ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՆ ՀԱՄԱՏԵՂ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՄԲ
Երէկ, Հայաստան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Ատրպէյճան համատեղ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկան՝ 8 օգոստոս 2025 թուականին, Սպիտակ տան մէջ կազմակերպուած խաղաղութեան գագաթաժողովի առաջին տարեդարձին առթիւ: Այդ գագաթաժողովին ժամանակ Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ ստորագրուած էին շարք մը կարեւոր փաստաթուղթեր՝ ներառեալ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրումն ու TRIPP նախաձեռնութեան հիմնարար յուշագիրը:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով՝ Երեւանի, Ուաշինկթընի եւ Պաքուի կողմէ հրապարակուած համատեղ յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը.
*
Տարի մը առաջ, նախագահ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ պատմական գագաթաժողով մը, որու ընթացքին վարչապետ Փաշինեան եւ նախագահ Ալիեւ ստորագրեցին խաղաղութեան համատեղ հռչակագիրը: Երեք առաջնորդներու ներկայութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարները նախաստորագրեցին՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին» համաձայնագրի նախագիծը: Այս առաջին տարեդարձի կապակցութեամբ խոր հը-պարտութիւն կայ այն ամէն ինչին մէջ, որ մեր երկիրները հասած են միասին եւ մեծ վճռականութիւն՝ շարունակելու համար կառուցել այն հիմքին վրայ, որ վերջ դրաւ տասնամեակներ տեւած հակամարտութեան եւ Հարաւային Կովկասը դրաւ աւելի բարգաւաճ ապագայի մը ուղիին վրայ: Ի ճանաչումն խաղաղութեան ապահվման ուղղեալ այս պատմական եւ հսկայական ջանքերու՝ վարչապետ Փաշինեան եւ նախագահ Ալիեւ համատեղ առաջադրեցին նախագահ Թրամփի թեկնածութիւնը՝ Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակի համար:
Համատեղ հռչակագիրը, ԱՄՆ-ի աջակցութեամբ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համար ապահովեց յստակ ճանապարահային քարտէս՝ խաղաղութիւնը ամրապնդելու, բարգաւաճման հասնելու եւ գործընկերութիւնը խորացնելու համար: Այս համարձակ առաջնորդներու հանդիպումէն ի վեր, մէկ տարուայ ընթացքին երկիրները շարունակական յաջողութիւններու համար հիմքեր ստեղծեցին:
Հայաստան եւ Ատրպէյճան ապահոված են կայունութիւնը իրենց սահմանի երկայնքով եւ երկուստեք յստակ քայլերու կը ձեռնարկեն յարաբերութիւններու կարգաւորման, սահմաններու սահմանազատման եւ երկարատեւ կայունութեան ապահովման տեսակէտէ կենսական նշանակութեամբ միջոցառումներու ճամբով վստահութեան ամրապնդման ուղղութեամբ: TRIPP տարանցիկ ուղին տեսլականէ կը վերածուի իրականութեան՝ յստակ յառաջընթացով. ինչպէս՝ ենթակառուցուածքներու զարգացումը յառաջ մղելու համար TRIPP-ի զարգացման ընկերութիւն ստեղծելու համար Հայաստան-ԱՄՆ համաձայնութիւնը: Հայաստանի մէջ արդէն կ՚ընթանան ճարտարագիտական հետազօտութիւններ: Իր տարածքէն ներս Ատրպէյճան գրեթէ աւարտած է ցամաքային մայրուղիի եւ երկաթուղիի կառուցումը՝ Հայաստանի տարածքէն ներս գտնուող TRIPP-ին միանալու համար: Երեք երկիրները նաեւ կ՚աջակցին TRIPP-ի շրջանակներէ ներս ելեկտրահաղորդման գծի կառուցման:
