ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄՈՒՐՋ

Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Europe’s Representations of India: Texts, Images and Encounters» (ESIND) միջազգային գիտական ցանցի երկրորդ գլխաւոր համաժողովը, որուն մասնակցեցան՝ աշխարհի զանազան երկիրներէն ժամանած աւելի քան յիսուն հետազօտողներ եւ գիտնականներ։ Սա միջազգային ցանց մըն է, որ կը միաւորէ զանազան երկիրներէ գիտնականներ եւ հետազօտողներ՝ Եւրոպայի եւ Հնդկաստանի միջեւ պատմական, մշակութային եւ գիտական փոխառընչութիւններու բազմակողմանի ուսումնասիրման նպատակով։ Հաւաքը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան կաճառէն ներս։

Ժողովականները արձանագրեցին, որ Հայաստան քաղաքակրթական կամուրջ մը կը հանդիսանայ Հնդկաստանի եւ Եւրոպայի միջեւ։

ESIND-ը կը գործէ Եւրոմիութեան գանձատրումով՝ գիտութեան ու թեքնոբանութեան ոլորտներու համագործակցութիւնը խթանելու համար։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2026