ԼԱՒՐՈՎ-ԱՐԱՂՉԻ ԶՐՈՅՑ

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի երէկ ունեցան հանդիպում մը, որու ընթացքին քննարկեցին Պարսից ծոցէ ներս առկայ լարուածութիւնը։ Անոնք անդրադարձան նաեւ այն վտանգներուն, որոնք կը սպառնան Իրան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հեռանկարին։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Խրղըզիսեանի Չոլփան-Աթա քաղաքին մէջ, ուր անոնք մասնակցեցան Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի ժողովին։

Սերկէյ Լաւրով եւ Ապպաս Արաղչի շօշափեցին երկկողմանի օրակարգի շարք մը հրատապ հարցեր։ Բաց աստի, ռուսական կողմը շեշտեց ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու վերաբերեալ արագ եւ կայուն համաձայնութիւններու հասնելու կարեւորութիւնը՝ տարածաշրջանէն ներս կայունութեան, անվտանգութեան եւ անարգել նաւագնացութեան վերականգնման նպատակով։

Միւս կողմէ, Լաւրով հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վանի Իի հետ։

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2026