ԼԵԶՈՒՆ ԵՒ ԱՔՍՈՐԸ…
Վառօդի օդը դարձեալ պատած է Լիբանանը, ուր պատերազմի ազդեցութիւնը արդէն զգալի է մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ, արուարձաններով հանդերձ։ Եւ Պէյրութէն անդին. լեզուն եւ աքսորը, սիրտ մը Համրային համար…
Համրան ծովու լեզուն ունէր։ Բացութիւն էր, ափ մըն էր ի վերջոյ, որուն ժայռաքարերուն վրայ կը կոտրուէին հեռուէն եկող ալիքները։
Խօսակցութեան ճիգ մը կար, երկխօսութիւն մը կար այդ քաղաքի մայթերուն վրայ, որոնք զիս ու իմ սերունդի մարդիկը կը կապէին նոր ինքնութեան մը ծայրերուն։
Հեռուէն կու գային այդ ալիքները։ Թունուսէն ընկերներ ունեցած էի, Եգիպտոսէն գրողներ, Սուրիայէն խոյս տուած բանաստեղծներ եւ, անշուշտ, կային հին պէյրութցիները, որոնք ամէն առիթին կը վերյիշէին իմ ինքնութեանս, ներկայութեանս ու կորսուած բառերուս մասին։
Սա բանաստեղծութիւն գրելու առաջին տարիներն էին։ Կարծր ձայն մը, անոպայ եւ սպասկոտ բառերու մէջէն, ուր համայնքը կը դիտարկէի՝ որպէս օտար օրկանիզմ մը, որպէս գոյացած անիքնութեան մը կա՛մ փախուստի մը հետեւանքով հեռուն մնաց օդապարիկ մը։
Համայնքը կը գործէր ու կ՚ապրէր իր ներքին կանոններով, ուր յարգելի պիտի դառնային միայն այն գրողիկները, որոնք խնկարկելու ունակութեան տէր մարդիկ էին։
Ամէն տեղ կար խնկարկումի ճանապարհ մը, որ կը տանէր դէպի Պուրճ Համուտի խոնաւ թաղամասերը։ Մթին պատանութեան եւ արձակուած երիտասարդութեան թեւերուն վրայ, ուր գրականութեան հետ հանդիպումը կը դառնար միայն ու միայն թշնամական արարք…
Թշնամի էր գրականութիւնը, թշնամութիւն էր գրականութեան մէջ ըլլալը եւ այդ բոլորին մէջ ու այդ բոլորին զուգահեռ դէպի Պէյրութի արեւմտեան շրջանները՝ կերպով մը կը դառնար փրկութիւն…
Ու այս մեծ հակասութիւններուն մէջ ամենէն իւրօրինակը լեզուն պահելու ընտրանքն էր։ Գրիչ մը, որուն ծայրերուն կային սրածայր մասեր, որոնք կը մտնէին արմատներուդ մէջ, կը վիրաւորէին քեզ, կ՚արիւնէին անունդ ու եսդ… Բայց այդ բոլորին դիմաց, այդ լեզուն «գրկելու», այդ լեզուին մէջ ապրելու ճիգը կը դառնար ամենէն վաւերական մակոյկը, որուն մէջ պիտի դնէիր իրերդ ու պատրաստուէիր դէպի մեծ ճամբորդութիւնները։
Իրաւամբ մեր գաղութներուն մէջ՝ Պէյրութ, Պուրճ Համուտ, Էլիսար, Պիքֆայա, Ֆարայա, Նոր Գիւղ, Դամասկոսի Պաղտատ փողոցի կողմերը ու դեռ այլ շրջաններ գրականութիւն մը ընելու ճիգը կը նմանցուէր «սալոնի չոր ծաղիկ» ըլլալու ընդունելի իրականութեան։
