ՊԱՂԱՐԻՒՆՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄ

Հայաստանէ ներս առկայ պետութիւն-եկեղեցի դիմադրութեան դրսեւորումները հետզհետէ կ՚ահագնանան եւ համատարած մտահոգութեան պատճառ կը դառնան։ Ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ խնդիրը բոլոր ծալքերով կը քննարկուի զանազան հարթութիւններու վրայ։ Վերջին օրերուն այս նիւթին վերաբերեալ ուշագրաւ յօդուած ստորագրած է՝ «Զօրեան» կաճառի համահիմնադիր եւ նախագահ Կրէկ Սարգսեան։ «Զօրեան» կաճառը սփիւռքի կարեւոր հետազօտական կենդրոններէն մին է, որ մասնաճիւղ մը ունի նաեւ Հայաստանի մէջ: Յիշեալ կաճառի Հայաստանի մասնաճիւղին կողմէ հրապարակուած է Կրէկ Սարգսեանի յօդուածը։ Հեղինակը ուշագրաւ եւ հնարաւորինս առարկայական դիտարկումներով եւ խորհրդածութիւններով պատրաստած է իր յօդուածը։ Կաճառի աղբիւրները կարեւորութեամբ ընդգծած են, որ յօդուածին մէջ արտայայտուած միտքերը կը պատկանին լոկ հեղինակին եւ չեն ցոլացներ կառոյցի պաշտօնական դիրքորոշումը։ 

Կրէկ Սարգիսեանի յօդուածը հրապարակուած է անգլերէնով եւ արեւելահայերէնով։ Ստորեւ կը ներկայացնենք՝ պաշտօնապէս թողարկուած արեւելահայերէն տարբերակի արեւմտահայերէնի փոխադրուած ձեւը։ Յօդուածին վերնագիրն է՝ «Եկեղեցին՝ հոգեւոր տուն, պետութիւնը՝ ինքինշխան հայրենիք»։

*

Հայաստան կ՚ապրի, դժուարին ժամանակաշրջան մը։ Հանրապետութեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները դարձած են լուրջ խնդիրներ եւ տարաձայնութիւններու պատճառ։ Քննարկումներու առանցքին հաւատքն է, ազգային ինքնութիւնը, քաղաքական իշխանութիւնը ու Հայաստանի ապագան։ 

Սա պէտք չէ վերածել պարզունակ հակադրութեան՝ իշխանութեան եւ կաթողիկոսի կողմնակիցներու ու հակառակորդներու միջեւ։ Բուն հարցը աւելի լայն է. ինչպէ՞ս կրնան արդի հայկական պետութիւնն ու դարաւոր հայկական կառոյցը այնպէս համագոյակցիլ, որ պահպանուի երկուքին ալ արժանապատուութիւնը եւ ծառայէ համայն հայութեան։ 

Դարեր շարունակ հայերը ապրած են զանազան կայսրութիւններու եւ երկիրներու կազմի մէջ։ Ռուսաստանի, Իրանի, Ֆրանսայի, Օսմանեան կայսրութեան եւ այլ երկիրներու հայ համայնքները ձեւաւորած են տարբեր պատմական ուղիներ եւ փորձառութիւն։ Զանոնք կը միաւորէին լեզուն, կրօնն ու մշակոյթը, սակայն, անոնք չունէին միասնական քաղաքական համայնք։ 

Երբ հայկական պետութիւն չկար, Հայ Առաքելական Եկեղեցին դարձաւ կենսական կառոյցը՝ հաւատքը, լեզուն, կրթութիւնը, մշակոյթն ու ինքնութիւնը պահելու համար։ Եկեղեցւոյ այդ պատմական դերը հնարաւոր չէ գերագնահատել։ 

Սակայն, 1991 թուականին Հայաստանի անկախացումը ձեւաւորեց նոր իրականութիւն. հայերը վերստին ունեցան ինքնիշխան պետութիւն։ Սա փոխեց եկեղեցւոյ եւ հայ ազգային կեանքի միջեւ յարաբերութիւններուն բնոյթը։ 

Ժամանակակից Հանրապետութիւնը շատ աւելին է՝ քան սոսկ անվտանգութիւն ապահովող եւ հարկեր հաւաքող իշխանութիւնը։ Այն կը ձեւաւորէ կայուն պետական կառոյցներ, որոնք պատասխանատու են հասարակութեան զարգացման ու ինքնապահովման նպաստող բոլոր ոլորտներուն համար։ 

Կրթութեան, մշակոյթի, գիտութեան, տնտեսական զարգացման, ընկերային ապահովութեան եւ ազգային կեանքի այլ ոլորտներու նախարարութիւններ ու պետական հաստատութիւնները կրնան կառուցել դպրոցներ ու համալսարաններ, աջակցիլ գիտական հետազօտութիւններու, պահպանել արխիւներն ու պատմական յուշարձանները, գործարկել թանգարաններ ու մշակութային կեդրոններ, զարգացնել գրադարաններն ու կրթօճախները, պաշտպանել հայոց լեզուն, ինչպէս նաեւ վաւերագրել եւ ուսուցանել հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու մշակոյթը։ Անոնք նաեւ կը ստեղծեն այնպիսի տնտեսական եւ ընկերային պայմաններ, որոնք թոյլ կու տան ընտանիքներուն ու համայնքներուն ապրիլ հայրենիքի մէջ եւ կերտել իրենց ապագան։

