ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՋԱՆՔԵՐ
Մերձաւոր Արեւելքը կը շարունակէ համաշխարհային հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Միջազգային բոլոր դերակատարները կը ջանան իրենց նպաստը բերել՝ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ։ Մասնաւորապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իրան-Իսրայէլ առանցքի պատերազմը շատ լուրջ կացութիւն մը ստեղծած է՝ մինչ Լիբանանի հարաւն ալ կը շարունակէ ենթարկուիլ Իսրայէլի յարձակումներուն։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 81-րդ նստաշրջանի բացման ներկայ շրջանին, դժբախտաբար, միջազգային համակարգի հնարաւորութիւնները բաւարար չեն ըլլար՝ գոնէ մարդասիրական աղէտները կանխելու համար։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, Արեւմուտքի դերակատարները միշտ ջանքեր կը գործադրեն տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան հաստատման եւ իրենց կշիռի երաշխաւորութեան ուղղութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ, Ֆրանսան ալ կը ձգտի Մերձաւոր Արեւելքի դերակատարներուն հետ համագործակցութիւնը նոր հարթութեան մը վրայ դնել։ Փարիզի ղեկավարութեան կողմէ նկատելի է յանձնառութիւն՝ տարածաշրջանէն ներս կայունութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերու գործադրութեան ուղղութեամբ։
Երէկ, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն Փարիզի մէջ հիւրընկալեց Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորն ու Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աունը։ Մաքրոն իր հիւրերուն հետ ունեցաւ առանձնազրոյցներ, ինչպէս նաեւ անոնց հետ գլխաւորեց՝ Էլիզէի պալատի երդիքին տակ կազմակերպուած կարեւոր հանդիպում մը, որու նպատակն էր Լիբանանի բանակին եւ անվտանգութեան ուժերուն զօրակցութիւն ապահովելը։
Ապտուլլահ Բ. թագաւորին եւ նախագահ Աունին հետ հանդիպումներէն վերջ Մաքրոն նշեց, որ անոնք տարածաշրջանի կայունութեան ուղղութեամբ միասնաբար աշխատելու խոստումները վերահաստատած են։ Փարիզի մօտեցմամբ՝ տարածաշրջանէ ներս կայունութեան կարեւոր յենարաններէն մին կը հանդիսանայ Ամմանը։
Մաքրոն եւ Աուն Փարիզի հանդիպման ընթացքին քննարկեցին Լիբանանի վրայ Իսրայէլի յարձակումներուն վերջ դնելու ուղղեալ ջանքերը։ Անոնք համոզուած են, թէ Իսրայէլի յարձակումներու դադրեցման ջանքերը՝ Լիբանանի, ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւններու եւ «Շրջանակային համաձայնագրի» լոյսին ներքեւ պէտք է քննարկուի։ Աուն Մաքրոնին երախտագիտութիւն յայտնեց՝ Ֆրանսայի կողմէ Լիբանանին ցուցաբերուած աջակցութեան, իրավիճակի նկատմամբ անձնական ուշադրութեան եւ պետութեան հեղինակութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ անոր պաշտպանութեան, անվտանգութեան եւ ռազմական հաստատութիւններուն աջակցելու իր յանձնառութեան համար։
Երկու առաջնորդները համակարծիք գտնուած են, որպէսզի շփումները շարունակեն եւ զարգացնեն համագործակցութիւնը զանազան ոլորտներէ ներս՝ մասնաւորապէս տնտեսութեան եւ ուժանիւթի բնագաւառներու պարագային։
Երկու նախագահներու եւ թագաւորի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած եռակողմանի ձեւաչափով հանդիպման ընթացքին ալ անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանային վտանգաւոր սրացման։ Կողմերը շեշտեցին միջազգային ջանքերու աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը՝ տարածաշրջանէն ներս կայունութիւնը վերականգնելու նպատակով համապարփակ եւ կայուն հրադադարի հաստատման համար։
Եւրոպացի եւ արաբ բարձրաստիճան զինուորականները Փարիզի մէջ քննարկումներ ծաւալեցին՝ գնահատելու համար Լիբանանի զինեալ ուժերու կարիքները եւ քննարկելու համար ՄԱԿ-ի խաղաղապահ առաքելութիւնը աւարտին հասցնելու հարցը՝ Լիբանանի հարաւին Իսրայէլի ռազմական նոր գործողութեան վերսկսման մտահոգութիւններու համայնապատկերին վրայ։
Անցեալ յունիսի 26-ին Իսրայէլ եւ Լիբանան Ուաշինկթընի մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ «Շրջանակային համաձայնագիր» մը ստորագրած էին։ Այդ փաստաթուղթը կը նախատեսէր Իսրայէլի զինուորականներու փուլ առ փուլ դուրս բերումը Լիբանանի հարաւէն եւ զուգահեռաբար Լիբանանի զինուորականներու վերահսկումը, անվտանգութեան միջոցառումները, նաեւ «Հիզպուլլահ»ի զինաթափումը։