ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ՝ ՄԱՍԻՍԱԲԱՂՁ ԵՐԱԶ
27 ապրիլը խորհրդահայ գրականութեան մէջ, Համօ Սահեանի ծննդեան օրէն երկու շաբաթ ետք, նշանաւորուած է ծննդեան տարեդարձով Յովհաննէս Շիրազի (Օննիկ Կարապետեան՝ աւազանի անունով, Ալեքսանտրապոլ, այժմ՝ Կիւմրի, 27 ապրիլ 1914 - Երեւան, 14 մարտ 1984), որ աշխարհ եկաւ կիւմրեցի Թադէոս հօր եւ կարսեցի Աստղիկ մօր ընտանեկան յարկին տակ (ըստ այլ հաստատումներու, Շիրազ ծնած է 1915-ի 27 ապրիլին), գարնան խինդով ու յոյսերով շաղոտ-շողոտ օր մը, երբ արեւմտեան կողմն հայաշխարհի՝ Պոլսոյ մէջ մանաւանդ, Թէքէեաններու, Վարուժաններու, Սիամանթոներու, Սեւակներու, Օտեաններու, Զարդարեաններու, այսինքն՝ Գեղապաշտ սերունդի հոյլը իր ստեղծագործութիւններով կ՚ապրէր օրեր կենսայորդ աճումի, որոնց գրական գոյներուն եւ բոյրերուն հանդէսը իրենց ջերմութեան տարածուն բարիքովը կ՚ողողէին մինչեւ Թիֆլիզի հայոց գրական հրապարակը…:
«Գարնանամուտ»ով (1935 թ.) Յովհաննէս Շիրազ իջաւ գրական հրապարակ՝ համոզուած իր երկնատուր տաղանդի հզօր ձայներուն, ցոյց տալով դասական քերթողական արուեստի ինքնատիպ այն երանգն ու երազը, որոնք յորդեցուցին մասիսերգութեան ու մայրերգութեան արիւնատար երակները մատեան առ մատեան, շուրջ կէս դար:
Սակայն, Շիրազի գրական անդրանիկ բոմբիւնները դիմաւորուեցան ստալինեան անհատապաշտութեան բռնաճնշումներու չարիքէն, քաղաքական-ընկերային այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, երբ մանաւանդ Չարենցով, Եսայեանով, Թոթովենցով, Բակունցով, Մահարիով ու Ալազանով պարագրկուած սովետահայ գրականութեան այդ կարկառուն դէմքերը կ՚ապրէին վերելքի աննախընթաց ե՛ւ նախանձելի ժամանակներ, մինչեւ 30-ականներու կէսերը, երբ յանկարծ գուժկան Բերիաներու արիւնոտ թաթը 1936-ի յուլիսին պիտի գար մանգաղով հնձել այն ատենուան Կոմկուսի Ա. քարտուղար Աղասի Խանճեանի երիտասարդ կեանքը՝ տակնուվրայ ընելով ամէն ինչ, հեռ ու սարսափ սփռելով սովետահայ կեանքէն ներս…:
Արդարեւ, Վահրամ Ալազանի յառաջաբանով ամրագրուած Յովհաննէս Շիրազի վերոյիշեալ երախայրի՛քն իսկ ինքնատիպ քերթողի աւետումը կ՚ընէր այն զգացումներուն ու մտածումներուն, որոնք հաղորդական համամարդկայութեամբ մը լեցուցին աւազանը քերթողին հոգիին, որ մղկտաց անողոք սպանութիւններով ստալինեան գեհենային տարիերուն…:
Աւելի ուշ, հայրենական պատերազմի տարիներուն, Շիրազ պիտի գրէր երգը Մասիսին, յուսադրելով իր ժողովուրդը դէպի պայծառ Առաւօտը վաղուան.-
Գիտեմ՝ աշխարհ չեն գերում
Երգերն առանց արիւնի.-
Արիւնով եմ ես գրում,
Որ էլ արիւն չլինի:
Այն բացառիկ տաղանդը, որ «Գարնանամուտ»ի երկնումէն յետոյ ծնունդ տուաւ «Սիամանթօ եւ Խջեզարէ», «Երգ Հայաստանի», «Արեւի երկիր», «Երգերի գիրք», «Լիրիկա», «Իմ ընկեր Լորիկը», «Բիբլիական», «Յուշարձան մայրիկիս», «Քնար Հայաստանի», «Առակս զի՞նչ ցուցանէ», «Հայոց Տանթէականը», «Եօթնապատում» եւ այլ բազմաթիւ երկերու, ապրեցաւ աննախընթաց յաջողութիւններ՝ ովկիան մը համակրանքը շահելով հայրենաբնակ ե՛ւ սփիւռքահայ ընթերցողներու, երբ Մասիսերգութիւնը բանաստեղծին բազմաթիւ քերթուածներուն մէջ դարձաւ Մասիսաբաղձ երազ, Շիրազը դարձնելով խորհրդանիշ Սիսի ու Մասիսի.-
