35-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԹԻՒ
Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահովելու որեւէ հրապարակագրական փորձ, բնականաբար, կանգ կ՚առնէ եւ կը կեդրոնանայ հանրապետութեան անկախ կարգավիճակի գոյատեւման դիմաց ցցուած մարտահրաւէրներուն վրայ:
Անկախութիւնը գերիշխան կարգավիճակ կ՚ենթադրէ, ինքնուրոյն որոշում կայացնելու կարողութիւն, անխախտ սահմաններ եւ այդ բոլորի պահպանման համար արտաքին հաւասարակշիռ քաղաքականութեան կիրարկում:
Երեւան այսօր անկախութիւնը կ՚ուզէ ընկալել բացառապէս Ռուսաստանի դաշնակցութեան ազդեցութենէն դուրս գալու գործընթացով: Խնդիրը, սակայն, միայն ռուսական ազդեցութիւնը չէ կամ տարբեր ռազմավարական ոլորտներու առումով Մոսկուայէն կախեալ ըլլալու երեւոյթը:
Հարցադրումի ճամբով քննարկումի նիւթ է Սիւնիքի նոր հաղորդուղիներու բանեցման պարագային՝ Հայաստանի տարածքներով նախատեսուած ամէն տեսակի ապրանքաշրջանառութիւն երկաթուղիով կամ խողովակաշարերու ճամբով արտածում-ներածումի շահին ուղղորդումը դէպի ամերիկեան ընկերութիւններ:
Գերիշխանութիւնն ու անկախութիւնը ինքնիշխան տարածքներ կ՚ենթադրեն: Ատրպէյճան ներխուժած է Հայաստանի գերիշխան տարածքը եւ չի պատրաստուիր հեռանալ:
Երեւան կը նախապատրաստուի փոխել Սահմանադրութիւնը: Այս պահանջը վաղուց կ՚արծարծեն Անգարան եւ Պաքուն՝ պայմանականացնելով խաղաղութեան գործընթացի յաջողութիւնը կամ համաձայնագիրներու ստորագրումը Սահմանադրութեան փոփոխութեամբ: Ինքնուրոյն որոշում տալու գերիշխան իրաւունքէն հեռու է, յայտնապէս, այս իրականութիւնը:
Վերանկախացումը կ՚ենթադրէ Անկախութեան հռչակագիր. անոր յղում կատարած է այն Սահմանադրութիւնը, որուն զանազան իրաւադրոյթներուն դէմ կ՚արտայայտուին իշխանութիւնները: Անկախութեան հռչակագիրը ունի այնպիսի կէտեր, զորս սահմանադրազերծելու ծրագիր ունի իշխանութիւնը:
Անկախութեան օրը կը նշուի ներխուժուած տարածքներով, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պահանջներու ընդառաջումներու յանձնառութիւններով եւ Մոսկուա-Արեւմուտք առճակատումներուն մէջ ոչ-անպայման հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարելու տուեալներով:
Անկախ պետականութիւնը բացարձակ արժէք է, այդ մէկէն նահանջ կատարելու որեւէ տրամադրութիւն, առաւել եւս առնուող քայլ, ընդունելի չի կրնար ըլլալ անկախօրէն գոյատեւելու կամք արտայայտած ժողովուրդին կողմէ:
Գերիշխանութիւնը պահպանել մեր պարագային պայմանաւորուած է նաեւ աշխարհաքաղաքական ճակատումներուն մէջ չներքաշուելու, հաւասարակշիռ արտաքին քաղաքականութիւն վարելու հմտութեան տիրացած պետութեամբ՝ ներքին առումով ազգը համախմբելու կարողութիւնը ունենալու պայմանին կողքին:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի