ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Երէկ, Աթէնքի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախկին նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի եւ Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի միջեւ: Հարկ է նշել, որ Կիւլ եւ Գրիգորեան Աթէնքի մէջ կը գտնուէին՝ մասնակցելու համար «Տելֆի» տնտեսական ֆորումին: Գրիգորեան ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց, որ Կիւլի հետ զրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակած են՝ երկկողմանի հետաքրքրութեան առարկայ զանազան հարցերու շուրջ:
Բաց աստի, Աթէնքի մէջ կազմակերպուած ֆորումին ժամանակ Արմէն Գրիգորեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը: Այս առթիւ ան յայտարարեց, որ Երեւան այժմ կեդրոնացած է Պաքուի հետ հաստատուած խաղաղութիւնը հաստատութենականացնելու վրայ: Իր բնորոշմամբ՝ Հարաւային Կովկասէ ներս հաստատուած խաղաղութիւնը կը նմանի նորածինի մը, որու նկատմամբ անհրաժեշտ է հոգատարութիւն ցուցաբերել:
Աթէնքի ելոյթին ժամանակ Արմէն Գրիգորեան խօսեցաւ նաեւ անցեալ ամառ, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ հրապարակուած հռչակագրին: Ան նշեց, որ այդ հռչակագիրը կը մեծցնէ՝ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու Հայաստանի կարողութիւնները: