ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆԸ ԲԱՑԱԿԱՅ ՉԷ՛ ՄԵԶՄԷ
14 ապրիլին, 112 տարի առաջ, գարնան գեղեցիկ օր մը աշխարհ կու գար Համօ Սահեանը (Հմայեակ Սահակի Գրիգորեան՝ աւազանի անունով, Լոր գիւղ, Զանգեզուրի գաւառ, Սիւնիքի մարզ, 14 ապրիլ 1914 - Երեւան, 17 յուլիս 1993)՝ երկնատուր բանաստեղծական տաղանդի կրակը սրտին:
Խորհրդահայ քերթողութեան 30-ականներու փաղանգի կարկառուն ներկայացուցիչներէն մին յիրաւի, որ իր սերնդակից բանաստեղծներուն՝ Յովհաննէս Շիրազի, Մարօ Մարգարեանի, Սիլվա Կապուտիկեանի, Գէորգ Էմինի, Հրաչեայ Յովհաննիսեանի հետ հրապարակ իջաւ հայրենասիրական սրտաբուխ զեղումներով, ազգայնաշունչ-հայրենաշունչ բաբախումներով իր սիրառատ երգերը շռայլօրէն սերմանելէն Հայաստան աշխարհի բոլոր ածուները, երգեր՝ որոնք Հայաստանի հանդէպ իր պաշտումը տարածեցին Արարատի ու Արագածի գագաթներէն մինչեւ ընդերքները անոնց, պարագրկելով անհունութիւնը հայրենի բնութեան:
Արդարեւ, Համօ Սահեանի աշխարհահայեացքը, հոգեկերտուածքը, նկարագրային գիծերը, յոյզերը, թախիծներն ու սէրերը, քնարաշունչ երգերը, իր բանաստեղծական արուեստին բերին բոլորովին նոր ու վարակիչ շունչ, սահեանական խոհափիլիսոփայական որակ, տաք ու դալար երանգներ: Եւ նոյնքան կենսական՝ իր անխառն սէրերը սփիւռքահայութեան կարօտանքին թովիչ կանչ:
Այսպէս, մեր հիացքին կանչող Սահեանի բանաստեղծութիւնները, անխորտակելի քանդակներու վրայ առնագեղ ու աչքի զարնող գրաւչութեամբ մը կը զատորոշուին վերոյիշեալ անուններու գրարուեստէն: Բնութենապաշտ Սահեան՝ Հայաստան-հայրենիքի բնութիւնը ապրելու, զայն իր երակներուն մէջ հոսեցնելու, իրերը խորապէս զգալու, զանոնք ի՛րը ընելով աշխարհի՛ն, մարդկութեա՛ն պարզելու, անոնց հետ նոյնանալու իւրօրինակ առաքելութիւն մ՚ունի, սահեանակա՛ն իմաստնութիւն: Սահեան կարդալով, հայերէնապաշտութեան ըմբոստագին մեղեդիներու գողտր գինովութիւնը կը ծաւալի սիրտիդ եւ ուղեղիդ, արեանդ մէջ: Ու այդ բոլորը թեւաբախելով հայու դարաւոր հաւատքով, քերթուածին սիրառատ բառերը նոյն ատեն կը վերածեն աննահանջ պայքարի, որոտուն բանակի՝ հայկականութեա՛մբ պայթող, տարուան չորս եղանակներուն.