Ի վերջոյ գրողը որո՞ւ համար պիտի գրէր, նաեւ աւելի բարդ հարցումը. գրողը ինչո՞ւ պիտի գրէր կա՛մ ի՞նչ կարիք կար ընդհանրապէս գրիչ մը բռնելու, եթէ այդ գրիչը պիտի չըլլար հերթական խնկարկու բոլոր այն արժէքներուն, որոնց մէջ թաղուած, վերջացած էին այդ բոլոր գաղութ-քաղաքները։
Զուգադիպութիւնները, ի դէպ, միշտ հետաքրքրական ելքեր կը բերեն մեր ուղեղներուն մէջ տեղաւորուած կարծրատիպերուն։ Օրինակ մը տալով այստեղ անհնար է անտեսել կամ չկարեւորել գաղութ բառը, որուն մասին երկար յօդուածներ գրած եմ նոյնիսկ։ Գաղութը մեզի համար մեծահամբաւ, մեծավաստակ եւ մեծահամբոյր մարդոց հաւաքականութիւնն էր, որ ունէր երկար տարիներու աւանդութիւն՝ գործելու, ներկայանալու, խօսելու, ուտելու եւ քալելու։
Այս բաղկացուցիչներէն իւրաքանչիւրը ունէր իր ստորոգելիները, որոնց վերջինը՝ քալելն էր։ «Գաղութները ոտքի են» ըսելով, մինչեւ «գաղութները կը քալեն» տողով վերջացող հոգեւոր ճաշկերոյթները մեզ՝ բոլորիս համար դարձած էին հանգրուանումներ… առաջ երթալու, յաջողելու, ու աւելի լաւ վաղուան օր մը ստեղծելու համար։ Այս բոլորը մակերեսային մակարդակի դրոյթներ էին, որովհետեւ ինչպէս արեւելահայերը (արեւելահայոց համար՝ գաղութ բառը կը նշանակէ բանտ) կը նշեն՝ գաղութները ընդհանրապէս բանտեր էին. բանտեր գաղափարներու, բանտեր ապրումներու, բանտեր արգելքներու, բանտեր թռիչքներու ու բանտեր, մեծ բանտեր՝ երազներու։
Ու այդ երազները արձակելու համար էր, որ ես ու իմ նման շատ-շատեր կ՚ընտրէին Պէյրութի յառաջդիմական անունով ճանչցուած թաղամասերն ու փողոցները, որոնց թագն ու պսակը Համրան էր։
Համրան իր տաղտուկով, իր աղմուկով, իր մեծ սրտով, իր սիրառատ դէմքերով, իր խմաններով ու իրենց բառը կորսնցուցած բանաստեղծներով։ Ու այդտեղ էր, անշուշտ, որ ես ու իմ նմանները կը վերագտնէինք ազատութիւն մը, որուն մէջ ապրողը անպայմանօրէն մեր լեզուն էր։
Այն կորստեան լեզուն, որ հակառակ ամէն տեսակ հալածանքներու, կը շարունակէ ապրիլ մեր երակներուն մէջ։ Այն լեզուն, որ մէջ բնակած էր շատ հինէն եւ որ կը բխէր իր ամենէն ինքնամոռաց, ամենէն աւելի նուիրուած եռամեծ վարպետներու ո՛չ անպայման մտքէն, այլ սրտէն։
Սրտէն ելած բառերը անկասելի ուժ ունին, ու այդ սրտին համար է, որ հիմա երեսուն եւ աւելի տարիներ անց դարձեալ Համրան կը յիշատակեմ։
Ո՛չ միայն ապրուած փորձառութիւններու, փորձուած ու կորսուած առիթներուն, ո՛չ ալ նորահաս դեղին մօրուքի մազերուն անունով, այլ աւելի խորքային բնազդով մը։
