ՊԱՅՐԱՄՈՎ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր կը հիւրընկալէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը, որ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Մոսկուա։

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերջին օրերուն յայտարարած էր, որ իր երկրի եւ Ռուսաստանի միջեւ յարաբերութիւնները հարթուած են։ Յամենայնդէպս, Պայրամովի Մոսկուա ժամանման ընդառաջ, Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով յայտարեց, որ Ռուսաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մէջ առկայ են տարաձայնութիւններ։ Իր խօսքով՝ Մոսկուա եւ Պաքու տարբեր վերաբերմունք ունին Ուքրայնայի շուրջ իրադրութեան։ Բայց եւ այնպէս, ռուսական կողմը ունի շահապաշտ մօտեցում եւ անհրաժեշտ չի համարեր երկկողմանի յարաբերութիւններու հարցերը առնչակից դարձնել նման գնահատականներու հետ։ 

«Գոյութիւն ունին շարք մը պետութիւններ, որոնց հետ մօտիկ յարաբերութիւններ ունինք եւ որոնք որդեգրած են դիրքորոշում մը, որուն հետ մենք բացարձակապէս համաձայն չենք։ Այո, սա մեր տարաձայնութիւններու առարկան է։ Միեւնոյն ժամանակ, մենք կը կարծենք, թէ սա պատճառ մը չէ, որպէսզի այդ հարցը ստուեր մը թողու մեր երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ, այստեղ մենք շահապաշտ մօտեցում կը ցուցաբերենք», ըսաւ Փեսքով։

Ի լրումն այս բոլորին, Տիմիթրի Փեսքով մատնանշեց, որ Ալիեւի դիրքորոշումը սխալ է Ուքրայնայի հարցի պարագային։ Մոսկուա պիտի շարունակէ հետեւողականօրէն եւ փաստարկուած ձեւով բացատրել իր տեսակէտը այս հարցին կապակցութեամբ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 16, 2026