիններուն մօտ այս օրերուն լարուած մթնոլորտ մը կը տիրէ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ լոյս տեսած է Ալեքս Սրկ. Գալայճեանի նոր գիրքը, որ կը կոչուի «Կեանքիդ նպատակը»։ Սա հեղինակի երկրորդ գիրքն է։ Առաջինը կը կոչուէր «Կեանքիդ արժէքը», որուն ներկայիս յաջորդած է «Կեանքիդ նպատակը»։
ՊԵԼԼԱ ԼԱԼԱՅԵԱՆ
Արեւելահայերէնէ վերածեց՝
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Եկեղեցիի բակի մէջ քանդուքարափ, խորտուբորտ էր գետինը...
-Պելոչկա, այդ քարը մի՛ կոխեր, այն քահանայի մը տապանաքարն է... Այստեղ թաղուած են եկեղեցականները...
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ քորոնաժահրէն մահացածներու յիշատակին յայտարարուած հնգօրեայ սուգը, անգամ մը եւս հաստատեց մեր միտքերը այն մասին, որ կը բնակինք աղէտի դարուն մէջ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մարդ կրնայ ինքզինք աւելի լաւ տեսնել, եթէ զայն ուրիշներուն վրայով նայի: Աստուած իւրաքանչիւր մարդու պարգեւեց այն ինչի կարիքն ունի օգնութեան համար, գործածէ այդ պարգեւը կամ ոչ:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան կը փորձէ գերիներու խնդիրը դարձնել նաեւ սակարկութեան առարկայ։ Ըստ իրեն, Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեամբ ձեւակերպուած պարտաւորութիւնները կը բաժնեն այդ փաստաթուղթին տակ ստորագրութիւն դրած բոլոր երեք կողմերը։
Չավուշօղլու. «Թուրքիա համարժէք պատասխան պիտի տայ Հայաստանի իւրաքանչիւր դրական քայլին»:
Տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան հաստատումէն վերջ կեանքի պիտի կոչուին ուժանիւթի եւ հաղորդակցութեան ծրագրեր:
Հայաստանի միացեալ ընդդիմութեան կողմէ կազմակերպուած ցոյցերը օրակարգը կը բնորոշեն յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ:
«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականին հետամուտ կը մնայ՝ քաղաքացիական անհնազանդութեան զանազան դրսեւորումներով:
Յետպատերազմեան իրավիճակի մարտահրաւէրները ուշադրութեան առարկայ:
Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ քննարկումներ՝ հովուական խնամքի կազմակերպման շուրջ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան պատրաստած է Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մասին յուշամատեան մը։ Սա պատմական թաղին վերաբերեալ կարեւոր ուսումնասիրութիւն մըն է ու նոյնպէս կարեւոր ներդրում մը՝ մեր համայնքի հաւաքականութեան յիշողութեան տեսակէտէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուածաշունչին մէջ «Օրէնք» բառը ընդհանրապէս կը վերաբերի Աստուծոյ պատուիրաններուն եւ տուած կանոններուն ամբողջութեան։ Հետզհետէ, սակայն, այս անունով սկսան ճանչցուիլ Աստուծոյ բոլոր պատուիրանները եւ կանոնները։
ՊԵԼԼԱ ԼԱԼԱՅԵԱՆ
Արեւելահայերէնէ վերածեց՝
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ես չէի գիտեր, որ աս կրնայ ըլլալ իմ տատիկի տան վերջին լուսանկարը...
Այդ օրը ես կը խորհէի, թէ հերթական լուսանկարն է, հերթական նոյն լուսանկարը, զոր միշտ կը քաշեմ նոյն տեղէն...
ԵՐԱՄ
Դիմացը նկար մըն է։ Իրական նկար մը, տեսադաշտի բնական շրջանակին մէջ առնուած։ Ցուցասրահի մուտքն է, որ կ՚երեւի, այստեղէն՝ դուրսէն ներս։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատումը կախեալ է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու աւարտին ստեղծուած իրավիճակի ճիշդ գնահատականէն։ Իր խօսքով՝ Ատրպէյճան վերականգնած է միջազգային իրաւունքը, գործնական նոր իրողութիւններ ստեղծուած են տարածքաշրջանի եւ աշխարհի մէջ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան յայտարարեց, որ Երեւան յանձնառու է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի վերսկսման, սակայն Պաքուի կողմէ խաղաղութեան տեսակէտէ նպաստաւոր միջավայրի մը ձեւաւորման ուղղութեամբ նախադրեալներ տակաւին նկատելի չեն։
Անգարայի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Թիւրքմենիստանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմանի հանդիպումը։ Սա այս ձեւաչափով հերթական ժողովն է, որու ծիրէն ներս Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու կը հիւրընկալէ իր պաշտօնակիցները՝ Ճէյհուն Պայրամովը (Ատրպէյճան) եւ Ռաշիտ Մերետովը (Թիւրքմենիստան)։
Վրաստանի մէջ ձեւաւորուեցաւ նոր կառավարութիւն մը, որու գլուխը կը գտնուի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի։ Երկրին մէջ մօտաւոր անցեալին տեղի ունեցան ընտրութիւններ, որոնց արդիւնքի հիման վրայ կազմուած կառավարութիւնը չկրցաւ գոյատեւել։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան յայտարարեց, որ Կիւմրիի ռուսական ռազմախարիսխի մէկ մասը կրնայ տեղակայուիլ երկրի արեւելեան ուղղութեամբ։
«ՌԻԱ Նովոստի» ռուսական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Վաղարշակ Յարութիւնեան նշեց, որ Երեւան եւ Մոսկուա այժմ կը քննարկեն այս հաւանականութիւնը։