ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ

Այսօր, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Գերմանիա։ Այսպէս, Վիսպատէնի մէջ, Հեսսէնի տեղական խորհրդարանէն ներս հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանին կը շնորհուի Հեսսէի խաղաղութեան մրցանակը՝ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերուն համար։ Աշխատանքային այցելութեան շրջանակներէն ներս, Նիկոլ Փաշինեան Ֆրանքֆուրթի Առեւտուրի արդիւնաբերութեան պալատէն ներս հանդիպում մըն ալ կ՚ունենայ տեղւոյն գործարարներուն հետ։

Գերմանիա այցելութեան ընդառաջ, երէկ, Հայաստանի կառավարութեան ժողովէն վերջ Նիկոլ Փաշինեան զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Ան այս առթիւ մամլոյ սպասաւորներուն նկատառման յանձնեց, որ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» խորհուրդը լրջագոյն մարտահրաւէր եւ անվտանգային սպառնալիք մը կը համարուի Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ։ Բաց աստի, վարչապետ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ ներկայիս Երեւանի համար բաց են աշխարհի բոլոր զէնքի շուկաները։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2026