Այս բոլորը այնպիսի գործառոյթներ են, որոնք եկեղեցին ի վիճակի չէր իրականացնել նման ծաւալներով, երբ Հայաստան չունէր պետականութիւն: Եկեղեցին պահպանեց այն, ինչ գոյութիւն ունէր, մինչդեռ ժամանակակից պետութիւնը ունի այնպիսի կարողութիւններ, որոնք թոյլ կու տան զարգացնել, ընդլայնել, կազմակերպել եւ ազգային հաստատութիւններուն միջոցով այդ ժառանգութիւնը փոխանցել սերունդներուն։ 

Այս պատասխանատուութիւնը երբեք բացառապէս եկեղեցիինը չէ եղած։ Եկեղեցին օգնեց պահպանել հայկական ինքնութիւնը, երբ Հայաստանը չունէր պետականութիւն։ Այժմ պետութեան պատասխանատուութիւնը՝ զարգացնել եւ պաշտպանել է այդ ինքնութիւնը ժամանակակից պետական հաստատութիւններուն միջոցով։ 

Սա չի նուազեցներ մեր եկեղեւոյ դերը: Ընդհակառակն, այն եկեղեցւոյ հնարաւորութիւն կու տայ կեդրոնանալու այն բոլորին վրայ, ինչը հոգեւոր կառոյցը կ՚ընէ լաւագոյնս՝ հաւատքի, հոգեւորականութեան, բարոյական արժէքներու եւ կրօնական աւանդութիւններու վրայ։ 

Կաթողիկոսը կրնայ ըլլալ աշխարհասփիւռ, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հաւատաւոր հայերու հոգեւոր առաջնորդը՝ առանց դառնալու իւրաքանչիւր հայու քաղաքական ղեկավարը։ Նոյն ձեւով, Հայաստանի վարչապետը պետութեան իշխանութեան ընտրովի ղեկավարն է։ Ան կը ներկայացնէ պետութիւնը սահմանադրական համակարգի շրջանակէն ներս, սակայն, այդ երկիրներէ ներս ապրող հայերու քաղաքական առաջնորդը չէ։ 

Ամենակարեւորը՝ մենք պէտք է տարանջատենք անհատը՝ հաստատութենէն, անձը՝ կառոյցէն։ Անհամաձայնութիւնը կաթողիկոսի հետ չի նշանակեր անհամաձայնութիւն Աստուծոյ, քրիստոնէութեան կամ եկեղեցւոյ հետ։ Եկեղեցւոյ անկախութեան պաշտպանութիւնը հակապետականութիւն չէ։ Պետութեան սահմանադրական իշխանութեան պաշտպանութիւնն ալ հակաեկեղեցականութիւն չէ։ Հասուն հասարակութիւնը պէտք է կարողանայ կատարել այս տարբերակումները։ Եկեղեցին պէտք է ըլլայ հաշուետու։ Անոր ելմտական միջոցները պէտք է ըլլան թափանցիկ, իսկ հոգեւորականները, ինչպէս իւրաքանչիւր քաղաքացի, պէտք է ենթարկուի օրէնքին։ Սակայն, հաշուետուողականութիւնը քաղաքական վերահսկողութիւն չէ: 

Եթէ եկեղեցւոյ առաջնորդը կը մեղադրուի օրէնքը խախտելու մէջ, ապա պէտք է ըլլան ապացոյցներ, պատշաճ իրաւական ընթացակարգ եւ անկախ դատավարութիւն: Կառավարութիւնը պէտք չէ որոշէ, թէ ո՞վ կը ղեկավարէ եկեղեցին: Միեւնոյն ժամանակ, եկեղեցական անկախութիւնը չի կրնար նշանակել անձեռնմխելիութիւն հանրային օրինական վերահսկողութենէ: Եկեղեցին պէտք չէ դառնայ պետութեան մէջ պետութիւն, իսկ պետութիւնը պէտք չէ դառնայ եկեղեցին կառավարող մարմինը։ Այս սկզբունքը պէտք է գործէ անկախ այն բանէն, թէ ո՛վ է կաթողիկոսը կամ վարչապետը։

Առկայ դիմակայութիւնը պէտք չէ վերածուի պայքարի, թէ ո՞վ կը յաղթէ որո՞ւ։ Հայաստանին անհրաժեշտ է կայուն հաստատութենական փոխըմբռնում, այլ ո՛չ թէ ժամանակաւոր քաղաքական յաղթանակ։ Եթէ գործող ղեկավարութիւնը կարողանայ հասնիլ այս փոխըմբռնման, ապա սա կ՚ըլլայ լաւագոյն ելքը։ Եթէ ոչ, եկեղեցւոյ ղեկավարութեան արժանապատիւ փոփոխութիւնը, ի վերջոյ, կրնայ անհրաժեշտ դառնալ, սակայն, բացառապէս օրինական, եկեղեցական եւ իրաւական ընթացակարգերու միջոցով։ Նպատակը պէտք չէ ըլլայ եկեղեցին կամ պետութիւնը տկարացնել: Հայաստանին անհրաժեշտ են երկուքն ալ։

Եկեղեցին պահպանեց հայկական ինքնութիւնը, երբ չկար հայկական պետութիւն։ Հիմա պետութեան պատասխանատուութիւնն է ապահովել, որ հայ մշակոյթը, լեզուն, կրթութիւնը, պատմութիւնն ու ազգային կեանքը կարողանան ծաղկիլ ինքնիշխան երկրի մէջ: Ապագան կը պահանջէ, որ երկու հաստատութիւններն ալ յարգեն եւ կատարեն իրենց պարտաւորութիւնները։ Եկեղեցին պէտք է մնայ ամուր հոգեւոր տուն՝ աշխարհասփիւռ հայութեան համար: Պետությունը պէտք է մնայ ուժեղ, անկախ հայրենիք՝ գալիք սերունդներուն համար։ 

Սա է սոսկ պահպանումէ դէպի պետականութիւն անցնելու մարտահրաւէրը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2026