ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ վաղը Թուրքիա պիտի գայ՝ Անթալիայի մէջ մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան 31-րդ համաժողովին՝ «COP-31»ին, այսօր աշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսայի մէջ է։ Նիկոլ Փաշինեան կը մասնակցի Փարիզի Խաղաղութեան 9-րդ համաժողովին։ Այդ հաւաքէն վերջ Փաշինեան արդէն պիտի գայ Անթալիա։ Թէ՛ Փարիզի եւ թէ Անթալիայի մէջ կը նախատեսուին նաեւ իր երկկողմանի հանդիպումները։

Միւս կողմէ, դէպի Ֆրանսա եւ Թուրքիա ուղեւորութիւններու ձեռնարկելէ առաջ, երէկ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Իրանէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը։ Այսպէս, ան տեսակցեցաւ Իրանի փոխ-նախագահ Սէյիտ Համիտ Փուրմուհամմէտիի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան հետ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով՝ Նիկոլ Փաշինեան ողջունեց Իրանի փոխ-նախագահին այցելութիւնը եւ կարեւորեց երկու երկիրներու միջկառավարական յանձնաժողովի արդիւնաւէտ գործունէութիւնը։ 

Վարչապետը համոզուած է, թէ Երեւան եւ Թեհրան յաջողութեամբ կ՚իրականացնեն համատեղ ծրագրեր՝ տարբեր ուղղութիւններով։ Ան շեշտեց, որ անոնք կը նպաստեն երկկողմանի կապերու զարգացման եւ ընդլայնման։

Սէյիտ Համիտ Փուրմուհամմէտի Փաշինեանին փոխանցեց Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի ջերմ ողջոյնները եւ ընդգծեց Հայաստանի հետ համագործակցութեան ընդլայնման կարեւորութիւնը։

Զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստան-Իրան սահմանային ենթակառուցուածքներու զարգացման, ճանապարհաշինական համատեղ ծրագրերուն, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան եւ այլ ոլորտներէ ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ տարածաշրջանային հաղորդուղիներու ապաշրջափակման գործընթացներու եւ անոնց արդիւնքով ստեղծուած հնարաւորութիւններուն շուրջ։

Հարկ է նշել, որ Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ Հայաստան-Իրան միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի 19-րդ նիստը, որու շրջանակներէն ներս Սէյիտ Համիտ Փուրմուհամմէտիի գլխաւորած պատուիրակութիւնն ալ կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2026