ԱՊՈՒ ՏԱՊԻԻ ՄԷՋ ԱՄՆ-Ի ՄԻՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՄԲ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՈՒՔՐԱՅՆԱՅԻ ՄԻՋԵՒ. ՔՐԵՄԼԻՆ ՎԱՂԱՀԱՍ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԽՕՍԻԼԸ

Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաքը` Ապու Տապիի մէջ բանակցութիւններ տեղի ունեցան Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի միջեւ: Հարկ է նշել, որ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութիւնը արդէն հինգերորդ տարին լրացնելու վրայ է եւ ԱՄՆ միշտ կը շարունակէ իր միջնորդական ջանքերը: 

Ապու Տապիի երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին ռուսական պատուիրակութեան գլուխը կը գտնուէր նախագահ Վլատիմիր Փութինի խորհրդատուն` Վլատիմիր Մենտինսքի: Ուքրայնայի պատուիրակութիւնը գլխաւորեց երկրի արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան ղեկավար Ռուստամ Ումերով: Ամերիկեան պատուիրակութիւնն ալ գլխաւորեց նախագահ Թրամփի յատուկ խորհրդականը՝ Սթիւ Ուիթքոֆ: 

Ռուսաստան-ԱՄՆ-Ուքրայնա եռակող բանակցութիւններէն առաջ, ԱՄՆ-ի եւ Ուքրայնայի պատուիրակութիւնները առանձին բանակցութիւն մըն ալ ունեցան՝ Եւրոմիութեան, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Անգլիոյ եւ ՆԱԹՕ-ի ներկայացուցիչներուն հետ: Ծանօթ է, որ Մոսկուա կը մերժէ Քիեւի հետ կարգաւորման գործընթացին Եւրոպայի մասնակցութիւնը: 

Երէկուան բանակցութիւններէն վերջ, Սթիւ Ուիթքոֆ յայտնեց, որ պատերազմէն վերջ Ուքրայնա սեփական անվտանգութեան վերաբերեալ որոշումները պէտք է ինքն իսկ առնէ: Ըստ միջազգային մամուլին՝ Ուիթքոֆի այս խօսքերը որոշ չափով հակասութեան մէջ են ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ նախօրէին արտայայտուածներուն հետ, ըստ որոնց՝ պատերազմի հաւանական աւարտին Ուքրայնայի սահմանները որոշ չափով փոփոխութեան կրնան ենթարկուիլ, այլ խօսքով` Ուքրայնա կրնայ որոշ տարածք մը զիջիլ Ռուսաստանին: 

Բանակցութիւններուն կապակցութեամբ ամենազուսպ եւ ամենասահմանափակ յայտարարութիւնները հնչեցին Մոսկուայէն: Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով համոզուած է, թէ բանակցութիւններու արդիւնքին կապակցութեամբ, վաղահաս արժեւորումներէ պէտք է խուսափիլ: «Բացառիկ լուրերու սպասելը անտեղի կ՚ըլլայ», ըսաւ Տիմիթրի Փեսքով: 

Իր կարգին, Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին ալ յայտնեց, որ Ապու Տապի գործուղղուած պատուիրակութիւնը լիազօրութիւն ունի բոլոր նիւթերուն շուրջ որոշում առնելու: Ան յոյս յայտնեց, թէ ռուսական կողմը բանակցութիւններու այս փուլն ալ չի ծառայեցներ ժամանակ շահելու նպատակին:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2026