Բոլոր ազգերը թող հասնին լուսին,
Միայն թէ ՀԱՅԸ հասնի՛ Մասիսին…:
Եւ աւելին՝
Մինչ ահաշուք ճչում էին, թէ՝ ձեռ քաշենք Մասիսից,
Մինչ կ՚ուզէին ինձ էլ պոկել Աստուածաշէնք Մասիսից՝
Ես իմ որդոց անունները Սիս ու Մասիս կնքեցի,
Որ յաւիտեան ելնենք Մասիս՝ ձեռ չքաշենք Մասիսից:
Եւ Մասիսը՝ հայոց լեզուին համազօր՝
Քեզ Մասիսն եմ կտակում, որ դու պահես յաւիտեան,
Որպէս լեզուն մեր հայոց, որպէս սիւնը քո հօր տան:
Իսկ ի՞նչ են մանուկի յիշողութեամբ ապրումները Յովհաննէս Շիրազի, որ հազիւ հինգ-վեց տարեկան՝ կը կորսնցնէ իր հայրը՝ յանձնուելով գորովալիր խնամքին իր պաշտելի մօր, որուն բերնէն յաճախ կը լսէր՝
Արհեստ սորվիր, մի լինիր նազուկ,
Արհեստն է մարդուն ոսկէ բիլազուկ…
Բայց Շիրազի մայրը «իր որդու օրոցքէն» ինչպէ՞ս չէր լսած ապագայ պոէտի լացն յանգաւոր, որ սպիտակափառ Մասիսերգութի՛ւնն իսկ էր, հպարտանքն ու միեւնոյն ատեն լացը իր երկնաբարձ Մեծ սուգին.-
Ա՜խ, ի՞նչ իմանար մայրս այն օրին,
Եւ ի՞նչ գիտենար իմ միտքը մանուկ,
Որ դեռ օրոցքում՝ իմ սրտի թեւին՝
Աստուած կապել էր ոսկէ բիլազուկ:
Այս աշխարհահայեացքով բացուեցան Շիրազի սրտի ապրշումէ թելերը դէպի գարուն եւ տուաւ իր քնարաշունչ հոգիէն անդրանիկ բխումներն ու սարսուռները երգեցիկ գարնանամուտի՝ խմբերգովը թովիչ բնութեան.-
Մանուշակներ ոտքերիս ու շուշաններ ձեռքերիս,
Ու վարդերը այտերիս, ու գարունը կրծքիս տակ,
Ու երկինքը հոգուս մէջ, ու արեւը աչքերիս,
Ու աղբիւրները լեզուիս՝ սարից իջայ ես քաղաք…:
Բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազի քերթուածները առաջին շունչով մեզ կը համոզեն, որ անոնք զինուորագրեալներն են Աստուածատուր ուժի մը, որ կու գայ Ս. Մեսրոպի ակունքներէն եւ Կարմիր Վարդանի Աւարայրի դաշտէն: Այդ ուժը ունի չհանգող սէր հանդէպ Հայաստանի՝ առանց բռնաւոր ցոյցի, մղիչ ուժ ալ տալով սփիւռք դարձած աշխարհացրիւ հայութեան, որուն սեւեռակէտը մնացին Արարատն ու Անին, մինչ ուղեմոլոր «Նոյի ագռաւներին»՝ հայրենի տուն կանչելու պատգամ, դէպի քաղաքամայր Երեւան ու Սեւան, ներկայ Հայաստանի երկնքի տակ: Իսկ Ուիլիըմ Սարոյեանն էր, որ գրեց ու ըսաւ. «Շիրազը մեծ հանճար է. մենք պէտք է հպարտ լինենք, որ պատիւ ունենք անձամբ նրան ճանաչելու»: Իսկ Պարոյր Սեւակ իրաւացիօրէն հաստատած է. «Ժամանակակից հայ պոէզիան արթնացաւ Շիրազ սարի վրայ»:
Ահաւասի՛կ Շիրազը՝ ա՛յնքան խոր ու իրա՛ւ, բոլո՛ր ժամանակներուն.-
Ի՛նչ էլ ասէք՝ Մասիս կ՚ասեմ, անխորտակ եմ այս կռւում,
Իր ձիւնի պէս բարձր ու սուրբ, բայց մենակ եմ այս կռւում,
Իմաստուն եմ բիւրոց համար, մէկոց համար եմ խելառ,
Բայց բիւրերս լռում են դեռ, անյենակ եմ այս կռւում:
Մի աչքս լաց, մէկս՝ ծիծաղ, այսպէս դուրս երեւաց,
Ո՜ւր գնացի՝ մի հայով էլ հայ աշխարհս երեւաց.
