ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ԻՆՆԱՄԵԱՅ ՀԱՅ ՊԱՏԱՆԻ ՄԸ ՅԱՐՁԱԿՄԱՆ ԵՆԹԱԿԱՅ

Ցաւով կը տեղեկանանք, որ Երուսաղէմի մէջ յարձակման ենթարկուած է իննամեայ հայ պատանի մը։ Դժբախտաբար այս ցաւալի դէպքին վերաբերեալ հարցաքննութիւնը փակուած է՝ առանց որեւէ ձերբակալութեան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երուսաղէմէ ներս, Եոմ-Քիփուրի տօնակատարութեան ժամանակ պղպեղային սփրէյ ցօղած են իննամեայ հայ պատանիի մը դէմ։ Ըստ հաղորդուած մանրամասնութիւններուն՝ Ուիլիըմ անունով տղայ մը հեծանիւ կը վարէր Երուսղէմի Մամիլա թաղամասին մօտ՝ ականջակալներով երաժշտութիւն լսելով։ Լրագրողի մը փոխանցմամբ՝ խումբ մը երիտասարդներ սպառնալիքներով մօտեցան այդ պատանիին եւ պահանջեցին հանել ականջակալները եւ այդ բանէն յետոյ իր վրայ պղպեղային սփրէյ ցօղեցին։

Այս ցաւալի եւ վրդովեցուցիչ դէպքէն վերջ հայ պատանին շտապօգնութեան ինքնաշարժով փոխադրուեցաւ հիւանդանոց։ Անոնք, որոնք այս յարձակումը կատարած են, կը համարուին հրեայ ծայրայեղականներ։ Լրագրողներու տեղեկութիւններով՝ սա խնդրոյ առարկայ պատանիին դէմ երկրորդ յարձակումն է։ Առաջին դէպքին ժամանակ Ուիլիըմի հետ եղած է հայրը եւ պաշտպանած է զինքը, իսկ այս անգամ ան եղած է մինակ։ Ուիլիըմի մայրը դէպքի ականատես լրագրողի մը պատմած է, որ յարձակումէն յետոյ որդին դժբախտաբար կը վախնայ արտաքնապէս հրեայ կրօնաւորներու նմանող անձերէն։

Նոյն լրագրողը ընդգծած է, որ դէպքը արձանագրուած է անվտանգութեան տեսախցիկներով, սակայն, ոստիկանութիւնը հարցը փակած է՝ առանց ոեւէ մէկը ձերբակալելու։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2026