Գարունդ հայերէն է գալիս,
Ձիւներդ հայերէն են լալիս,
Հայերէն են յորդում ջրերդ:
Հաւքերդ երգում են հայերէն,
Խոփերդ հերկում են հայերէն,
Հայերէն են տոկում գրերդ:
Արեւդ հայերէն է ծագում,
Ծառերդ հայերէն են ծաղկում,
Հայերէն են պայթում բառերդ:
Հունտերդ ծլում են հայերէն,
Ձեռքերդ կռում են հայերէն,
Հայերէն են լռում քարերդ:
Ձորերդ հայերէն են շնչում,
Զոհերդ հայերէն են ննջում,
Հայերէն են տանջում ցաւերդ:
Որքան էլ ձեռից գնացել,
Դու էլի հային ես մնացել,
Հայերէն են յառնում սարերդ:
Թող Աստուած եղածը պահի,
Եւ յետոյ ի՛նչ էլ պատահի,
Ձիւներդ հայերէն են լալու,
Գարունդ հայերէն է գալու,
Հայերէն են գալու դարերդ:
Բանաստեղծին քերթողութեան առանցքը Հա՛յն ու Հայերէ՛նն է, Հող-Հայաստա՛նն է, ամէն մէկ ածուն հայրենի, շեշտուածօրէն՝ հայրենի Սիւնիքի մարզի Սիսիանի Լոր գիւղի ակունքները, ուր ապագայ քերթողը ապրեցաւ 13 տարի եւ արեան մէջ կուտակեց անոնց բաբախումները բերրի…:
Համօ Սահեան միջնակարգ կրթութիւնը կը ստանայ Պաքու՝ 1927-ին այնտեղ տեղափոխուելէ ետք, ուր կ՚ապրէր իր մօրեղբայրը: 1939-ին Պաքուի մանկավարժական ինստիտուտի լեզուագրական բաժինը փայլուն յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, յաջորդ երկու տարիներուն ան կ՚աշխատի տեղի «Խորհրդային Գրող» ամսագրին մէջ՝ որպէս գրական էջի պատասխանատու: Կ՚աշխատակցի իր ժամանակի զանազան թերթերուն: Հայրենական մեծ պատերազմի ժամանակ՝ 1941-1945 թուականներուն կը ծառայէ ռազմածովային ուժերու մէջ որպէս նաւաստի Կասպիական նաւատորմի: Յաջորդ տարի՝ 1946-ին, Ստեփան Զօրեանի խրախուսանքով եւ օգնութեամբ լոյս կը տեսնէ իր երախայրիքը՝ «Որոտանի եզերքին» խորագրով, յառաջաբանովը Զօրեանի: Հատորը իրեն կ՚ապահովէ լայն ժողովրդականութիւն՝ յատկապէս «Նաիրեան դալար բարդի» բանաստեղծութեամբ, հաստատելով իր ուրոյն տեղը խորհրդահայ քնարերգութեան մէջ, ուր մանաւանդ կը ցոլայ բանաստեղծին տածած խոր երախտագիտութիւն-ձօներգութիւնը Զօրեանի հանդէպ.
Դուք հօր նման խիստ էք եղել,
Ու հօր նման ներող,
Ձեր խորհուրդը խորն է եղել
Ու խրատը՝ գերող:
Սահեանի բանաստեղծական գլխաւոր երկերու մատենագիտական ցանկը՝ «Որոտանի եզերքին»ին յաջորդած, կը ներկայացուի հետեւեալ կարգով. «Առագաստ» (1947), «Սլացքի մէջ» (1950), «Ծիածանը տափաստանում» (1953), «Բարձունքի վրայ» (1955), «Նաիրեան դալար բարդի» (1958), «Հայաստանը երգերի մէջ» (1962), «Մայրամուտից առաջ» (1964), «Բանաստեղծութիւններ» (Ա. հատոր, 1967) «Քարափների երգը» (1968), «Բանաստեղծութիւններ» (Բ. հատոր, 1969), «Տարիներս» (1970), «Սեզամ, բացուիր» (1972), «Կանչէ, կռունկ» (1972), «Իրիկնահաց» (1977), «Ժայռին մասուր է կաթում» (1979), «Կանաչ-կարմիր աշուն» (1980), «Տոհմի կանչը» (1981), «Դաղձի ծաղիկ» (1986), «Ինձ բացակայ չդնէք» (1998, մահէն ետք հրատարակուած) եւ տարբեր հրատարակչատուներու կողմէ իր բանաստեղծութիւններու ընտրանին կազմող այլ գիրքեր:
Յատկանշական է նաեւ հետեւեալը. Սահեանի երկերուն մէջ անձնաւորութիւններ են կամ կ՚անձնաւորուին ծիտն ու արտոյտը, արեւն ու անձրեւը, գետն ու լիճը, հողն ու այգին, կայծակն ու ձորը, բարտին ու մանուշակը, որոնք ամէն օր կը սպասուին բանաստեղծին հիւրընկալ տունէն ներս՝ անոնց հետ վերանալով անվերջ զրոյցներու մէջ.
Անց կացաւ օրըս, արեւաւորըս.
