ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑ

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցի հետ։ Ծանօթ է, որ նախօրէին Մերց Պերլինի մէջ հիւրընկալած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։ Գերմանիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած էր՝ ռազմավարական համագործակցութեան վերաբերեալ հռչակագիր մը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան-Մերց երէկուան հեռախօսազրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան՝ տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի արդի հարցերու շուրջ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան։ Երկու վարչապետները ընդգծեցին տարածաշրջանէն ներս կայուն եւ տեւական խաղաղութեան կարեւորութիւնը։

Փաշինեան եւ Մերց անդրադարձան Հայաստան-Գերմանիա համագործակցութեան հետեւողական զարգացման, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան ապագայ խորացման հեռանկարներուն։

Հինգշաբթի, Յուլիս 23, 2026