ՔԻԵՒԻ ՄԷՋ ԿՈՉ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հետամուտ է Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի վերջ գտնելուն՝ այն համոզումով, թէ պատերազմը չ՚ունենար շահող կողմ, իսկ խաղաղութիւնը կորսնցնող։ Այս սկզբունքին հիման վրայ, Թուրքիա կը վերահաստատէ իր զօրակցութիւնը Ուքրայնայի տարածքային ամբողջականութեան ի նպաստ։ Բաց աստի, Ուքրայնայի ժողովուրդին կողմէ ցուցադրուած դիմադրութիւնը տարբեր չափումներ կը վերագրէ պատերազմին։
Երէկ, Հաքան Ֆիտան շփումներ ունեցաւ Քիեւի մէջ, ուր տեսակցեցաւ Ուքրայնայի արտաքին գործոց նախարար Անտրիյ Սիպինայի հետ: Բանակցութիւններու ընթացքին Ֆիտան փոխանցեց Անգարայի զգուշացումը, թէ պատերազմը պէտք չէ տեղափոխուի Սեւ ծով։ Արդարեւ, Սեւ ծովի մէջ նաւահանգիստներու, բեռնատար նաւերու կամ ձկնորսներու նաւերու թիրախաւորումը կը նշանակէ վտանգի ենթարկել քաղաքային ժողովուրդը, ինչ որ անհանդուրժելի է։
Քիեւի մէջ Հաքան Ֆիտան ընդունուեցաւ նաեւ Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի կողմէ, որ պետական շքանշանով պարգեւատրեց զինքը։
Նախարար Հաքան Ֆիտանի Քիեւի շփումներուն զուգահեռ՝ հերթական անգամ յայտարարուեցաւ, որ Թուրքիա պատրաստ է հիւրընկալելու Ռուսաստան-Ուքրայնա նոր բանակցութիւններ։