ՍՓԻՒՌՔԻ ՅԱՆՁՆԱԿԱՏԱՐ ԶԱՐԵՀ ՍԻՆԱՆԵԱՆ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ ԵՒ ԱՅԼ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, որ այս օրերուն կ՚այցելէ քաղաքս, ջերմ մթնոլորտի մը մէջ կը հիւրընկալուի համայնքային շրջանակներուն կողմէ։ Զարեհ Սինանեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ այցելութեան առաջին օրը այցելած էր Պատրիարքարան, երէկ ալ շարունակեց շփումները՝ այցելելով այն շարք մը հաստատութիւնները, որոնք իրենց առաքելութեամբ կը բնորոշեն թրքահայութեան դիմագիծը։ 

Զարեհ Սինանեանի եւ ընկերներուն երէկուան առաջին կանգառն էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը, ուր հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց զիրենք։ Բացի Պետրոս Շիրինօղլուէն եւ գործակից ընկերներէն, այս հանդիպման ներկայ էր նաեւ ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխան տոց. Սեւան Սվաճըօղլու։ Զարեհ Սինանեան շրջայց մը կատարեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի համալիրէն ներս, ուր հաղորդ դարձաւ այս կառոյցի բազմակողմանի առաքելութեան, պատմական դերակատարութեան եւ համայնքէն ներս ունեցած առանցքային դիրքին։ Արդարեւ, բացի առողջապահական ծառայութիւններէն, հիւանդանոցի համալիրէն ներս ան ծանօթացաւ զանազան երեսակներուն, որոնք ընկերամշակութային եւ այլ դիտանկիւններէ կը համարուին յատկանշական։ Ի լրումն այս բոլորին, բարձրաստիճան հիւրը ուխտի աղօթքն ալ կատարեց Սուրբ Փրկիչ մատրան մէջ։

Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ գործակիցներուն, պատգամաւոր Սեւան Սվաճըօղլուի հետ Զարեհ Սինանեան զրուցեց հիւանդանոցի գործունէութեան վերաբերեալ զանազան հարցերու շուրջ։ Համայնքային վարիչները ընդգծեցին, թէ թրքահայութիւնը անհամբեր է՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը ի կատար ածուած տեսնելու ուղղութեամբ։ Զարեհ Սինանեան հիւանդանոցի «Պետրոս Շիրինօղլու» թանգարանէն ներս ալ ականատես եղաւ՝ հաստատութեան հարուստ պատմութեան եւ խոր աւանդութիւններուն վերաբերեալ զանազան երեսակներու։

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն վերջ, Զարեհ Սինանեան եւ ընկերակիցները այցելեցին Կեդրոնական վարժարան եւ Գարակէօզեան տուն։ Այս երկու փուլերուն ալ անոնք վարչայիններուն կողմէ հիւրընկալուեցան ջերմօրէն։ Զարեհ Սինանեան տեղեկութիւններ քաղեց այս երկու յատկանշական կառոյցներու պատմութեան, գործունէութեան եւ այժմու կացութեան շուրջ։

Ի լրումն այս բոլորին, Զարեհ Սինանեան այցելեց նաեւ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցը, ուր կ՚ուսանին Հայաստանէ արտագաղթած ընտանիքներու դպրոցահասակ երեխաները։ Սա բացառիկ կրթօճախ մըն է՝ քանի Թուրքիոյ մէջ չունի պաշտօնական կարգավիճակ, սակայն, իշխանութիւններու կողմէ հանդուրժուած դիրքի մը վրայ է եւ այնտեղ դասաւանդութիւնը կը կատարուի բացառապէս Հայաստանի ուսուցման ծրագրերուն համապատասխան։ Սինանեան եւ ընկերակիցները ծանօթացան հաստատութեան վարիչներուն, որոնցմէ տեղեկութիւններ քաղեցին վարժարանի գործունէութեան զանազան երեսակներուն շուրջ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2026