ԵԹԷ ԱՄԷՆ ԻՆՉ ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ Է…

Մօտաւորապէս ամիս մը առաջ յայտնի դարձաւ զարհուրելի պատմութիւն մը. խորթ մայրը պարբերաբար բռնութեան կ՚ենթարկէր՝ շուրջ մէկուկէս տարեկան երեխան եւ նոյնիսկ զայն սպաննելու փորձ կատարած էր (կ՚օգտագործեմ պաշտօնական ձեւակերպումը)։ Հիմա կ՚առաջարկեմ այդ դէպքին մօտենալ լրագրողի կամ լրատումիջոցի տեսանկիւնէն։ Ի՞նչ պէտք է ընել յանուն «անաչառութեան»՝ փորձել հասկնալ, թէ ինչո՞ւ այդ կինը այդպէս վարուած է՝ գուցէ ծանր մանկութի՞ւն ունեցած է կամ կեանքի այլ դժբախտ հանգամանքներ։ Իսկ կարո՞ղ է պատահիլ, թէ այդ «հասկնալու» ընթացքին մեղմացուի, մշուշով ծածկուի ահասարսուռ իրականութիւնը։ Այստեղ խնդիր կա՞յ «այս կամ այն կողմը ընտրելու»։

Իսկ հիմա պատկերացուցէք, որ այդ կինը հերիք չէ, որ ազատազրկուած չէ, տակաւին ինքնագոհ տեսքով ամէն օր կը յայտնուի մարդոց մէջ, աջ ու ձախ կը սպառնայ, կը յոխորտայ, լկտի եւ անպատկառ վարք կը դրսեւորէ։ Գուցէ դարձեա՞լ պէտք է մտնել այդ վարքի հոգեբանական պատճառներու մէջ, հետազօտել արմատները եւ ներկայացնել նախապատմութիւնը։ Չի բացառուիր, որ այդ ամէնը հետաքրքրական ըլլայ ընթերցողի համար։ Բայց ես չեմ կրնար ազատուիլ այն տպաւորութենէն, թէ այդ բոլոր «հետաքննութիւնները» կը ստուերեն, յետին փլան կը մղեն սարսափելի իրողութիւնը։

Արցախի մէջ հայերը ապրած են առնուազն հինգ հազար տարի՝ այս մասին ինքը՝ Փաշինեանը բազմիցս ըսած է 2020 թուականէն առաջ։ Հիմա այնտեղ ոեւէ հայ չ՚ապրիր։ Մեզի կ՚առաջարկուի «հետաքննել» այդ աղէտի պատճառները։ Եւ «հետաքննելէ» յետոյ գալ եզրակացութեան, թէ սա աղէտ չէր, սա մեծ յաջողութիւն էր, Հայաստանի ինքնիշխանութեան փայլուն յաղթանակ։ Եւ, հետեւաբար, ան, որ այդ ամբողջ գործընթացի թիւ մէկ մեղաւորն է, ան ո՛չ թէ աղէտի պատճառ է, այլ՝ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը փրկած հերոս։ Նման գրեթէ անխուսափելի «եզրայանգումներու» կը բերէ չարիքի հանդէպ «անաչառ» վերաբերմունքը։

Եթէ չկան քննարկման ոչ-ենթակայ, աքսիոմաթիք ճշմարտութիւններ, եթէ ամէն ինչ յարաբերական է, ապա որեւէ գործունէութեան իմաստը, մեծ հաշուով, կը կորսուի։ Այդ թուին՝ լրագրութեան։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2026