Արխիւ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2020

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան աւարտեց դէպի Գահիրէ իր պաշտօնական այցելութիւնը։ Ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլին ան հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական պետութիւններու լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմէտ Ապտիւլ Ղէյտի հետ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2020

ԵՐԱՄ

Նորան իջաւ աստիճաններէն բակ, վազեց մտաւ շէնք, վերջին պահին անգամ մը եւս նայելով Զանային, որ վերը՝ մայթին կանգնած, ձեռքերը գրպաններուն մէջ, սիրահարուած կը նայէր իրեն։ Եւ անհետացաւ մուտքէն ներս։
Զանան մնաց մինակ։ Թօթափեց ուսերը, երջանիկ հոգոց մը հանեց, դարձաւ ու շարունակեց ճամբան դէպի ետեւի բլուր՝ Կոնդ, դէպի տուն, անհոգ ու դանդաղ։ 

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2020

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թրքահայ խաղացողներէն Արաս Էօզպիլիզ կեանքի կոչեց բարեգործական ծրագիր մը։ Էօզպիլիզ, որ մօտաւոր անցալին Պէշիկթաշի մարզաշապիկով հանդէս եկած էր եւ ներկայիս Երեւանի «Փիւնիկ» ակումբին մաս կը կազմէ, Հայաստանի մէջ կառուցել տուած է ֆութպոլի դաշտ մը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2020

Քորոնաժահրի համավարակ. այս բացատրութեամբ փոխուեցաւ ամբողջ աշխարհը… Մարդոց կենցաղն ու առօրեան, հաւանաբար, անվերադառնալիօրէն փոխուեցան։ Անշուշտ այս հոսանքին մէջ է նաեւ նորաձեւութեան աշխարհը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2020

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց, ազգային բարերար, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային հերոս Էտուարտօ Էօրնէքեանը։ Այս վերջինը միեւնոյն ժամանակ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերարներէն է։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2020

Յունաստանի իշխանութիւնները կը ծրագրեն արգիլել միանգամեայ օգտագործման կերպընկալէ առարկաները։ Այսպէս, Յունաստանի կառավարութիւնը առաջարկած է աստիճանաբար հրաժարիլ միանգամեայ օգտագործման կերպընկալէ առարկաներէն:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2020

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Պաքուի ազատագրման 102-րդ տարեդարձին առթիւ տեղի ունեցաւ այս զրոյցը, որու ընթացքին Էրտողան շնորհաւորութիւններ յղեց Իլհամ Ալիեւին եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդին։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2020

Միացեալ Նահանգներու մէջ կազմակերպուած աճուրդի մը ընթացքին Ապրահամ Լինքոլնի մազափունջը վաճառուած է 81 հազար տոլարով։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 16-րդ նախագահ Ապրահամ Լինքոլնի (1809-1865) մազափունջը 81 հազար տոլարով վաճառուած է աճուրդով: Այս մասին հաղորդած է Associated Press գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Պոսթոնի RR Auction աճուրդատան տուեալները:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ յաւելեալ նախազգուշական միջոցներ կը նախատեսուին Իսթանպուլի պարագային։ Նկատի ունենալով համաճարակի ծաւալման թափը՝ պաշտօնական մարմինները նոր արժեւորումի մը ենթարկած են իրավիճակը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2020

Սիրած զբաղմունքէ գործարարութիւն. Insider անդրադարձած է հայկական պանիրի արտադրութեան աւանդութիւններուն։ Ինչպէ՞ս կը պահպանուի Ճամբարակ գիւղին մէջ Հայաստանէ ներս պանիրի պատրաստման հինգ հազար տարուայ աւանդութիւնը. «Insider» անդրադարձած է Հայաստանի մէջ պանիրի պատրաստման աւանդութիւններուն՝ ներկայացնելով «մոթալ» պանիրը:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2020

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը հիւրընկալեց Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարը:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի քննարկումներուն ժամանակ օրակարգի վրայ եկան կրթական ոլորտի բարեփոխումներու նախաձեռնութեան վերաբերեալ մտահոգութիւնները:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2020

Սէրը մեր ուժն է, յոյսը եւ ապագան. Էրիք Կարապետեան ներկայացուցած է «Սիրոյ փանտեմիա» ալպոմը։ Չնայած համավարակի տարածման, որ մեծ վնասներ հասցուց ինչպէս այլ ոլորտներու, այնպէս ալ մշակոյթին, բազմաթիւ ստեղծագործողներ չընդմիջեցին աշխատանքը եւ շարունակեցին գրել նոր գործեր, որոնք սիրով կը ներկայացնեն հանրութեան:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2020

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց արժանթինահայ յայտնի գործարար ու բարերար Էտուարտօ Էրնէքեանը, որ միեւնոյն ժամանակ երկրի Ազգային հերոսի կոչման արժանացած է։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2020

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ իր տարեկան արձակուրդին բերումով կը գտնուի արտասահման, երէկ, Լոնտոնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լորտ Արա Տարզիի հետ։ Հարկ է նշել, որ ներկայ ամսուայ սկիզբին Արա Տարզի ստանձնած է Բրիտանական Գիտութեան ընկերակցութեան նախագահի պաշտօնը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2020

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Չավուշօղլու եւ Փոմփէօ զրոյցի ընթացքին անդրադարձան արեւելեան Միջերկրականի եւ Կիպրոսի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2020

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) երէկ հանդիպում մը ունեցան Փարիզի մէջ։ Ներկայ էր նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2020

ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ

Փողոցներ, տուներ, երբեմն ալ թաղեր կան, որոնք օր մը տեղէ մը անցած ատենդ, յանկարծ միտքդ կ՚իյնան եւ յիշել փորձած ժամանակդ ալ, ուրիշ հին պատկերներ մէջտեղ կ՚ելլեն:
Առաջին անգամ Սան Փաուլոյի 25 De Março թաղը երթալս ալ այդ տեսակ բաներէն մէկն էր:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2020

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Յիսուսի եղբայրները ըսին Իրեն. հոսկէ ել եւ Հրէաստան գնա» (Յհ 7.3):
Մեկնութիւն.
Յակոբը եւ Յովսէն, Սիմոնն ու Յուդան Յովսէփին որդիներն էին եւ Քրիստոսի եղբայրներ կը կոչուէին, եւ կ՚երեւի, որ ասոնք չէ որոնք Քրիստոսին տօնին կը ղրկեն. նախ՝ որովհետեւ կ՚ըսէ թէ եղբայրները հաւատացեալ չէին, իսկ ասոնք՝ հաւատացեալներ:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2020

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Համաճարակին պարտադրած արտակարգ դրութիւնը վատ անդրադարձներ ունեցաւ արուեստի աշխարհին վրայ: Փակուեցան համերգասրահները, թատրոնները, չեղարկուեցան բոլոր հիւրախաղերը, փառատօները եւ նախօրօք մտածուած բոլոր ձեռնարկները:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ իր ներքին գիտակից անցուդարձերուն, գիտակից վիճակով երեք բան կ՚ընէ. կը դիտէ, կը տեսնէ՝ կը զննէ, կը դատէ եւ կը գործէ։ Բանականութեամբ օժտուած մարդ էակին բնական եւ բանական արարքներն են այս երեքը՝ զննել, դատել եւ գործել։

Էջեր