ԹՈՒՐՔԻԱ ՄԻՇՏ ՀԵՏԱՄՈՒՏ ՍԵՒ ԾՈՎՈՒ ՆԱՒԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐՄԱՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին։ Երկու ղեկավարներուն հանդիպումը տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ, Տոլմապահչէի պալատի համալիրէն ներս, Հանրապետութեան նախագահի գրասենեակի երդիքին տակ։ Էրտողան հանդիպման ընթացքին նշեց, որ Թուրքիոյ տեսակէտէ բացարձակապէս անընդունելի է՝ Սեւ ծովու նաւագնացութեան ապակայունացման խնդիրը։

Էրտողան եւ Զելենսքի հանդիպման ընթացքին քննարկեցին Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի ընթացքը։ Անգարա եւ Քիեւ տարիներէ ի վեր անմիջական կապի մէջ են այս խնդրին շուրջ։ Նախագահը հերթական անգամ շեշտեց, որ թրքական կողմը միշտ հետամուտ է առկայ խնդիրներու դիւանագիտական ճանապարհով լուծման։

Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Ուքրայնա այս շրջանին բաւական լուրջ վարկ մը ապահոված է Անգլիայէն եւ մտադիր է այդ միջոցները ծառայեցնելու նոր զէնք եւ զինամթերք ձեռք բերելու նպատակին։ Այսպիսի ժամկէտի մը մէջ Զելենսքիի Թուրքիա այցելելը կը համարուի ուշագրաւ։

Մինչ այդ, Ուաշինկթընէն ալ լաւատես մեկնաբանութիւններ կը հնչեն Մոսկուա-Քիեւ առանցքի լարուածութեան յաղթահարման ուղղութեամբ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ շաբաթավերջին յայտնեց, որ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութիւնը կրնայ վերջանալ մօտակայ ժամանակներուն։

Միւս կողմէ, Վոլոտիմիր Զելենսքի Իսթանպուլի մէջ կեցութեան ընթացքին այցելեց նաեւ Ֆէնէրի յունաց պատրիարքարանը, ուր հիւրընկալուեցաւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքին կողմէ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2026