ԱՄՐԱՊՆԴԵԼ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ անդրադարձաւ Երեւան-Պաքու վերջին շփումներուն։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու փոխադարձ այցելութիւնները պատմական բնոյթ ունին։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, կառավարութեան երէկուան նիստէն վերջ, վարչապետը յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ։ Այս առթիւ ան ըսաւ.

«Շատ կարեւոր իրադարձութիւն տեղի ունեցաւ։ Երկու երկիրներու փոխ-վարչապետներու այցերը կը համարեմ պատմական խաղաղութեան գործընթացի հաստատութենականացման տրամաբանութեան մէջ։ Ես շատ ուրախ եմ, որ եկած ենք այս հանգրուանին»։

Փաշինեան դիտել տուաւ, որ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները պէտք է շարունակաբար լաւանան եւ խաղաղութիւնը հետզհետէ պէտք է ուժեղանայ։ «Պէտք է հաստատուին բնականոն յարաբերութիւններ, երկարաժամկէտի մէջ ռազմավարական առումով բարիդրացիական յարաբերութիւններ», ըսաւ Փաշինեան։ Լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ վարչապետը դիտել տուաւ, որ Երեւանն ու Պաքուն չեն քննարկեր հայերու եւ ատրպէյճանցիներու փոխադարձ վերադարձի հարցը։ Այսինքն տեղահանեալներու վերադարձի հարցը։ «Ատրպէյճանցիներու վերադարձի հարց չենք քննարկած եւ չենք քննարկեր, նաեւ չենք քննարկեր Ղարաբաղի հայերու, Պաքուի հայերու վերադարձի հարց, մնացեալ տեղերու հայերու վերադարձի հարց։ Երկու ուղղութեամբ ալ քննարկումները ունին խափանարար ազդեցութիւն ընթացիկ քաղաքական իրավիճակին վրայ եւ զիրար կը թէժացնեն։ Երկու հարցերն ալ քաղաքական օրակարգի վրայ կը պահեն նոյն ուժերը», շարունակեց Փաշինեան։

Բաց աստի, Փաշինեան շեշտեց, որ ամենօրեայ աշխատանք կը կատարուի՝ ապահովելու համար վերադարձը այն հայ գերիներուն ու պատանդներուն, որոնք Ատրպէյճանի մէջ կը գտնուին։ Ան շարունակեց. «Թէ ե՞րբ կ՚ըլլան արդիւնքներ, երբոր ըլլան կը տեսնենք։ Այսպէս կ՚ըսեմ, որովհետեւ չունիմ որեւէ տեղեկութիւն, որու մասին չեմ ուզեր յայտարարել, այլ իմ փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ մինչեւ ոեւէ մէկը սահմանը չհատէ եւ չյայտնուի Հայաստանի տարածքին մէջ, ապա առնուազն լուրջ չէ նման հնարաւորութեան մասին ազդարարել»։

Ատրպէյճան կը շարունակէ ապօրինի ձեւով անազատութեան մէջ պահել 19 հայեր, որոնց շարքին են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչները։ Ծանօթ է, որ անոնք կեղծ մեղադրանքներով դատապարտուած են՝ տարբեր ժամանակներով բարտարկութեան։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան պատասխանեց նաեւ հարցումներու՝ Ստեփանակերտի մէջ աւերուած վերջին եկեղեցիներուն շուրջ։ «Պէտք է որոշենք՝ հակամարտութեա՞ն կ՚երթանք», ըսաւ ան։ 

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, աւելի վերջ ան ըսաւ. «Մոտելաւորենք, օրինակի համար, իրավիճակ մը, երբ սահմանազատման արդիւնքով Արծուաշէնը կը վերադառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան վերահսկողութեան տակ եւ մենք կ՚երթանք ու կը տեսնենք, որ այնտեղ մեծ մզկիթ մը կառուցուած է՝ ըսենք, 2016 թուականին։ Մեր հակազդեցութիւնը ի՞նչ պէտք է ըլլայ», ըսաւ վարչապետը՝ աւելցնելով, որ հակազդեցութիւնը պէտք է հիմնուի այն պայմանաւորուածութիւններուն վրայ, որոնք արձանագրուած եւ հրապարակուած են»։

Ուրբաթ, Մայիս 1, 2026