ՅԱՒԱԿՆՈՏ ՎԵՐԵԼՔ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ երիտասարդ գիտնական տքթ. Քամի Ալեքսանտր Փեքայվազ Գերմանիոյ մէջ արժանացած է շատ կարեւոր մրցանակի մը, որ ամէն տարի կը տրուի նոր սերունդէ գիտնականներուն՝ խրախուսելու համար անոնց ինքնակատարելագործումը։ Այսպէս, Միւնիխի «Լուտվիկ Մաքսիմիլէն» համալսարանէն ներս, տքթ. Քամի Ալեքսանտր Փեքայվազ կը գլխաւորէ երիտասարդ հետազօտողներու խմբակը՝ Գերմանիոյ սրտի եւ երակներու հետազօտութիւններու կեդրոնէն ներս։ Ան վերջերս արժանացած է 2026 թուականի Heinz Maier-Leibnitz մրցանակին, որ սահմանուած է այն հետազօտողներուն համար, որոնք իրենց մասնագիտական գործունէութեան սկիզբին կը գտնուին։ Այսպէսով տքթ. Քամի Ալեքսանտր Փեքայվազ յաջողած է մաս կազմել Գերմանիոյ կարեւորագոյն մրցանակներէն մէկուն արժանացած մասնագէտներու տասնեակին։ Մրցանակաբաշխման հանդիսաւոր արարողութիւնը վերջին օրերուն տեղի ունեցած է Պերլինի մէջ, ուր տքթ. Քամի Ալեքսանտր Փեքայվազ պարգեւատրման ժամանակ մասնագիտական շրջանակներու եւ ոլորտի հեղինակներու բարձր գնահատանքին արժանացած է: Հարկ է նշել, որ տքթ. Քամի Ալեքսանտր Փեքայվազ այսպէսով նուաճած է իր 8-րդ մասնագիտական պարգեւը, ինչ որ բաւական ակնառու արդիւնք մըն է՝ իր տարիքին եւ մասնագիտական գործունէութեան մէջ բոլորած ժամանակաշրջանի տեսակէտէ: 

Տքթ. Քամի Ալեքսանտր Փեքայվազ կ՚աշխատի ընկճախտի եւ դիմադրութեան բջիջներու միջեւ ստեղծուած ուղղակի կապին վրայ։ Այդ առնչութիւնը խոշորացոյցի տակ կը բերէ իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ՝ մինչ յարաբերակցութեան մէջ կը դիտարկէ նաեւ սրտի-երակներու հիւանդութիւններու պարագային արեան խտացումներու վերաբերեալ խնդիրները։

Մասնագիտական շրջանակները եւ այս վերջին պարգեւատրման առթիւ կատարուած հրապարակումները կը վկայեն, թէ տքթ. Քամի Ալեքսանտր Փեքայվազի հետազօտութիւնները ամենաբարձր որակով ուշադրութիւն կը գրաւեն։ Ան հեղինակաւոր մասնագիտական հրատարակութիւններու մէջ գիտական յօդուածներով ալ ուշադրութիւն կը գրաւէ։ 

Հարկ է նշել, որ տքթ. Քամի Ալեքսանտր Փեքայվազի այս յաջողութիւնը առանձնապէս ուրախ առիթ է մեր համայնքին տեսակէտէ՝ քանի ան պոլսահայ ընտանիքի մը որդին է։ 

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք տքթ. Քամի Ալեքսանտր Փեքայվազը, որուն նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք իր ասպարէզին մէջ։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2026