Դու ե՞րբ ես գալու իմ թեւաւորըս,
Իմ թուխ արտոյտըս, իմ սիրուն լորըս,
Իմ հեռաւորըս, դու ե՞րբ ես գալու:
Բացել եմ դուռըս, բացել եմ դուռըս,
Խորն է կարօտըս, խորն է մրմուռըս,
Իմ կանաչ կուռըս, իմ ծաղկած նուռըս -
Իմ քնքուշ քոյրըս, դու ե՞րբ ես գալու…
Արդ, ձեր մտածման տողանցքին կանչեցէք հայրենի լաւագոյն արձակագիրներէն Հրանդ Մաթեւոսեանի հողին ու գիւղին, դաշտին ու արտին, գարնանային ու աշնանային հոգեգրաւ գեղեցկութիւնները՝ խառնուած բնութեան կանչին, դուք պիտի գտէք մտածման ու զգացման այն հարազատ ներդաշնակութիւնը, որ կը բաբախէ Համօ Սահեանի բանաստեղծութեան մէջ, առաջինը՝ վարպետութեամբ արձակի, երկրորդը բանաստեղծական ճարտարապետութեամբ, թէեւ տարբեր սերունդներու գրողներ, որոնք խորհրդահայ գրականութեան բերին վաւերական յաջողուածքները իրենց երկերուն:
Այս իմաստով որքա՛ն իրաւացի է Հրանդ Մաթեւոսեան, որ վեր առնելով Համօ Սահեանի գրականութիւնը՝ որ հաղորդ մնաց իր ժամանակի եւ բոլոր ժամանակներու շունչին ու պայքարի ոգիին, անոնց համագրաւ մտածումին, հետեւեալը արձանագրեց. «Համօ Սահեանը ճի՛շդ մարդն էր, իր կռուի ժամին կռուեց, խաղի ժամին խաղաց ու խայտաց, խոստովանանքի իր պահը՝ որ դիմագիծ է պարգեւում ճշմարիտ գրականութեանը՝ բաւական երկարատեւ էր, եւ հեռանալու ժամին հեռացաւ…»:
Ու ամէն ապրիլի 14-ին, երբ ծագի գարնան առաւօտը Հայաստանի ու սփիւռքի երկինքներուն, ինչպէ՞ս կրնանք մոռնալ «Նաիրեան դալար բարդի»ի համբաւաւոր երգիչի Որոտանի որոտագոռ կարկաչները սահեանական քնքշութեամբ: Ինչպէ՞ս «բացակայ դնել» Սիւնիքի պարիսպներուն հսկող քանքարավառ Սահեանը, այն հայկական Սիւնիքի, որուն անվտանգութեան կը սպառնան տարատեսակ թշնամիներ, երբ Սահեանի հզօր երգերուն կառչած՝ այսօր, որեւէ ժամանակէ աւելի, այնքա՜ն կարօտ ունինք սահեանական խորհուրդներուն, պատգամներուն, անոր աննուաճ, հնադարեան ու չհինցող Երգին, որ մեր Հայաստա՛նն է ու Հայոց Լեզուն:
Արդարեւ, Համօ Սահեանը, երբե՛ք բացակայ չէ մեզմէ, ո՛չ իսկ մէկ վայրկեան՝ մեր միտքէն ու զգացումներէն: Մեր առօրեայ կեանքի ու կենսապայքարի այսօրուան ժամանակները հեռատեսօրէն կանխատեսելով՝ ան քաջ գիտէր, որ գալիք դարերուն Հայը բացակայ պիտի չդնէ իր չհանգող Երգը, իր գրարուե՛ստը, որ Հայաստա՛նն է.
Ձեր լռութիւնը զնգում,
Զրնգում է ձորով մէկ,
Ձեր լռութեան համերգում
Ինձ բացակայ չդնէք:
Համբերութիւն եմ ասում,
Ակնարկներս կրկնէք,
Համբերութեան հանդէսում
Ինձ բացակայ չդնէք:
Ձեր շուրջը ամպ է, կայծակ,
Քնով չանցնէք, չքնէք:
Քնեցիք էլ, արթնացաք,
Ինձ բացակայ չդնէք:
Թւում է, թէ կամենաք,
Մի օր երկինք կը թռնէք…
Ձեր թռիչքի ժամանակ
Ինձ բացակայ չդնէք:
Ձեր պնդութեան պաշարով
Դուք աշխարհներ կը սնէք,
Իմ մեղմութեան պատճառով
Ինձ բացակայ չդնէք:
Ոչ խոստումներ, ոչ երդում,
Չսպասէք ու չքննէք…
Անվերջ, անշարժ ձեր երթում
Ինձ բացակայ չդնէք:
Եւ այսօր, տագնապալի լռութեան մեծ համերգին մէջ, ան՝ տիտղոսաւոր քերթողը, Համօ Սահեանը, ո՛չ միայն բացակայ չէ մեզմէ, անձեռնմխելի՛ հայրենի Զանգեզուրի գաւառի Սիւնիքի յառաջապահ ջահակիրը, այլ յաւերժ ներկայութի՛ւն է զրնգուն ու անշէջ…:
«Ծաղիկ»-«Աղթամար»
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
Պէյրութ