ՄԵՔՔԷԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ ԹԵՔՆԻՔ ԱՌՈՒՄՈՎ ԽՈՏՈՐ ՉԻ ՀԱՄԵՄԱՏԻՐ ՆԱԹՕ-Ի ՈՒԽՏԻՆ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Մեքքէի համատեղ պաշտպանութեան համաձայնագիրը թեքնիքապէս կը համապատասխանէ ՆԱԹՕ-ի պայմանագրի հինգերորդ յօդուածին: 

Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ Փաքիստանի միջեւ ստորագրուած փաստաթուղթին արձագանգները կը շարունակուին միջազգային բեմահարթակի վրայ: Անգարա-Ռիատ-Իսլամապատ առանցքի այս կարեւոր իրադարձութիւնը ուշագրաւ դարձած է ամբողջ միջազգային հանրութեան տեսակէտէ՝ մինչ վերլուծաբաններն ալ կը քննարկեն զանազան վարկածներ: Թրքական լրատուամիջոցները կը մատնանշեն, որ Մեքքէի համաձայնագիրը իսլամական ՆԱԹՕ-ի մը ստեղծման ճանապարհը կը հարթէ: 

«Անատոլու» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Հաքան Ֆիտան նշած է, որ Թուրքիա մտադրութիւն չունի Իրանին դէմ պատերազմի մէջ մտնելու: Մեքքէի համաձայնագիրը կը վերաբերի բացառապէս այն պարագաներուն, երբ ստորագրադիր երկիրներէն որեւէ մէկը յարձակման պիտի ենթարկուի: 

Միւս կողմէ, Թեհրանի ղեկավարութիւնն ալ արտայայտեց իր վերաբերմունքը՝ Մեքքէի համաձայնութեան ստորագրութեան կապակցութեամբ: Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտնեց, որ անհանգստութեան որեւէ հիմք չկայ Թուրքիոյ, Փաքիստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրէն: Արդարեւ, Իրան այդ երեք երկիրներուն հետ ունի կրօնական, պատմական եւ մշակութային խոր կապեր: Բանբերի խօսքով՝ այդ համաձայնագիրը կը նշանակէ, որ տարածաշրջանի երկիրները յանգած են այն եզրակացութեան, թէ անվտանգութեան ապահովման հարցերուն մէջ անկարելի է յոյս դնել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու խոստումներուն վրայ եւ այս պատճառով որոշած են յենուիլ սեփական հնարաւորութիւններուն վրայ: Ան աւելցուց, որ Մեքքէի համաձայնագիրը կը վկայէ՝ տարածաշրջանէն ներս ԱՄՆ-ի վերաբերեալ ընկալման փոփոխութեան մասին:  

 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2026