ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ՃԱՏՐԱԿ
Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն եւ Եւրոմիութեան անդամ շարք մը երկիրներու ղեկավարներ երէկ այցելեցին Քիեւ։ Վերջին օրերուն Փարիզի մէջ տեղի ունեցած էր Կամաւորներու համախոհութեան գագաթաժողովը, որուն յաջորդեց Քիեւի երէկուան հաւաքը, որու ընթացքին յայտարարուեցաւ Ուքրայնայի եւ Եւրոմիութեան պաշտպանական արդիւնաբերութիւնները համարկելու ուղղեալ նոր նախաձեռնութիւններու մասին։ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի ծագելէն ի վեր Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն արդէն 11-րդ անգամ կ՚այցելէ Ուքրայնա։
«Սա յատուկ պահ է, Ուքրայնա ստեղծած է ուժեղ ռազմական թափ մը։ Իրավիճակը կը փոխուի։ Ես կը յայտարարեմ մեր պաշտպանական արդիւնաբերութիւնները համարկելու նոր նախաձեռնութիւններու մասին, որպէսզի մենք կարողանանք աւելի շատ եւ աւելի արագ արտադրել։ Մենք կը քննարկենք նաեւ Ուքրայնայի ԵՄ-ին անդամակցութիւնը եւ այս ձմրան նախապատրաստական աշխատանքները», դիտել տուաւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահը։
Կը հաղորդուի, որ Ուքրայնա ներկայիս կ՚արտադրէ տարեկան 10 միլիոն անօդաչու թռչող սարք եւ յառաջիկային այդ ցուցանիշը պիտի հասցնէ 20 միլիոնի։
Միւս կողմէ, «Financial Times»ը հաղորդեց, որ Ուքրայնային արտօնուած է՝ Եւրոմիութեան տրամադրած պաշտպական վարկի միջոցներով ձեռք բերել Չինաստանի մէջ արտադրուած անօդաչուներու բաղադրիչներ։