ԱՄՆ 201 միլիոն տոլարի դրամաշնորհ յատկացուցած է Անդրկասպեան ձեռնարկութիւններու հիմնադրամին՝ նպաստելու համար մասնաւոր հատուածի ներդրումներու ներգրաւման Անդրկասպեան առեւտրային ուղիի (Միջին միջանցք) Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հատուածներէն ներս: ԱՄՆ խորացուցած է կապերը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ՝ ստորագրելով նոր, երկկողմանի ռազմավարական գործընկերութիւնները սահմանած կանոնադրութիւններ, ինչպէս նաեւ փոխըմբռնման յուշագրեր, ուժանիւթի անվտանգութեան, սահմանային ենթակառուցուածքներու եւ անվտնագութեան, արհեստական բանականութեան եւ կիսահաղորդիչներու նորարարութեան, նաեւ կարեւորագոյն հանքանիւթերու վերաբերեալ, որոնք կը ներդրուին երեք պետութիւններու երկարաժամկէտ բարգաւաճման մէջ եւ արդէն շօշափելի արդիւնքներ տուած են:
Հետեւելով Սպիտակ տան մէջ կայացած խաղաղութեան գագաթաժողովի ոգիին՝ Ատրպէյճան միակողմանիօրէն վերցուցած է բոլոր տարանցման սահմանափակումները Հայաստանի դէմ: Անցեալ մէկ տարուան ընթացքին Ատրպէյճանի տարածքով Հայաստան եւ Հայաստանէն փոխադրուած է շուրջ 60 հազար թոն ապրանք: Ատրպէյճան նաեւ 20 հազար թոն նաւթամթերք մատակարարած է Հայաստանին: Երկու երկիրները կը շարուանակեն աշխատիլ երկկողմանի առեւտրուրի բարձրացման ուղղութեամբ:
Երկու երկիրներու հեռահաղորդակցութեան օփերաթէօրները ստորագրած են համացանցային կապի վերաբերեալ համաձայնագիր մը, որ կը նպաստէ տարածաշրջանային կապուղիներու տեսակաւորման, Հարաւային Կովկասէ ներս յուսալիութեան եւ դիմակայունութեան բարձրացման, ինչպէս նաեւ Եւրոասիոյ հեռահաղորդակցութեան ցանցերու ենթակառուցուածքներու զարգացման:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համատեղ դիմումի հիման վրայ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը եւ յարակից կառոյցները լուծարուած են՝ ի ճանաչումն այն հանգամանքին, որ չլուծուած հակամարտութեան դարաշրջանը աւարտած է: ԱՄՆ-ի հարաւէրով՝ Հայաստան եւ Ատրպէյճան միացած են Խաղաղութեան խորհուրդին, ցոյց տալով, որ անոնք ԱՄՆ-ի կողքին են աւելի խաղաղ եւ բարգաւաճ աշխարհ մը կերտելու ջանքերուն մէջ: ԱՄՆ, Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը վերահաստատեն իրենց անսասան աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ իրաւազօրութեան՝ իրենց միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններէն ներս: Երեք երկիրները կը շարունակեն յանձնառու մնալ օգոստոսի 8-ի համատեղ հռչակագրի լիարժէք իրականացման՝ անոր ոգիին ու տարրին համապատասխան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի բացառիկ տնտեսական ներուժի բացայայտման: Աւելի՛ն, ԱՄՆ կը շարունակէ յանձնառու մնալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ ստորագրուած երկկողմանի կանոնադրութիւններու եւ փոխըմբռնամ յուշագրերու լիարժէք իրականացման, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու հետ իր երկկողմանի յարաբերութիւններու ապագայ ամրապնդման:
Իրական խաղաղութիւնը երբեք մէկ օրուայ մէջ չի կետրուիր, բայց, ինչպէս կ՚ըսէ նախագահ Թրամփ. «Խոստումները տրուած են, խոստումները կատարուած են»: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ տեւական խաղաղութեան ուղղութեամբ իրականացուած քայլերը օրինակ են ամբողջ աշխարհի համար եւ մենք տարածաշրջանի համար կ՚ակնկալենք պայծառ եւ բարգաւաճ ապագայ մը: