ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԻՒՆՆԵՐ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ TRIPP երթուղիի պարագային սահմանային անվտանգութեան եւ մաքսային բոլոր գործառոյթները կը մնան Հայաստանի վերահսկողութեան ներքեւ: ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութիւնը պատասխանեց հարցումի մը՝ TRIPP երթուղիէ ներս Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) կարգաւորումներու վերաբերեալ։
Վերջին օրերուն Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարարը յայտարարած էր, որ Սիւնիքի մարզով Ատրպէյճանը Նախիջեւանին պիտի կապէ TRIPP-ը, որ պիտի գործէ ԵԱՏՄ-ի տարանցման կանոնակարգերուն համապատասխան։ Այս կապակցութեամբ «Ազատութիւն» ռատիոկայանը շօշափեց ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան տեսակէտը՝ մասնաւորապէս հետաքրքրուելով, թէ արդեօք ԱՄՆ՝ որպէս TRIPP-ի մասնակից, համաձա՞յն է, որպէսզի տարանցիկ երթուղին գործէ ԵԱՏՄ-ն կարգաւորող շրջանակին ներքեւ եւ արդեօք TRIPP-ի շրջանակներէն ներս մաքսային տարանցման ընթացակարգերը պիտի կարգաւորուի՞ն ԵԱՏՄ-ի կանոնակարգերով եւ եթէ այո, ապա այս հարցի շուրջ Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ արդէն իսկ կա՞յ փոխադարձ ըմբռնում մը կամ համաձայնութիւն մը։
Նիւթը թէեւ մանրամասն հարցումներու դուռ բացած է, սակայն, ամերիկեան դիւանագիտական լծակներու պատասխանը եղած է հակիրճ: «TRIPP-ը կը պահպանէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ իրաւազօրութիւնը։ Սահմանային անվտանգութեան եւ մաքսային բոլոր գործառոյթները կը մնան Հայաստանի վերահսկողութեան ներքեւ, Հայաստանի իշխանութիւնները կ՚իրականացնեն վերահսկողութիւնը եւ կը կայացնեն առանցքային որոշումները», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Բաց աստի, պետական քարտուղարութիւնը պատասխանած է ուրիշ հարցի մը, թէ արդեօք ԱՄՆ կը նախատեսէ՞ որեւէ փոփոխութիւն գործող կարգաւորող շրջանակին կամ տարանցման առանձին կանոններու հաստատում TRIPP-ի պարագային։ Պետական քարտուղարութիւնը անպատասխան թողած է այս հարցը։ Ի լրումն այս բոլորին, ռատիոկայանը հետաքրքրուած է, թէ արդեօք Ուաշինկթըն սա քննարկա՞ծ է Երեւանի եւ Պաքուի իշխանութիւններուն հետ։ Պետական քարտուղարութեան խօսնակը այս կապակցութեամբ միայն յայտնած է, թէ Ուաշինկթըն կը շարունակէ աշխատիլ Պաքուի հետ՝ ռազմավարական գործընկերութեան փաստաթուղթին մէջ ամրապնդուած առաջնահերթ ուղղութիւններուն շուրջ՝ ներառեալ տարածաշրջանային փոխկապակցուածութիւնը, տնտեսական ներդրումները, ուժանիւթը, անվտանգութեան ոլորտէ ներս համագործակցութիւնը եւ արհեստական բանականութիւնը։
Ուաշինկթըն այս պահուն կը հրաժարի նաեւ պաշտօնապէս տեղեկացնելէ, թէ մինչեւ այս պահը որքա՞ն գումար յատկացուցած է TRIPP նախագծին համար։
Միւս կողմէ, այսօր Հայաստանի կառավարութեան ժողովի ընթացքին օրակարգի վրայ կու գայ TRIPP-ի վերաբերեալ ԱՄՆ-ի հետ ստորագրուած համաձայնագրի վաւերացման հարցը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, կառավարութիւնը առաջարկած է հաւանութիւն տալ համաձայնագիրը վաւերացնելու վերաբերեալ օրէնքի նախագծին։
Կառավարութեան որոշման նախագծով նախատեսուած է համաձայնագրին մէջ ամրագրուած պարտաւորութիւններու՝ Սահմանադրութեան համապատասխանութիւնը որոշելու նպատակով դիմել Սահմանադրական ատեան։
Ամերիկեան կողմէ ալ TRIPP-ի վերաբերեալ կը կատարուին կարգադրութիւններ։ Այսպէս, TRIPP+ հիմնադրամի ղեկավար նշանակուած է Քոնստանդին Սոքոլով։ Այս վերջինը Ռուսաստանէն է, Շիքակոյի մէջ կ՚աշխատի, որպէս մասնաւոր ներդրող։ Յիշեալ հիմնադրամը ստեղծուած է ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան կողմէ։ Նպատակն է վերահսկել Կեդրոնական Ասիոյ առեւտրային միջանցքի համար յատկացուած աւելի քան 200 միլիոն տոլարը՝ ներառեալ փոխադրութեան, ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ կարեւորագոյն հանքանիւթերու ոլորտներէ ներս ներդրումները։