ԳԱԳԱԹԻ ՎՐԱՅ ԶՐՈՅՑ

Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ կը շարունակուին բարձր մակարդակի շփումները։ Երէկ, Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 81-րդ նստաշրջանի բացման փուլի շրջանակներէն ներս, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ունեցան հանդիպում մը։ Զրուցակիցները անդրադարձան երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ այս ծիրէն ներս ցարդ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման։ Նախագահն ու վարչապետը ընդգծեցին բնականոնացման գործընթացը յառաջ մղելու կարեւորութիւնը եւ յարաբերութիւններուն նոր ազդակ հաղորդելու պատրաստակամութիւնը։ Այս առումով կողմերը անհրաժեշտ համարեցին առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու խթանման, գործարար շրջանակներու միջեւ կապերու ձեւաւորման, ինչպէս նաեւ Անիի պատմական կամուրջի համատեղ վերականգնման միտուած աշխատանքներու հետեւողական իրականացումը։

Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Նիկոլ Փաշինեան կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ։ Անոնք շեշտեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման փաստը՝ վստահութիւն յայտնելով, թէ սա էական ազդեցութիւն կ՚ունենայ տարածաշրջանային համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ ընդգծուեցաւ TRIPP նախագծի իրականացման եւ տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման անհրաժեշտութիւնը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ նախագահ Էրտողան զրոյցի ընթացքին նշեց, որ Թուրքիա կ՚ողջունէ այն փոխադարձ քայլերը, որոնք կ՚առնուին Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացէն ներս։ Բաց աստի, ան նշեց, որ միջազգային կազմակերպութիւններէ ներս զարգացող համագործակցութիւնը կը նպաստէ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։ Էրտողան Փաշինեանը Թուրքիա հրաւիրեց՝ մասնակցելու համար COP31 գագաթաժողովին։ 

Նիւ Եորքի Թրքական տան մէջ կազմակերպուած տեսակցութեան մասնակցեցան նաեւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները՝ Հաքան Ֆիտան եւ Արարատ Միրզոյեան:

Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ կ՚ունենայ երկկողմանի կամ բազմակողմանի զանազան շփումներ։ Այս ամբողջին մէջ ան հանդիպումներ ունեցաւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի հետ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2026