ՔՈՆԿՐԷՍԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԿՈՉ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը կոչ ուղղեց, որպէսզի Ատրպէյճանի հայ գերիներն եւ պատանդները անյապաղ առանց նախապայմանի ազատ արձակուին։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով՝ Ամերիկայի հայկական ազգային կոմիտէն տեղեկացուց, որ այս կոչը ուղղուած է նախաձեռնութեամբ Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի փոխ-նախագահ Պրետ Շերմընի, յանձնաժողովի նախագահ Պրայն Մաստի։ Այս վերջիններուն կողմէ հեղինակուած բանաձեւը հաւանութեան արժանացած է՝ 44 կողմ եւ 7 դէմ ձայնով։
Սոյն առաջարկը յանձնաժողովէն ներս քննարկուած է յունիսի 10-ին, սակայն, քուէարկութեան դրուած է յուլիսի 22-ին։
Պրետ Շերմըն նշած է, որ կոչ ուղղուած է, որպէսզի Ատրպէյճան անյապաղ ազատ արձակէ բոլոր հայ ռազմագերիները եւ քաղաքական բանտարկեալները։ «Հպարտ եմ, որ Քոնկրէսէ ներս պաշտօնապէս յայտնած եմ իմ դիրքորոշումը եւ կը շարունակեմ պայքարիլ Ատրպէյճանի կողմէ ապօրինի եւ անարդարօրէն պահուած, խոշտանգումներու եւ բռնութիւններու ենթարկուած հայերու ազատ արձակման համար», նշեց Պրետ Շերմըն։
Պաքուի մէջ ի պահ դրուած հայ գերիներու եւ պատանդներու խնդիրը երկար ժամանակէ ի վեր դարձած է հրատապ օրակարգ։ 44-օրեայ պատերազմի յաջորդած իրավիճակին մէջ այս խնդիրը ստացած է թէժ բնոյթ մը։ Սոյն հարցին կապակցութեամբ քննադատութեան կ՚ենթարկուին նաեւ Հայաստանի իշխանութիւնները։ Յամենայնդէպս, Երեւանի ղեկավարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Պաքուի հետ բոլոր շփումներուն ժամանակ այս խնդիրը կը պահուի օրակարգի վրայ։ Հայաստանի ղեկավարութիւնը հարցին լուծումը կը պատկերացնէ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան գործընթացէն ներս։