ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ՀԵՍՍԷԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿՈՎ
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ստացաւ Հեսսէնի խաղաղութեան մրցանակը, զոր իրեն յանձնուեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ:
Վիսպատենի մէջ, Գերմանիա, Հեսսէնի տեղական խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Խորհրդարանի շէնքի մուտքին վարչապետը դիմաւորեցին՝ Հեսսէնի տեղական խորհրդարանի փոխ-նախագահ Տանիելա Սոմմէր եւ «Ալպերթ Օսվալտ» հիմնադրամի յանձնաժողովի խորհուրդի նախագահ Քարլ Շթարցախեր: Փաշինեան ստորագրեց պատուոյ տոմարը եւ աւելի վերջ սկսաւ մրցանակաբաշխման արարողութիւնը:
Ելոյթներով հանդէս եկան՝ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պետական նախարար Սերափ Կիւլէր, Քարլ Շթարցախեր, նոյն հիմնադրամի յանձնաժողովի անդամ եւ Ալպերթ Օսվալտի դուստրը՝ Միխայելա Եկէլ-Օսվալտ, որոնք իրենց ելոյթներուն մէջ անդրադարձան օրուայ մեծարեալին խաղաղութեան մրցանակը յանձնելու որոշման՝ բարձր գնահատելով անոր ջանքերը Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած ժողովրդավարական բարեփոխումներու յառաջ մղման, Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններու զարգացման նպաստելու ուղղութեամբ: Ներկայացուեցաւ վարչապետ Փաշինեանի կենսագրութիւնը եւ գործունէութիւնը՝ որպէս լրագրող, խմբագիր, երեսփոխան, Հայաստանէն ներս յեղափոխութեան առաջնորդ եւ վարչապետ:
Այս բոլորէն վերջ Նիկոլ Փաշինեանին յանձնուեցաւ Հեսսէի խաղաղութեան մրցանակի հաւաստագիրը եւ այս փուլին ան հրաւիրուեցաւ ելոյթ ունենալու: Նիկոլ Փաշինեան մասնաւորապէս ընդգծեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդները կը գիտակցին, թէ անցեալը չեն կրնար փոխել, սակայն, կրնան տէր կանգնիլ այսօրուայ եւ ապագայի խաղաղութեան:
«Կը փափաքիմ նաեւ գնահատանքս յայտնել Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին, որ եւս հաւասարապէս արժանի է այս մրցանակին», հաւաքոյթի ընթացքին յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան։