ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՈՀՈՒԹԻՒՆ
Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հիւրընկալմամբ, Փարիզի մէջ կազմակերպուեցաւ Կամաւորներու համախոհութեան գագաթաժողովը, որու ընթացքին շօշափուեցան Ուքրայնայի տագնապի լուծման հեռանկարները։ Էլիզէի պալատէն ներս կազմակերպուած հաւաքին մասնակցեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան՝ որպէս ներկայացուցիչը Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի։ Կամաւորներու համախոհութիւնը քաղաքական ու դիւանագիտական համակարգման ձեւաչափ մըն է, որու համանախագահներն են՝ Ֆրանսա, Գերմանի եւ Անգլիա։ Այս հարթակը կը համախմբէ՝ մեծաւ մասամբ Եւրոպայէ երեսունեօթ երկիր։ Փարիզի վերջին հաւաքին ներկայ էին նաեւ Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր եւ Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց։
Կամաւորներու համախոհութեան հարթակին վրայ հերթական անգամ օրակարգի վրայ եկան Ուքրայնային աջակցելու հարցերը՝ ապահովելու համար արդար ու երկարատեւ խաղաղութիւն, նաեւ հաւանական հրադադարի մը հաստատումէն վերջ նոր բռնութիւններու կանխումը։ Փարիզի քննարկումները կեդրոնացան Ուքրայնային ի նպաստ աջակցութեան ամրապնդման վրայ։
Հարկ է նշել, որ Եւրոպական Միութիւնն ալ այս շրջանին կը ջանայ ճնշումները սաստկացնել Ռուսաստանին վրայ՝ նոր պատժամիջոցներու սահմանմամբ։ Էլիզէի պալատի քննարկումներուն ներկայ էր նաեւ Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի։
Նախագահ Մաքրոն գագաթաժողովի աւարտին յայտարարեց, որ Կամաւորներու համախոհութիւնը պիտի ստեղծէ բազմակողմանի զօրք մը, որ յառաջիկայ ամիսներուն ռազմափորձեր պիտի կատարէ նաեւ Ուքրայնայի հարեւան երկիրներու մէջ։
