Չորեքշաբթի 23, Սեպտեմբեր 2026
ԱՆԳԼԻՈՅ ՉԱՐԼԶ Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԸ ՊԱԼՄՈՐԱԼԻ ԱՄՐՈՑԻՆ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՐԹՈԼՈՄԷՈՍ Ա. ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ
Ուղղափառ եկեղեցւոյ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը նախընթաց օր ընդունուեցաւ Անգլիոյ Չարլզ Գ. թագաւորին կողմէ։ Սկովտիոյ մէջ, Պալմորալի ամրոցէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որ տեւեց ժամ մը։ Կը հաղորդուի, որ զրոյցը անցաւ ջերմ ու բարեկամական մթնոլորտի մը մէջ։ Հանդիպման աւարտին թագաւորը պատրիարքին ուղեկցեցաւ՝ մինչեւ ամրոցի ելքը։
Անգլիոյ Չարլզ Գ. թագաւորը գահակալութեան շրջանին արդէն երկրորդ անգամ մէկտեղուեցաւ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքին հետ։ Անոնց միջեւ առաջին տեսակցութիւնը տեղի ունեցած էր 2022 թուականի հոկտեմբերին։
Հանդիպման ընթացքին Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքին ընկերացան՝ Ուղղափառ եկեղեցւոյ Սկովտիոյ մետրապոլիտը եւ պատրիարքարանի դիւանապետը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2026