ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԷ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան արդէն Անթալիայի մէջ է։ Ան կը մասնակցի Թուրքիոյ տանտիրութեամբ կազմակերպուած՝ «COP-31» գագաթաժողովին։ ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան պայմանագրի ստորագրադիր երկիրներու ղեկավարներուն հաւաքն է այս մէկը, որ միջազգային բեմահարթակի վրայ կ՚արժանանայ անմիջական ուշադրութեան։ Արդարեւ, կլիմայի փոփոխութեան խնդիրը հետզհետէ հրատապ կը դառնայ միջազգային օրակարգի վրայ, իսկ Անթալիայի մէջ ծաւալուն քննարկումներ կը նախատեսուին այս կապակցութեամբ։ Նիկոլ Փաշինեան թէեւ միջազգային այս հաւաքին մասնակցելու նպատակով եկած է Թուրքիա, սակայն, Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի պայմաններուն ներքեւ այսպիսի մասնակցութիւններուն կը վերագրուի բացառիկ նշանակութիւն։
Հայաստանի վարչապետը վերջին օրերուն բառին բուն իմաստով համաժողովէ համաժողով ծրագրի մը կը հետեւի։ Այսպէս, երէկ, ան մասնակցեցաւ Փարիզի Խաղաղութեան 9-րդ համաժողովին, որ Ֆրանսայի հիւրընկալմամբ համախմբեց աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարները։ Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեան Էլիզէի պալատին մէջ հիւրընկալուեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Նիկոլ Փաշինեան եւ Էմմանիւէլ Մաքրոն անդրադարձան Երեւան-Փարիզ յարաբերութիւններու բարձր մակարդակին՝ կարեւորելով բոլոր ուղղութիւններով կապերու զարգացումն ու ընդլայնումը։
Զրուցակիցները քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու վերաբերեալ հարցեր։ Անդրադարձ կատարուեցաւ ենթակառուցուածքներու եւ այլ ուղղութիւններով համատեղ ծրագրերու ընթացքին։
Քննարկուեցան Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան ապագայ զարգացման վերաբերեալ հարցեր՝ ներառեալ մուտքի արտօնութիւններու ազատականացման գործընթացը։ Ղեկավարները շօշափեցին նաեւ ԵՄ-ի աջակցութեամբ ձեռնարկուած բարեփոխումներու ընթացքին։
Փաշինեան եւ Մաքրոն կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն եւ գործընթացներուն շուրջ։
