ԾԱՆՐ, ԲԱՅՑ ԿԱՅՈՒՆ

Հայաստանէն յայտնի վերլուծաբան Ռիչըրտ Կիրակոսեան, որ անցեալ շաբաթ ուղեղային խռնում մը ունեցած էր քաղաքիս մէջ, կը շարունակէ մնալ դարմանման տակ։ Կը տեղեկանանք, որ Ռիչըրտ Կիրակոսեան վերջին օրերուն ենթարկուած է բարդ վիրահատութեան մը։ Ան ներկայիս կը գտնուի խտացեալ խնամքի բաժանմունքէն ներս։ Ռիչըրտ Կիրակոսեանի առողջական վիճակը թէեւ ծանր է, սակայն, կայուն։ Այս ընթացքին իր եղբայրը քաղաքս փութացած է՝ հետեւելու համար դարմանման ընթացքին։

Ռիչըրտ Կիրակոսեանի դարմանման յառաջիկայ հաւանական փուլերուն վերաբերեալ մասնագէտները առայժմ կը դժուարանան բան մը ըսել, որովհետեւ անոնք կը նախընտրեն ծանր վիրահատութենէ վերջ առայժմ քունի մէջ, թմրած վիճակով պահել հիւանդը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2026