ԼԱԿԱՐՏ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ

Եւրոպայի Կեդրոնական դրամատան նախագահ Քրիստին Լակարտ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն: Ան յայտարարեց, որ յառաջիկայ փետրուարի 7-ի դրութեամբ պիտի հեռանայ պաշտօնէն: 

Դրամատան պաշտօնական կայքէջին վրայ ալ տեղադրուած է համապատասխան յայտարարութիւնը, ըստ որու՝ Քրիստին Լակարտ Եւրոպայի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչներու խորհուրդի անդամներն ու Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոստան տեղեակ պահած է իր որոշման մասին: 

«Reuters»ի հաղորդումներով՝ Քրիստին Լակարտ հրաժարական տուած է, որպէսզի կարողանայ մասնակցիլ քաղաքական հարցերու քննարկման թէ՛ իր երկրին՝ Ֆրանսայի մէջ եւ թէ միջազգային մակարդակով: Եւրոպայի Կեդրոնական դրամատան նախագահի պաշտօնին մէջ Քրիստին Լակարտէն կ՚ակնկալուէր չէզոքութիւն՝ հաստատութեան անկախութիւնը ապահովելու համար: «Ես այս հաստատութենէն կը հրաժարիմ՝ այն զգացումով, թէ կատարուած է լաւ աշխատանք եւ Եւրոպայի Կեդրոնական դրամատունը պատրաստած է ապագային», յայտնեց Քրիստին Լակարտ՝ ընկերային ցաներու վրայ հրապարակուած կարճ տեսանիւթին մէջ:

Անթոնիօ Քոստա յայտնեց, որ Քրիստին Լակարտ իրեն տեղեկացուցած է հրաժարականի մտադրութեան մասին եւ ինք յարգանքով կը վերաբերի այդ որոշման: Ան աւելցուց, որ անմիջապէս կը սկսի Քրիստին Լակարտի իրաւայաջորդը նշանակելու գործընթացը: 

«Եւրոպայի Կեդրոնական դրամատան յաջորդ ղեկավարի պաշտօնին սահուն անցումը ապահովելու նպատակով իր իրաւայաջորդին նշանակման գործընթացը կը սկսի այսօր եւ կը շարունակուի առանց յապաղելու», նշուած է Քոստայի գրառման մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Քրիստին Լակարտին՝ պարտքի եւ պատասխանատուութեան խոր զգացումով վարած պաշտօնին համար: Ինչպէս ծանօթ է, Եւրոպայի Կեդրոնական դրամատան նախագահի պաշտօնը ստանձնելէ առաջ Քրիստին Լակարտ եղած էր նաեւ IMF-ի նախագահը: Իր հրաժարականը կը մեկնաբանուի այն համայնապատկերին վրայ, թէ յառաջիկայ մայիսին Ֆրանսայի մէջ նախատեսուած է հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն: Զանազան աղբիւրներ կը պնդեն, որ Քրիստին Լակարտ թեկնածու պիտի ըլլայ նախագահի պաշտօնին: Յամենայնդէպս, ֆրանսացի աշխարհահռչակ գործիչը իր երկրի զանգուածային լրատուական միջոցներուն շաբաթավերջին յայտնեց, որ առայժմ ոչինչի համար թեկնածու է:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2026