Չէ՞ որ այս մեր աքսորեալ լեզուին հաւատացողները միայն իրենց մտքով չէ, որ գրեցին, այլ թաթխեցին իրենց գրիչը իրենց սրտերուն մէջ, արարեցին այդ սրտերուն անունով, ապրեցան ու վկայեցին իրենց սրտերուն համար ու մաշեցան ու հալեցան դառնալով մասնիկ մը այդ սիրտ՝ հողերէն։
Ու չկարծէք, որ այս մեծ ճանապարհներուն ու պտոյտներուն մէջ (չէ՞ որ կեանքը պտոյտ մըն է) իրական հողը, որուն մէջ մեր սրտերն ու արիւններն են, Պէյրութի աղմկոտ թաղերն են, Համրան են, Հալէպի Նոր Գիւղն են, կամ աւելի հեռու Մոնթրէալի լուսաւոր սրահներու տակ եղող սառած հողի տարածութիւններն են։
Հողը ինծի համար արեւմտահայ սրտի հողն է, որուն անունը շատ լաւ գիտենք բոլորս եւ որուն կրումը միայն ինքնութեան մը մասին չէ, միայն ապրումի մը, կեանքի մը կամ մահուան մը մասին չէ, այլ աւելին է…
ՍՓԻՒՌՔԸ ԵՒ ԱՐՏԱԳԱՂԹԸ
Լիբանանի մէջ հայութեան արտագաղթը մեծ թափ առաւ 70-ականներու կէսերուն։ Ճիշդ է, որ քաղաքացիական պատերազմի փուլէն շուրջ տարիներ առաջ երկիրը մեծ ցնցումներէ անցած էր, սակայն, ո՛չ ոք կ՚ուզէր հաւատալ, թէ փոքրիկ երկիր Լիբանանը ո՛չ միայն թատերաբեմը պիտի դառնար արիւնալի պատերազմի, այլ նաեւ առկայ տարակարծութիւնները եւ մօտեցումի տարբերութիւնները երկիրը բառացիօրէն պիտի բաժնէին երկ մասերու՝ քրիստոնէական եւ իսլամական։
Ու այս առումով ալ հայութիւնը մեծ ներուժ կորսնցուց, երբ անոր նորահաս սերունդի զաւակները վճռական եղան իրենց որոշումին մէջ ու հեռացան դէպի հեռաւոր ափեր։
Հակառակ թուային տախտակներու կամ վիճակագրութեանց բացակայութեան՝ ակներեւ դարձաւ, որ Լիբանանը առաջին լքողներուն մէջ մեծ թիւ կազմեց երկրի ուսանողութիւնը։ Հեռացողներուն մէջ մեծ էր թիւը այն երիտասարդներուն, որոնք Եւրոպա կամ Ամերիկաներ վազեցին՝ իրենց ուսումը շարունակելու համար։
70-ականներու կէսերէն մինչեւ Սուրիոյ աղէտալի պատերազմը՝ 2011 թուականը, Մերձաւոր Արեւելքի հայագաղութները իրաւացիօրէն դարձան մարդուժի, մարդ «արտածել»ու իրական կեդրոններ։
Ու այս շարժումին զուգահեռ աւելի քան երեւելի կը դառնար, որ անոնք՝ յատկապէս երիտասարդները, որոշակի պատկանելիութեան զգացում մը ունենալով հանդերձ, Լիբանանը կամ Սուրիան չէին ընկալած որպէս վերջնական տեղ մը, յաւերժական հող մը՝ ապրելու եւ իրենց սերունդները կազմելու համար։
Հայութիւնը մեծ հաշուով այս տինամիք խաղին մէջէն մեր աչքերուն երեւցաւ, որպէս պատեհապաշտ հատուած, որ ամէն տեղ փնտռեց հանգիստ բարձեր ու անկողիններ։ Ուզեց խաղաղ քուն մը քաշել, հեռու մնալ պատերազմներէն ու արիւնէն, հեռու մնալ պայքարներէն (որոնք արդէն իրը չէին եւ իրեն չէին պատկանիր) ու երթալ դէպի աւելի ապահով քաղաքներ ու արեւոտ ափեր։
Դատապարտելի ոչինչ կայ այստեղ, այլ կայ միտում մը, որ կը խօսի ու կը պատմէ ո՛չ թէ հողի մը պատկանած ըլլալու երեւոյթին, այլ լեզուն կրելու իրականութեան մասին։
Նոր սերունդներուն ու մա՛նաւանդ անոնց համար, որոնք մշակութային յեղափոխութեան կամ յեղափոխականութեան անունով կը խօսէին, հեռացումը կը դառնար իրական օրինաչափութիւն։ Ու այն երազները, որոնք կը կերտէին այդ սերունդի իսկական դիմագիծը՝ կը դառնային օդին տրուած գաղափարներ։
Այդ գաղափարները կը դրուէին ճամբորդական մեծ ճամպրուկներու մէջ ու դանդաղ քայլերով կը հեռանային այդ երիտասարդներուն հետ։ Կամաց-կամաց վրաններու ու թիթեղաշէն տնակներու մէջ իրենց աչքերը բացած մանուկները կը դառնային հեռուի բնակիչներ։ Կը հաստատուէին լուսաւոր քաղաքներու մէջ, կը բանային մեծ ճամպրուկները, որոնցմէ դուրս կը հանէին իրենց զմռսուած ու բաւական հինցած գաղափարներու տրցակը։
Կը լուային այդ տրցակը, մէկիկ-մէկիկ կը կախէին այդ «գաղափար-տերեւ»ները Փասատինայի, Կլենտէյլի, Սան Ֆրանսիսքոյի արեւոտ պատշգամներէն ու արագօրէն (նոյնիսկ իրենց ժամանումին յաջորդ օրը) կը սկսէին երգել իրենց հին երգը։
Հայապահպանում, ազատագրութիւն, արեւմտահայերէնի փրկութիւն եւ նորից-նոր կը խօսէին վերադարձներու մասին։
Ապրումի մը պահն էր թերեւս ու առանց այդ ապրումի պահուն անկարելի էր, որ այդ սերունդները կարողանային իրենց եսի-սերմը ժայթքումի տանիլ, ապրեցնել կտոր մը յոյսը կամ երազել, որ վաղուան օրը աւելի լաւ պիտի ըլլայ՝ քան այսօրը։
Այս ամբողջ պատմութեան՝ նոր աքսորներուն, հեռացումներուն ու արտագաղթումին մէջ շեշտակիօրէն բացական հող-արտն էր։ Հողը իրենցը չէր ու այդ հողին կը փոխարինէր լեզուն, որ շատ աւելի տոկուն ու մնայուն նկարագիր ունէր։
Ի վերջոյ այդ լեզուն էր, որ զիրենք կ՚ապրեցնէր, կը բանար ստեղծագործութեան նոր առիթներ, կը վառէր իրական մոմեր ու կը յուշէր, որ այս մեծ պատերազմներուն մէջ ու հող-արտ-գիր կռիւներուն մէջ ամենէն կայուն, ամենէն վստահելի ու ամենէն մնայուն գործիքը՝ լեզուն էր։
Այսքանը գրելէ յետոյ հասկնալու ենք, ի հարկէ, որ ինչո՛ւ Համրայի, Սապրայի, Պուրճ Համուտի կամ նոյնիսկ Սլայմանիէի ու Ազիզիէի լեզուները չդարձան մարմին բոլոր անոնց համար, որոնք վճռած էին ապրիլ իրենց լեզուին մէջ, շարունակել թռիչքը մինչեւ որ նոր կայարան մը երեւելի դառնայ… Ո՛չ արեւելեան կողմն աշխարհի, այլ այն կողմին ու այն երդիքներուն տակ, ուր այս թերթը, այս ԺԱՄԱՆԱԿ-ը կը տպագրուի։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան