TRIPP-Ը ՄԻՇՏ ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ TRIPP նախագծի իրագործումը իր կառավարութեան յառաջիկայ ընելիքներու շարքին է եւ կը բխի «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծէն: 

Երէկ, Նիրկոլ Փաշինեան Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս ներկայացուց կառավարութեան 2026-2031 ծրագիրը: «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս առթիւ վարչապետը ըսաւ. 

«Կառավարութեան յառաջիկայ ընելիքներէն մէկը գետնի վրայ TRIPP նախագծի իրագործումն է, ինչ որ կը բխի «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծէն: Սա 8 օգոստոս 2025 թուականին Ուաշինկթընի մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովի կարեւոր գործնական արդիւնքներէն մին է: TRIPP նախագիծը պիտի իրագործուի Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն ներս եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան սկզբունքներու հիման վրայ եւ վերջ պիտի դնէ Հայաստանի շրջափակման»: 

Փաշինեանի խօսքով՝ Հայաստանի շրջափակումը հիմա արդէն իսկ մասամբ յաղթահարուած է, որովհետեւ 2025 թուականի նոյեմբերէն ի վեր Ատրպէյճանի երկաթուղին Վրաստանի տարածքով բաց է դէպի Հայաստան ներածումներու եւ Հայաստանէն արտածումներու համար: Բաց աստի, Ախալքալք-Կարս երկաթուղին այս տարուայ մայիսին բացուած է դէպի Հայաստան ներածումներու եւ Հայաստանէն արտածումներու համար: 

«Այժմ նաեւ Թուրքիոյ ճանապարհները Վրաստանի տարածքներով կը բացուին Հայաստանի ինքնաշարժներուն համար: TRIPP նախագիծը, սակայն, ո՛չ միայն Հայաստան-Ատրպէյճան ուղիղ երկաթուղիին կապը պիտի բանայ՝ ներառեալ Հայաստանի տարածքով Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի միջեւ կապը, նաեւ Հայաստանի հիւսիսային շրջաններու երկաթուղային կապը պիտի բանայ Սիւնիքի մարզին հետ՝ Նախիջեւանի տարածքով եւ Հայաստան այսպիսով պիտի համարկուի միջազգային երկաթուղային ցանցին», դիտել տուաւ վարչապետը: 

Խորհրդարանի ամպիոնէն Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ նախագծի իրագործումը պիտի բանայ նաեւ երկաթուղային կապը Պարսից ծովի եւ Սեւ ծովու միջեւ: Իրանի, Նախիջեւանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի տարածքով պիտի սկսի գործել երկաթուղին, ինչ որ դարակազմիկ փոփոխութեան մը համազօր պիտի ըլլայ թէ՛ Իրանի, թէ՛ Ատրպէյճանի, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Վրաստանի համար: Փաշինեանի դիտարկմամբ՝ Հայաստան այսպիսով երկաթուղային կապ պիտի ստանայ Իրանի հետ:

«Ուշադրութիւն կը հրաւիրեմ այն փաստին վրայ, թէ Պարսից ծոց-Սեւ ծով երկաթուղին TRIPP-ի հետ ուղիղ կապ չունի, այսինքն՝ այդ նախագծին մաս չէ, անոր վերաբացումը պիտի դառնայ տարածաշրջանային ապաշրջափակման կարեւոր յարակից արդիւնքներէն մին։ Ինչ կը վերաբերի բուն TRIPP-ի երկաթուղային ենթակառուցուածքներուն, ապա ակնյայտ է, որ անոնք պիտի անցնին Նռնաձոր-Ագարակ երթուղիով, Հայաստանի հարաւային սահմանի երկայնքով, Արաքսի ափով խորհրդային ժամանակներուն գոյութիւն ունեցած մեր բոլորին յայտնի երկաթուղիի ծրագրով։ Այդ երկաթուղին Ատրպէյճանի տարածքով Հայաստանը պիտի կապէ Ռուսաստանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հետ եւ հասկանալի է, որ այդպիսով ահռելի բեռնափոխադրումներ պիտի իրականացուին՝ յատկապէս Արեւելքէն դէպի Արեւմուտք։ Այդ բեռները անխուսափելիօրէն պիտի անցնին TRIPP-ով՝ Նռնաձոր-Ագարակ երկաթուղիով։ Հասկանալի է, որ Ագարակէն բեռները պիտի մտնեն Նախիջեւան եւ այստեղ է, որ մեզի համար կը ծագի իրադրութիւն մը, որու կառավարումը էական նշանակութիւն ունի Հայաստանի համար։ Այդ իրադրութիւնը հետեւեալն է. Խորհրդային ժամանակներուն Նախիջեւանէն երկաթուղին Արարատի մարզի Երասխ բնակավայրով մտած է Հայաստան եւ կը շարունակէ մինչեւ Շիրակի մարզի Ախուրիկ բնակավայրը, ապա եւ մտած է Թուրքիա ու մենք հիմա կը տեսնենք, որ միջազգային ներդրողները ոգեւորուած են TRIPP նախագծով եւ ներդրումներ ընելու մեծ ախորժակ ունենալով՝ Երասխ-Ախուրիկ երկաթուղային հատուածը շրջանցելու ուղիներ կը փնտռեն: Կը փնտռեն ձեւ մը, որ բեռները Նռնաձոր-Ագարակ երկաթուղիով Նախիջեւան մտցնելէ յետոյ դէպի Արեւմուտք ընթացքը շարունակեն ո՛չ թէ Հայաստանի երկաթուղիով, այլ շրջանցեն Հայաստանի երկաթուղին։ Սա մեզի համար մեծ խնդիր է այսօր, որովհետեւ նման բեմադրութեան պարագային Հայաստան մեծ եկամուտներ, ներդրումներ, հաւանական աշխատատեղիներ, զարգացման հնարաւորութիւններ կը կորսնցնէ», ըսաւ վարչապետը։ 

Խորհրդարանի ամպիոնէն Նիկոլ Փաշինեան հնչեցուց հետեւեալ այն բնորոշումը, թէ ներդրողները, բեռնափոխադրողները, ապրանքներ, վաճառողներն ու ձեռք բերողները կ՚ուզեն խուսափիլ Երասխ-Ախուրիկ երկաթուղիէն, որովհետեւ երկաթուղիի այդ հատուածը թէեւ Հայաստանի լիարժէք սեփականութիւնն է, սակայն, կը գտնուի Ռուսաստանի երկաթուղիի ընկերութեան կառավարման ներքեւ։ Իսկ Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի բարդ յարաբերութիւնները, Ռուսաստանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները, միջազգային ներդրողները, բեռնափոխադրողները եւ առեւտուրի մասնագէտները կը ստիպեն խուսափիլ, այդ բանը ռիսք համարելով։ Ռիսքէ խուսափելու համար՝ ուղղակի կամ անուղղակի պատճառամիջոցային սահմանափակումներուն կամ նման ռիսք ունեցող ենթակառուցուածքի հետ ու չաշխատիլ։ 

Ի լրումն այս բոլորին, վարչապետը աւելցուց. «Անոնք կը համարեն, որ աշխատելով նման ենթակառուցուածքներու հետ՝ ռիսքի կը դիմեն՝ մանաւանդ եթէ հաշուի առնենք, որ TRIPP-ով բեռնափոխադրումներու ամենախոշոր յաճախորդները պիտի ըլլան այն երկիրները, որոնք պատժամիջոցներ կիրառած են Ռուսաստանի դէմ»։ 

Կառավարութեան ծրագիրը ներկայացնելու ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ Հայաստան կ՚որդեգրէ ուժանիւթի անկախութիւն ունենալու ռազմավարութիւն։ Իր խօսքով՝ այս հանգամանքը վերջերս դարձած է բաւական իրատես՝ պայմանաւորուած վերականգնուող՝ մասնաւորապէս արեւային ուժանիւթի զարգացման հանգամանքով։ 

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը արեւային հսկայական պաշար ունի եւ մենք այս պաշարը զարգացուցած ենք։ 2018 թուականի 16 մեկաուաթի փոխարէն այսօր ունինք 1213 մեկաուաթ արեւային ելեկտրակայաններ եւ հիմա այս գործընթացի ապագայ զարգացումը ապահովելու համար պիտի սկսինք ելեկտրական ուժանիւթի կուտակիչներու հիմնադրումը զարգացնել Հայաստանի մէջ, որպէսզի անոնք հաւաքելով ցերեկը արտադրուած արեւային ուժանիւթը, գիշերը մատակարարեն մեզի անհրաժեշտ ելեկտրական հոսանք», ըսաւ ան: 

Վարչապետը բացատրեց, որ կը ծրագրուի մինչեւ 2031 թուականը առնուազն 800 մեկաուաթ կուտակիչ կայան ունենալ, ինչ որ շուրջ երկու անգամ կը գերազանցէ գործող աթոմակայանի դրուածքային հզօրութիւնը։ «Յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին մենք պէտք է վերջնականապէս կողմնորոշուինք, թէ որո՞ւ հետ եւ ի՞նչ աթոմային կայան պիտի կառուցենք, որովհետեւ 2036 թուականին գործող աթոմակայանի պաշարը պիտի սպառուի եւ, ի դէպ, աթոմակայանի փակումը որպէս գործնական պարտաւորութիւն Հայաստանը ստանձնած է յեղափոխութենէն առաջ», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ զարգացող թեքնոբանութիւնները հնարաւոր է թոյլ տան, որ 2036 թուականէն յետոյ եւս անգամ մը երկարաձգուի հայկական աթոմակայանի շահագործման ժամկէտը։

«Մենք բանակցութիւն կը վարենք հաւանական գործընկերներու հետ։ Նման որոշում մը, ի հարկէ, կ՚առնուի միայն միջազգային իրաւասու կառոյցներու հետ գործակցութեամբ եւ կառոյցներու հետ համագործակցութեամբ», եզրափակեց Փաշինեան։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2026