ՅԱՒԱԿՆՈՏ ՆՈՒԱՃՈՒՄ
Գոհունակութեամբ վերահսու կ՚ըլլանք, որ վարպետ քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան արդէն եզրափակիչ փուլ հասած է՝ Միջցամաքամասային երաժշտական մրցանակին (ICMA) մէջ։ Ան «Լաւագոյն երաժիշտ» անուանակարգին մէջ կը մրցի եւ արդէն այս կէտին հասած ըլլալը ինքնին վկայութիւն մըն է, թէ ինչ մակարդակի արուեստագէտ մըն է:
Աշխարհի աւելի քան հարիւր երկիրէ շուրջ երեք հազար հինգ հարիւր արուեստագէտ կը մասնակցի այս մրցակցութեան։ Մարիաննա Գէորգեան եզրափակիչ փուլ հասած միակ մասնակիցն է, որ կը ներկայացնէ Հայաստանը։
Ան 2025 թուականին ալ արժանացած էր՝ «Համաշխարհային խորհրդանիշ վիրթիէօզ երաժիշտ» (Global Icon Awards) տիտղոսին։ 2020 թուականին ալ ստացած էր համաշխարհային «World Folk» մրցոյթի գլխաւոր մրցանակը եւ բազմաթիւ միջազգային մրցումներու առաջին կարգի դափնեկիր է։
Մարիաննա Գէորգեան Երեւանի «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի «Տաղարան» հնագոյն երաժշտութեան համոյթի մենակատար քանոնահարուհիներէն մին է։
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Մարիաննա Գէորգեանը, որուն յաջողութիւն կը մաղթենք այս կարեւոր մրցոյթի աւարտական փուլին։