Բազմաթափառ պանդուխտի պէս անցայ ճամբով լոկ սրտիս,
Գերեզմանի մութի մէջ էլ Մասիս սարըս երեւաց:
Այս բոլորէն ետք, ո՞վ կրնայ ըլլալ հայոց վաւերակա՛ն «Վշտի աստուածը», եթէ ոչ՝ Յովհաննէս Շիրազը.-
Իմ հին վիշտը՝ լալու աչքեր՝ ոչ Ալիսը կը լինի,
Ոչ Եփրատը վշտիս վկայ, ոչ Տիգրիսը կը լինի,
Հայ գանկերի մի Սիս դառան կոտորածներն իմ հայոց,
Հայոց վշտիս կշռաքարը լոկ Մասիսը կը լինի…
Եթէ Շիրազի սրտին մէկ նժարը Մասիսերգութեա՛մբ է ակաղձուն, միւսը՝ մայրերգութեա՛մբ է յորդուն, անփոխարինելի, կաթոգին անհո՜ւն սէրովը մօր, որուն նուիրուած «Յուշարձան մայրիկիս» տաղարանը, հաւասարը չունեցող սիրայեղց երգերը, կրնան հաւասարիլ մի՛այն Մայր Հայաստանին.-
Մտքի օրոցքից երբ աշխարհ մտայ՝
Աշխարհում՝ աշխարհ մօր սէրը գտայ…
Յօնքերս լծակն է իմ նժարի,
Աչքերս նրա զոյգ թասերն արի,
Եւ կշռեցի մօրս սէրը սուրբ,
Որ ինչքան մեծ էր, այնքան խորն ու նուրբ.
Հիմալայն իբրեւ կշռաքար դրի՝
Վեր թռաւ լեռը հետն իր նժարի.
Ծովերը դրի՝ վեր ելան կրկին,
Վար քաշեց մօրս սէրը սրբագին.
Աստղաբոյլերը՝ դրի կշռաքար,-
Նորից մայրիկիս սէրը քաշեց վար…
………………………………………………….
Բայց երբ անսահման իմ հայրենիքից
Մի բուռ հող դրի՝
Եկաւ համբուրեց նժար նժարի…
Շիրազի անհամար սիրային եւ հայրենասիրական, խոհափիլիսոփայական գողտր բանաստեղծութիւններէն ո՞ր մէկը յիշել, ո՞ր մէկը չմոռնալ…: «Սէրս գաղտնի թող մնայ», «Ախ, նազելիս», «Իմ բալիկ», «Գինու երգ», «Առաջ Մասիս սարը մերն էր», «Ղարաբաղի ողբը», «Հայոց լեզուն», «Արարատին», «Մի ծաղիկ չի տայ օտար հողը քեզ», «Հրաշք», «Մարգարիտն ու փրփուրը» եւ բազմաթիւ այլ քերթուածներ, որոնք երգի վերածուած անուանի երաժիշտներու յօրինմամբ՝ ցայսօր կը դասուին հայրենի տաղանդաւոր երգիչներու երգացանկի առաջիններէն:
Շիրազի հանճարավառ տաղանդը ո՛չ միայն հիացքին են արժանացած Շիրվանզադէի, Չօպանեանի, Իսահակեանի, Օշականի, նման հայ մեծանուն գրողներու, այլեւ ֆրանսացի, ռուս, արաբ, վրացի եւ այլազգի անուանի շատ գրողներու: Կու տամ միայն ֆրանսացի անուանի գրող, իրաւաբան եւ լրագրող Փիեռ Փարաֆի (1893-1989) տպաւորութիւնն ու դատումը՝ Շիրազի «Բիբլիական» պոէմի հրատարակութեան առիթով գրուած. «Յովհաննէս Շիրազի «Բիբլիական» պոէմին մէջ կը վերածնի, կը շքեղանայ Հայ ժողովուրդի հանճարը՝ իր ամբողջական տիեզերական զօրութեամբ, իր հոգեկան լուսաւորութեամբ…»:
Յիրաւի, յաւե՛րժ է Յովհաննէս Շիրազը իր հանճարով եւ ստեղծագործութիւններու ծանրակշիռ եւ որակաւոր արգասիքով:
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
Պէյրութ