ԽՈՒՍԱՓԻԼ ՄՐՑԱԿՑՈՒԹԵՆԷ
Ուաշինկթըն-Փեքին առանցքին վրայ նախատեսուած գագաթնային շփումը այս օրերուն առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ միջազգային օրակարգը։ Համաշխարհային տնտեսութեան եւ ո՛չ միայն տնտեսութեան, այլ ընդհանուր ընթացքին տեսակէտէ չափազանց մեծ կարեւորութիւն ստացած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի յարաբերութիւնները։ Երկու գերտէրութիւնները արդէն ի վիճակի են միջազգային նուրբ բոլոր գործընթացները պայմանաւորելու եւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ իրենց յարաբերութիւններու մրցակցութիւնն ալ հետզհետէ աւելի կը բարդանայ։ Մօտաւոր անցեալին առեւտուրի իմաստով հրադադար մը հաստատուած էր կողմերուն միջեւ եւ այդ մէկը իր աւարտին պիտի հասնի յառաջիկայ նոյեմբերին։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկի հանդիպումը մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ։
Տանըլտ Թրամփ այսօր Սպիտակ տան մէջ կը հիւրընկալէ Շի Ծինփինկը, որ եռօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Ուաշինկթըն։ Հարկ է նշել, որ 2015 թուականէն ի վեր առաջին անգամ Չինաստանի ղեկավար մը կ՚այցելէ ԱՄՆ։
Շի Ծինփինկի օդանաւը վայրէջք կատարեց Մերիլենտի Էնտրուզ ռազմական օդակայանը, ուր Տանըլտ եւ Մելանիա Թրամփ ամոլը դիմաւորեցին Չինաստանի նախագահն ու կողակիցը։ Դիմաւորման արարողութեան ընթացքին առաջնորդներն ու անոնց կողակիցները ձեռնուեցան, քանի մը վայրկեան զրուցեցին եւ լուսանկարուեցան։
«Reuters»ի հաղորդումներով՝ սա վերջին տասնմէկ տարուայ ընթացքին առաջին դէպքն է, երբ ԱՄՆ-ի նախագահը օտարերկրեայ առաջնորդ մը կը դիմաւորէ ուղղակի օդակայանին մէջ։ Նախորդ նման ընդունելութիւնը տեղի ունեցած էր 2015 թուականին՝ Հռոմի Ֆրանսիսկոս Պապի այցելութեան ժամանակ, նախագահ Պարաք Օպամայի պաշտօնավարութեան տարիներուն։
Դէպի ԱՄՆ պաշտօնական այցելութեան կապակցութեամբ Շի Ծինփինկ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ՝ վստահութիւն յայտնելով, որ Ուաշինկթըն եւ Փեքին կրնան նոր դարաշրջանի մէջ գտնել իրարու հետ յարաբերութիւններու ճիշդ ձեւը։ «Այս տարին վճռորոշ է Չինաստանի եւ ԱՄՆ-ի զարգացման համար», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ երկու երկիրները պէտք է ըլլան գործընկերներ եւ ո՛չ թէ մրցակից։
Այս պաշտօնական այցելութեան շրջանակներէն ներս նախատեսուած են զանազան հանդիսաւոր արարողութիւններ՝ ներառեալ թեքնոբանական ոլորտի յայտնի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ պետական ընթրիք մը, յատուկ ռազմական արարողութիւն Սպիտակ տան մէջ եւ այցելութիւն ԱՄՆ-ի Ազգային արխիւ, ուր կը պահուին երկրի Անկախութեան հռչակագրի եւ Սահմանադրութեան բնօրինակները։
Տանըլտ Թրամփի եւ Շի Ծինփինկի համատեղ մամլոյ ասուլիս մը չէ նախատեսուած։ Կ՚ակնկալուի, որ երկու երկիրները առանձին յայտարարութիւններով հանդէս գան՝ ընդգծելով այն պատգամները, որոնք կը փափաքին փոխանցել իրենց ներքին լսարաններուն։