ԳՈՅԱԲԱՆԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊ

Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան ընդունեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Անթալիայի մէջ, ուր Թուրքիոյ տանտիրութեամբ տեղի կ՚ունենայ՝ ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան պայմանագրի ստորագրադիր երկիրներու «COP-31» գագաթաժողովը։ Միջազգային այս հաւաքը առիթ հանդիսացաւ Թուրքիա-Հայաստան առանցքին վրայ հերթական բարձր մակարդակի հանդիպման։

Նախագահ Էրտողան վարչապետ Փաշինեանի հետ զրուցելու ընթացքին անդրադարձաւ երկկողմանի բնականոնացման գործընթացի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն եւ տարածաշրջանային նիւթերու։

Էրտողան համոզուած է, թէ Անգարա-Երեւան բնականոնացման գործընթացը շինիչ քայլերով յառաջ կը տարուի եւ այս շրջանակներէն ներս առնուած են թէեւ խորհրդանշական, սակայն կարեւոր քայլեր։ Ան ընդգծեց, որ Թուրքիա անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ զրոյցի ընթացքին Փաշինեան Էրտողանը շնորհաւորեց՝ միջազգային այս մեծ հաւաքի պատշաճ կազմակերպման կապակցութեամբ։ Ան նաեւ ցաւակցութիւն յայտնեց Իզմիրի մետաղագործութեան գործարանէն ներս տեղի ունեցած պայթումի հետեւանքով զոհերուն համար։

Նախագահն ու վարչապետը անդրադարձան Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։ Անոնք ընդգծեցին այդ մէկը յառաջ մղելու եւ տրամաբանական աւարտին հասցնելու կարեւորութիւնը։ Այս առումով կողմերը առանձնացուցին ցարդ իրականացուած միջոցառումներն ու ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, ինչպէս նաեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու ապագայ խթանումը։

Նախագահ Էրտողան եւ վարչապետ Փաշինեան կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ տարածաշրջանային գործընթացներու շուրջ։ Անոնք շեշտեցին Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան հաստատման փաստը՝ նշելով, որ սա նոր ազդակ մը կը հաղորդէ տարածաշրջանային համագործակցութեան զարգացման ի նպաստ։ Նախագահն ու վարչապետը անդրադարձան նաեւ հաղորդուղիներու ապաշրջափակման նիւթին՝ ներառեալ TRIPP նախագծի իրականացման ուղղեալ քայլերը։

Էրտողան-Փաշինեան զրոյցին ներկայ էին նաեւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները՝ Հաքան Ֆիտան եւ Արարատ Միրզոյեան։ Հանրապետութեան նախագահի կողքին էր նաեւ ՄԻԹ-ի ղեկավար Իպրահիմ Քալըն։

«COP-31» գագաթաժողովի ընթացքին նախագահ Էրտողան ունեցաւ ելոյթ մը։ «Երաշտի, մշակելի հողի կորուստի եւ ծայրայեղ օդերեւութաբանական դէպքերու դէմ հրամայական է բարձրացնել միջազգային իրազեկման մակարդակը», համոզուած է նախագահը։ Միեւնոյն ժամանակ, գագաթաժողովի մասնակից ղեկավարներուն խօսք ուղղելու ժամանակ Էրտողան ըսաւ. «Մարդկութիւնը ունի միայն երկրագունդը՝ որպէս սեփական տան միակ պարտէզը։ Կա՛մ պիտի գանգատինք ի տես դժուարութիւններու եւ կամ շարժման պիտի անցնինք՝ կառչելով յոյսէն»։

Գագաթաժողովի բացման, պաշտօնական դիմաւորման փուլին, որպէս հիւրընկալ երկրի ղեկավար՝ Էրտողան բոլոր մասնակիցները դիմաւորեց՝ ընկերակցութեամբ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի, որ եւս Անթալիա եկած է։ Այս փուլին Էրտողան եւ Կութերես դիմաւորեցին նաեւ Նիկոլ Փաշինեանը։ Թրքական լրատուամիջոցները կը հրապարակեն զանազան դրուագներ, որոնք կը ցոլացնեն, թէ Անթալիայի մէջ Էրտողանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած է ջերմ զրոյց մը։

Միւս կողմէ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Անթալիայէն հրաժեշտ առնելով մեկնեցաւ Տապլին, ուր կը մասնակցի Եւրոպական քաղաքական համայնքի 9-րդ գագաթաժողովին, որ կը կազմակերպուի Իրլանտայի տանտիրութեամբ։

Հարկ է նշել, որ Անթալիայի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ունեցաւ նաեւ այլ երկկողմանի հանդիպումներ՝ մանաւանդ մէկտեղուելով Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի հետ։

  

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2026