Չորեքշաբթի 23, Սեպտեմբեր 2026
ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան վերջին օրերուն հիւրընկալեց Համահայկական խաղերու Համաշխարհային կոմիտէի պատուիրակութիւնը։ Խումբը գլխաւորեց Համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան։ Իսթանպուլէն տեղական յանձնախումբը ներկայացուց՝ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Իշխան Զաքարեան ներկայացուց՝ 2027 թուականին նախատեսուած Համահայկական խաղերու ընդառաջ ձեռնարկուած նախապատրաստական աշխատանքները։
Իր կարգին, Վահագն Խաչատուրեան անդրադարձաւ երկրի ներքին եւ արտաքին իրադարձութիւններուն, նաեւ պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն։
Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2026