ԿԱՐԵՒՈՐ ԿԱՆԳԱՌ
Պէյօղլուիի քաղաքապետութեան կողմէ այս տարի արդէն երկրորդ անգամ կազմակերպուած են՝ Եւրոպայի մշակոյթի օրերը: Այս նախաձեռնութիւնը միշտ կ՚արժանանայ գեղարուեստասէր հասարակութեան անմիջական ուշադրութեան: Այս տարուանին յայտագրին մէջ ընդգրկուած է՝ նշանաւոր «Ուրբաթ, շաբաթ, կիրակի» ցուցահանդէսը: Սա Թուրքիոյ մէջ միաստուածեան երեք կրօններու հետեւորդներու հոգեւոր կեանքն ու աւանդութիւնները կը ցոլացնէ՝ վարպետ նկարիչներու ոսպնեակէն:
Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ բացուած է ցուցահանդէսը, որ բաց պիտի մնայ մինչեւ սեպտեմբերի 20-ը:
«Ուրբաթ, շաբաթ, կիրակի»ն մտայղացումն է՝ յոյն համայնքի յայտնի գործիչներէն Լաքի Վինկասի: Այս վերջնոյն խրախուսանքով ստեղծուած լուսանկարչական ծրագիրը արդէն դարձած է իւրայատուկ աշխատանք մը: Ցուցահանդէսը «Նարեկեան» սրահի երդիքին տակ կը կրկնուի՝ արդէն 19-րդ անգամ: Ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուած են շարք մը յայտնի լուսանկարիչներու գործերը. օրինակ՝ Մկրտիչ Արծիւեան, Պերճ Արապեան, Ալպերթօ Մոտիանօ, Էմինէ Իւլքերիմ, Նիքօ Մանկինաս (հանգուցեալ), Մարթա Սոմէք եւ Նաթալի Ռիթման:
«Ուրբաթ, շաբաթ, կիրակի» լուսանկարչական ցուցահանդէսի արդէն 19-րդ անգամ կրկնուիլը ինքնին ապացոյց մըն է անոր արժէքին տեսակէտէ։ Արդարեւ, այդ 19 ցուցահանդէսներուն բոլորը միայն Թուրքիոյ մէջ ալ տեղի ունեցած չեն՝ քանի բազմիցս արտասահմանի մէջ ալ կրկնուած է այս ցուցահանդէսը։ Թուրքիոյ մէջ հասարակական կեանքի ընդհանուր դրուածքին եւ մասնաւորապէս համակեցութեան տեսակէտէ ընդհանուր պատկերացում մը կազմելու առումով մեծ նշանակութիւն ունի այս ցուցահանդէսը։ Թէեւ խմբային նախաձեռնութիւն մըն է այս մէկը, սակայն, ատեն ատեն ցուցահանդէսը կը հասնի մասնակից իւրաքանչիւր լուսանկարիչի պարագային անհատական ներկայացման մըն ալ եզրին։ Արդարեւ, «Ուրբաթ, շաբաթ, կիրակի» ցուցահանդէսին մէջ ընդգրկուած են գործերը այնպիսի լուսանկարիչներու, որոնք ունին տարբեր պատկանելիութիւն։ Հայ, թուրք, հրեայ, յոյն կամ այլ ազգերէ ու դաւանանքներէ լուսանկարիչներ մասնակցութիւն կը բերեն այս ցուցահանդէսին, ինչ որ նախագծին կու տայ տարբեր խորք մը։ Արդարեւ, իւրաքանչիւր լուսանկարիչ կը նկարահանէ թէ՛ իր պատկանած հաւաքականութեան եւ թէ միւսներուն վերաբերեալ դրուագներ, ինչ որ անգնահատելի արժէք կը վերագրէ այս հաւաքական ցուցադրութեան։